Ուրբաթ, 26 Յունիս 2026-ի երեկոյեան ժամը 7:-ին, Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ «Մեղրիկ Բարիքեան» Կրտսերաց Դպրաց Դասի անդամները, իրենց փորձէն ետք, խմբավարուհի Տիկ. Հիլտա Գանտահարեանի եւ Ծնողական Յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ, շնորհաւորեցին եւ պատուեցին այն աշակերտները, որոնք այս տարի աւարտեցին իրենց նախակրթարանի ուսումնական շրջանը։
Այս առիթով եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչ՝ Գերպ. Տ. Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան, յանուն եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին շնորհաւորեց զանոնք եւ մաղթեց, որ Աստուծոյ առաջնորդութեամբ յաջողութեամբ շարունակեն իրենց ուսման եւ կեանքի յաջորդ հանգրուանները։ Գերպ. Հայր Սուրբը իրենց համար պատրաստուած նուէրները փոխանցեց նշելով, թէ այդ նուէրները իրենց սիրոյն, գնահատանքին եւ ուրախութեան արտայայտութիւնն է։
Ներկայ էր նաեւ Տիկ. Սիլվանա Պապիկեանը՝ Հոգաբարձութեան կապը երգչախումբին հետ։
Անգամ մը եւս կը շնորհաւորենք բոլոր աւարտականները, մաղթելով, որ Աստուած օրհնէ իրենց քայլերը եւ առաջնորդէ զիրենք դէպի նորանոր յաջողութիւններ:
