Չորեքշաբթի, 24 Յունիս 2026-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Նիկոսիոյ նախագահական պալատին մէջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկեան Իշխան» շքանշանով պարգեւատրեց Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահ Նիքոս Խրիստոտուլիտիսը։

Պարգեւատրման հանդիսութեան Լիբանանէն ներկայ էին մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան, Կաթողիկոսութեանս Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի համա-ատենապետներ Ստեփան Տէր Պետրոսեան եւ Գրիգոր Մահսերեճեան, Կաթողիկոսարանի դիւանապետ Գերշ. Տ. Տաճատ Եպս. Աշըգեան եւ գաւազանակիր Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան. իսկ Կիպրոսէն՝ թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեան, կիպրահայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան, Ազգային Վարչութեան ատենապետ Յակոբ Գազանճեան, Երերսփոխանական Ժողովի ատենապետ Վահան Այնէճեան, Լիմասոլի եւ Փաֆոսի հոգեւոր հովիւ Գերպ. Տ. Յովհաննէս Ծ. Վրդ. Սաղտըճեան եւ Նիկոսիոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Մոմիկ Աւ. Քհն. Հապէշեան։
Խօսք առնելով Վեհափառ Հայրապետը՝ ըսաւ, որ պատերազմներով ու առճակատումներով լեցուն ներկայ աշխարհին մէջ ընդհանրապէս եւ Միջին Արեւելքի մէջ մասնաւորաբար, Կիպրոսի մօտեցումը միշտ եղած է հաւասարակշռուած եւ հակառակ կողմերու միջեւ կամուրջ հաստատող դերակատարութիւն։ Այս ծիրէն ներս, Նորին Սրբութիւնը յիշեց Իսրայէլի, Լիբանանի եւ Իրանի միջեւ տեղի ունեցող բախումներուն գծով Կիպրոսի ցուցաբերած խաղաղարար մօտեցումը։ Հայրապետը նաեւ անդրադարձաւ երկար դարերէ ի վեր հայ եւ կիպրացի ժողովուրդներուն ու եկեղեցիներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող գործակցութեան՝ հիմնուած հասարակաց արժէքներու եւ արդարութեան ու մարդկային իրաւանց գծով յանձառու պայքարին վրայ։ Վեհափառ Հայրապետը յատուկ կերպով յիշեց Կիպրոսի հայ համայնքին նկատմամբ նախագահին, կառավարութեան եւ ընդհանրապէս կիպրացի ժողովուրդին եղբայրական ու օգտաշատ մօտեցումը։ Իր խօսքի աւարտին, Արամ Ա. Կաթողիկոս, իբրեւ սիրոյ ու գնահատանքի արտայայտութիւն, նախագահը պարգեւատրեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկեան Իշխան» շքանշանով։
Խօսք առնելով նախագահ Խրիստոտուլիտիս՝ իր ջերմ շնորհակալութիւնը յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին՝ իրեն շնորհած այս մեծ պատիւին համար։ Ան ըսաւ, թէ նոյնիսկ իր երիտասարդական տարիներէն սկսեալ, պետութեան մէջ ստանձնած զանազան պաշտօններու ճամբով, յատուկ սէր ու հոգածութիւն ցուցաբերած է Հայաստանի ու հայ ժողովուրդին նկատմամբ։ Նախագահը յիշեց պատմական յարաբերութիւնը Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութեան եւ Կիպրոսի միջեւ։ Ան նաեւ անդրադարձաւ Լիբանանի նկատմամբ իր ունեցած յատուկ սիրոյն եւ իր կողմէ կատարուող աշխատանքներուն՝ Լիբանանէն եւ տարածաշրջանէն ներս կատարուած փոխադարձ հասկացողութիւն ու խաղաղութիւն հաստատելու ուղղութեամբ։

Հանդիսութենէն անմիջապէս ետք, Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահը ի պատիւ Վեհափառ Հայրապետին ճաշկերոյթ սարքեց նախագահական պալատին մէջ։ Ներկայ էին Հայրապետին ընկերացող պատուիրակութեան անդամները, Կիպրոսի հայ համայնքի ներկայացուցիչները, Լիբանանի ու Հայաստանի դեսպանները, ինչպէս նաեւ կիպրական պետութեան ներկայացուցիչները։
Ճաշկերոյթի ընթացքին աւելի մտերմիկ զրոյց ծաւալեցաւ նախագահին հետ՝ Միջին Արեւելքի, Լիբանանի ու Հայաստանի առնչուած հարցերու շուրջ։
Աւարտին, նախագահը Նորին Սուրբ Օծութեան խորհրդանշական յատուկ նուէր մը յանձնեց՝ անձնապէս իր եւ Կիպրոսի պետութեան անունով։
Միօրեայ այցելութեան աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը վերադարձաւ Անթիլիասի Մայրավանք։
— — —
Christodoulides decorated for supporting Armenians

Cyprus’s role as a bridge between countries was highlighted on Wednesday when Patriarch Aram I of Cilicia of the Armenian Church decorated President Nikos Christodoulides with the Prince of Cilicia medal during a meeting in Nicosia.
The medal is bestowed on individuals as a gesture of gratitude for their service to Armenians.
“We are living in a world stigmatized by many conflicts. Cyprus, due to its geographical and geopolitical position, is exposed to these realities that are taking place in the Middle East in particular,” the patriarch, based in Lebanon, said.
He added that in this time of globalization, everything is interlinked. Conflicts such as those in Ukraine, Lebanon, Syria, Iran and the Middle East in general have a widespread impact.
Aram I said, “Cyprus’s role must be one of a bridge,” and, addressing Christodoulides, he said, “You personally have this precise role, and I know you have a special relationship with Armenia and Lebanon,” a role the patriarch said he wishes to see “renewed and intensified”.
He also spoke of the Armenians living in Cyprus and expressed gratitude to the president, the government and the people of Cyprus “for everything you have done for our community”.

The meal, he added, was “an expression of our love and gratitude towards you and your government and the people of Cyprus”.
Christodoulides said he was receiving the medal with “great pride” on behalf of the government and people of the island.
“Lebanon for us is the most important country in the region. I will never forget 2016 when the tragic event happened at Beirut port, when we heard the explosion in Cyprus, and we thought an earthquake had happened in Cyprus. That is how close the two countries are,” he pointed out.
He also referred to the political ties between Cyprus and Lebanon, as well as the fact that Lebanon’s ties with the EU were discussed during Cyprus’s EU presidency.
Regarding Armenia, Christodoulides said Cyprus is its “most ardent supporter”.
“We are very proud of the Armenian community in Cyprus, which is part of the rich culture of the island, and I will always support the community,” he added.
Concluding, Christodoulides promised to “prove in practice that I truly deserve this medal”.