ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ 2025-2026 ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ-ԿՐԹԱԿԱՆ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍԸ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսին, Դպրեվանքի 2025-2026 ուսումնական-կրթական տարեշրջանի ամավերջի հանդէսը կատարուեցաւ Կիրակի, 21 Յունիս 2026-ի երեկոյեան ժամը 07:00-ին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքի համանուն մատրան մօտ՝ ներկայութեամբ Կիլիկեան Ուխտի Միաբանութեան, Դպրեվանքի ուսուցչական կազմին, տիկնանց խորհուրդին, դպրեվանեցիներու ծնողներուն եւ Դպրեվանքի բարեկամներուն։

Հայրապետական թափօրին ժամանումով՝ Դպրեվանքի քայլերգի յոտնկայս երգեցողութեամբ սկիզբ առաւ ամավերջի հանդէսին գեղարուեստական յայտագիրը։

Աւարտական դասարանին անունով ուղերձ ընթերցեց նոյն օրը առաւօտուն աբեղայական ձեռնադրութիւն եւ օծում ստացած Հոգշ. Տ. Նորայր Աբղ. Պայտունեան։

Դպրեվանեցիները ներկայացուցին գերղարուեստական յայտագիր։

Ապա, Դպրեվանքի տեսուչ Գերապատիւ Տ. Պարոյր Ծ. Վրդ. Շէրնէզեան ընթերցեց տեսչական խօսքը՝ յայտնելով, որ սոյն հանդէսով կը լրանայ Դպրեվանքի 95-րդ տարեդարձը։

Վերջապէս, տեսուչ հայր սուրբը բեմ հրաւիրեց Վեհափառ Հայրապետը, որպէսզի կատարէ վկայականաց բաշխումը եւ ուղղէ իր հայրապետական պատգամը։ Հայրապետը երեք բառերու մէջ ամփոփեց հանդիսութեան խորհուրդը՝ գոհաբանութիւն, հաշուետուութիւն եւ գնահատանք։

Դպրեվանքի 2025-2026 ուսումնական-կրթական տարեշրջանի ամավերջի հանդէսը իր աւարտին հասաւ «Կիլիկիա» օրհներգով։