
Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ եւ Վրաց Ուղղափառ եկեղեցւոյ համատեղ կազմակերպութեամբ, Ուրբաթ, 17 Ապրիլ 2026-ին, կէսօրուան ժամը 12։30-ին, Թորոնթոյի Խորհրդարանին մէջ նշուեցաւ «Ուղղափառ Շաբաթ»ը՝ ներկայութեամբ Օնթարիոյի ուղղափառ եկեղեցիներու առաջնորդներուն, եկեղեցական ներկայացուցիչներուն եւ Օնթարիոյ նահանգի քաղաքական գործիչներուն եւ տարբեր կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն։

Համախմբումը սկսաւ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչ՝ Գերպ. Տ. Գարեգին Ծ. Վրդ.ի խօսքով, որ ըսաւ թէ Օնթարիոյի մէջ երկրորդ անգամ նշուող Ուղղափառ Շաբաթը առիթ մըն է ոչ միայն ուղղափառ եկեղեցիներու ներկայութիւնը յիշատակելու, այլ նաեւ վկայելու, որ հին բայց կենսունակ աւանդութեամբ արմատաւորուած մեր եկեղեցիները այսօր եւս իմաստալից դեր ունին հասարակութեան կեանքին մէջ։ Ան շեշտեց, որ լեզուի, մշակոյթի եւ սովորութիւններու բազմազանութեան մէջ հանդերձ, բոլոր ուղղափառները կը միանան մէկ Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի մէջ, եւ կոչուած են իրենց հաւատքը ապրելու ու զայն որպէս լոյս աշխարհին ընծայելու։

Ապա, իր խօսքը փոխանցեց Վրաց եկեղեցւոյ հովիւ՝ Տէր Թովմաս Աւագ Քահանան, որ իր խօսքէն ետք հրաւիրեց խորհըրդարանի անդամներն ու տարբեր քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները՝ իրենց խօսքերը արտասանելու։
Այնուհետեւ, Գերպ. Հայր Սուրբը ներկայացուց եւ հրաւիրեց ներկայ առաջնորդները, որպէսզի իրենց օրհնութեան խօսքը փոխանցեն ներկաներուն։ Ներկայ էին Հայ եկեղեցւոյ առաջնորդ՝ Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանը, Սերպական Ուղղափառ եկեղեցւոյ առաջնորդ՝ Միթրոֆան Արքեպիսկոպոսը, Եթովպական Ուղղափառ եկեղեցւոյ առաջնորդ՝ Տիմեթրոս Արքեպիսկոպոսը, ինչպէս նաեւ Յունական Ուղղափառ եկեղեցիէն Աթենակորաս Եպիսկոպոսը։

Բարձրաստիճան եկեղեցականներու օրհնութեան խօսքերէն ետք, մշակութային յայտագիրով հանդէս եկան ձեռնարկի երկու կազմակերպիչ եկեղեցիները՝ Հայ եւ Վրաց։ Հայ մշակոյթը տուտուկի սրտախօս հնչիւններով ներկայացուց Էտուարդ Չէրչեանը, իսկ վրաց մշակոյթը գեղեցիկ ձեւով ներկայացուց Վրաց եկեղեցւոյ պարախումբը։
Աւարտին, ներկաները վայելեցին հայկական եւ վրացական խոհանոցներու համեղ ճաշատեսակները, առիթ ունեցան զրուցելու, փոխադարձաբար ծանօթանալու եւ եղբայրական մթնոլորտի մէջ ամրապնդելու իրենց յարաբերութիւններն ու միասնականութեան ոգին։
Մրբազան Հօր կողքին, Հայ եկեղեցւոյ Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Հոգշ. Տ. Յակոբ Վրդ. Եագուպեանը, Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Տ. Տաթեւ Աւաք քհնյ. Միքայլէեանը, եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան անդամները, եկեղեցւոյ Սարկաւագներէն, Հայ Դատի ներկայացուցիչները եւ Նոր Հայ Հորիզոնի անձնակազմը։
