Հ.Յ.Դ. «ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ» ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ ԱՂՕԹՔ ԿԱՏԱՐԵՑԻՆ ԻՐԵՆՑ ՃԱՄԲՈՐԴՈՒԹԵԱՆ ԸՆԴԱՌԱՋ

Ուրբաթ, 26 Յունիս 2026-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Թորոնթոյի Հ.Յ.Դ. «Քրիստափոր Միքայէլեան» Պատանեկան Միութեան խումբ մը պատանիներ, իրենց վարիչներու առաջնորդութեամբ, Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցի այցելեցին դէպի Հայաստան իրենց մեկնումէն առաջ աղօթք մը ստանալու համար։ Զանոնք ընդունեց եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչ՝ Գերպ. Տ. Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան եւ Հոգաբարձութեան անդամներէն՝ Տիկ. Սիլվանա Պապիկեան։

Հայր Սուրբը պատանիներուն խօսեցաւ աղօթքի կարեւորութեան մասին, շեշտեց անոր մշտական կիրառուման կարեւորութեան մասին կեանքի ընթացքին, եւ մաղթեց, որ այս ճամբորդութիւնը, որուն ընթացքին շատեր առաջին անգամ պիտի այցելեն Հայաստան, զօրացնէ անոնց մէջ հայրենասիրութիւնը, հայկական մշակոյթի ու աւանդութիւններու կապուածութիւնը, ինչպէս նաեւ հաւատքի ու եկեղեցւոյ հանդէպ սէրը։

Աղօթքէն ետք, Հայր Սուրբը իւրաքանչիւրին յանձնեց խաչ մը եւ ապահով երթ ու վերադարձ մաղթեց բոլորին՝ Աստուծոյ պահպանութեան եւ առաջնորդութեան ներքոյ։