ՀՈԳԵՒՈՐ ՀԱՅՐԵՐՈՒ ԱՂՕԹՔՈՎ ԲԱՑՈՒՄԸ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ Հ.Օ.Մ.-Ի «ՌՈՒԲԻՆԱ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ԿԱՂԱՆԴԻ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌ-ՊԱԶԱՐԻՆ

7 Նոյեմբեր 2026-ի առաւօտուն, Հոգեւոր հայրերու աղօթքով եւ մեծ շուքով բացումը կատարուեցաւ Հ.Օ.Մ.-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղի աւանդական Կաղանդի տօնավաճառ-պազարին՝ կնքամայրութեամբ Սօսի Շահինեան Պատիկեանի։ 

Ամիսներու սիրայօժար եւ մեղուաջան աշխատանքի արդիւնքով Հ.Օ.Մ.-ի ընկերուհիները պատրաստած էին համեղ ճաշատեսակներ եւ անուշեղէններ։ Տօնավաճառին կը մասնակցէին նաեւ 24 վաճառականներ, որոնք կը ներկայացնէին հայկական ձեռարուեստի գեղեցիկ նմոյշներ եւ զանազան արտադրանքներ։ Այցելուները առիթ ունեցան նաեւ մասնակցելու շուրջ 45 արժէքաւոր նուէրներու վիճակահանութեան:

Այս ազգանուէր ձեռնարկին հասոյթէն 65 000 տոլար պիտի յատկացուի Հ.Օ.Մ.-ի ամէնօրեայ վարժարանին, ինչպէս նաեւ Հայրենիքի եւ սփիւռքի տարածքին  Հ.Օ.Մ.-ի ազգանուէր այլազան ծրագիրներու։

Մեր ջերմ գնահատանքն ու շնորհակալութիւնը՝ բոլոր կազմակերպիչներուն, կամաւորներուն, մասնակիցներուն եւ նուիրատուներուն՝ իրենց նուիրումին ու ազգօգուտ աշխատանքին համար։

Հայր Գարեգին այս առիթով արտասանեց նաեւ սրտի խօսք մը, շնորհաւորելով Հ.Օ.Մ.-ը աւանդութիւն դարձած այս ձեռնարկի կազմակերպման մէջ եւ յաջողութիւն մաղթելով բոլորին: