Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ Նորոգութեան Աշխատանքներուն Նուիրուած «Հանգանակութեան Ընդունելութեան Երեկոյթ»

Ուրբաթ, 17 Ապրիլ 2026-ի երեկոյեան ժամը 7։30-ին, Հայ Կեդրոնի սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ նորոգութեան աշխատանքներուն նուիրուած «Ընդունելութեան երեկոյթ» մը, նախագահութեամբ Թեմի Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Բաբգէն Ս. Արք. Չարեանի։

Երեկոն համախմբեց համայնքի զաւակները, բարերարներն ու բարեկամները՝ ի նպաստ եկեղեցւոյ նորոգութեան կարեւոր նախաձեռնութեան, որ ոչ միայն նիւթական աջակցութեան, այլեւ՝ հաւաքական նուիրումի, եկեղեցասիրութեան եւ ազգային-հոգեւոր պատասխանատուութեան արտայայտութեան առիթ մըն էր։

Երեկոյթին գեղարուեստական յայտագիրին ընթացքին ելոյթ ունեցան տաղանդաւոր անձեր՝ Մարիա Տաուտեան (դաշնամուր), Նշան Փափազեան (ջութակ), Գրիգոր Մանուկեան (աւագասրինգ) եւ Արմէն Պետրոսեան (Սաքսոֆոն), որոնք իրենց կատարումներով տարբեր երանգ մը բերին հաւաքին։

Օրուան բեմավարը Սարգիս Սրկ. Կիտանեանն էր, որ առաջնորդեց երեկոյի ընթացքը։ Երեկոյթին ընթացքին խօսքեր արտասանեցին Արժ. Տ. Տաթեւ Աւագ Քհնյ. Միքայէլեան, որ իր խօսքին մէջ ընդգծեց եկեղեցւոյ վերանորոգութեան սրբազան նշանակութիւնը եւ հաւաքական մասնակցութեան կարեւորութիւնը։ Ապա,  խօսք առաւ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ՝ Բրշ. Կարօ Սրկ. Սարգիսեան, որ ներկայացուց նորոգութեան անցնող եւ գալիք շինարարական ծրագիրները լուսաբանելով ծրագիրներուն զանազան հանգրուաններն ու հեռանկարները։

Երեկոյթի ընթացքին նաեւ ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, որ կը ներկայացնէր եկեղեցւոյ պատմականը, անոր անցեալն ու մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ ունեցած կարեւոր առաքելութիւնը։

Ապա, ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէութեան անունով սրտի խօսք փոխանցեց՝ Յովիկ Գույումճեան։

Հուսկ, խօսք առաւ եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչ՝ Գերպ. Տ. Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան, որ դիտել տուաւ թէ եկեղեցաշինութեան մասնակցիլը պարզ նիւթական աջակցութիւն չէ միայն, այլ՝ հոգեւոր պատիւ եւ հաւատքի կենդանի վկայութեան արտայայտութիւն Պօղոս առաքեալին խօսքին համաձայն։ Երեկոն փակուեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր՝ Գերշ. Տ. Բաբգէն Ս. Արք. Չարեանի պատգամով, որ իր գնահատանքը յայտնեց բոլոր կազմակերպիչներուն, նուիրատուներուն եւ մասնակիցներուն։

Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին կը շարունակէ մնալ այն սրբավայրը, ուր մեր ժողովուրդը ոչ միայն կ՛աղօթէ, այլ նաեւ կը միանայ՝ ծառայելու, կառուցելու եւ յաւերժացնելու իր հաւատքի ու ժառանգութեան սուրբ արժէքները։

Շնորհակալութիւն բոլոր անոնց, որոնք իրենց ներկայութեամբ եւ աջակցութեամբ մասնակից դարձան։ Թող Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ նորոգութեան այս աշխատանքը դառնայ նոր օրհնութիւն եւ նոր կենսունակութիւն մեր համայնքային ու հոգեւոր կեանքին համար։