ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՄԽԻԹԱՐ ՍԵԲԱՍՏԱՑԻԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 350 ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎԻՆ

Մխիթարեան Միաբանութեան Մայրավանքին՝ Վենետիկի Սուրբ Ղազար կղզիին մէջ, 19-22 Հոկտեմբեր 2026-ին տեղի ունեցաւ Մխիթար Սեբաստացի Աբբահօր ծննդեան 350 ամեակին նուիրուած միջազգային գիտաժողով մը՝ «Մխիթար Աբբահօր ծննդեան ժամանակաշրջանի եկեղեցական, քաղաքական եւ պատմական միջավայրը» խորագիրով։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ եւ Մխիթարեան Միաբանութեան հրաւէրով՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ներկայացուց Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանի տեսուչ Հոգշ. Տ. Պսակ Վրդ. Թէփիրճեան։ Նախքան իր գիտական զեկուցումը, հայր սուրբը փոխանցեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հայրապետական օրհնութիւններն ու ողջոյնները գիտաժողովի կազմակերպիչներուն եւ մասնակիցներուն, ապա հանդէս եկաւ «Եօթը խորհուրդներու համեմատական մեկնաբանութիւնը ըստ հայ եւ լատին մօտեցման (ԺԷ.-ԺԸ. դդ.)» խորագիրով գիտական ուսումնասիրութեամբ՝ անդրադառնալով երկու եկեղեցիներու աստուածաբանական ընկալումներուն եւ խորհուրդներու մեկնաբանութեան առանձնայատկութիւններուն։

Գիտաժողովին մասնակցեցան Եւրոպայէն եւ Հայաստանէն ժամանած հոգեւորականներ, հայագէտներ եւ գիտնականներ։ Իրենց գիտական զեկուցումներով հանդէս եկան նաեւ Հ. Սերոբ Վրդ. Չամուրլեան, Հ. Գէորգ Սարգիսեան, Տ. Արարատ Քհն. Պօղոսեան, Քրիստիան Վինդլեր, Չէզարէ Սանթուս, Միքայէլ Մալխասեան, Ռուբէն Մելիքեան, Փաոլօ Լուքքայ, Արման Մալոյեան, Լիլիթ Յարութիւնեան, Ալպէրթօ Փերատոներ, Գառնիկ Ա. Յարութիւնեան, Ալէսսանտրօ Օրէնկօ, Մանէ Ղեւոնդեան եւ Մայա Գրիգորեան։ Զեկուցումներուն մէջ լուսարձակի տակ առնուեցան Մխիթար Սեբաստացիի կեանքն ու գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ անոր ժամանակաշրջանի եկեղեցական, քաղաքական եւ պատմական իրադարձութիւնները։

Գիտաժողովի ծիրէն ներս տեղի ունեցաւ նաեւ Հ. Արսէն Բագրատունիի «Աստուածաշունչ» մատեանի լուսատիպ հրատարակութեան շնորհահանդէսը, որ կարեւոր ներդրում մըն է հայ աստուածաշնչական ժառանգութեան պահպանման եւ ուսումնասիրութեան բնագաւառէն ներս։

Գիտաժողովին առիթով Պսակ Վրդ. Թէփիրճեան հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ տարբեր երկիրներէ ժամանած գիտնականներու եւ մասնագէտներու հետ՝ քննարկելով հայագիտական, աստուածաբանական եւ եկեղեցապատմական ուսումնասիրութիւններու առնչուող հարցեր։ Ան ներկայացուց նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան գիտական եւ եկեղեցական գործունէութիւնը՝ յատկապէս անդրադառնալով «Կիլիկիա» թանգարանին եւ մատենադարանին, միաժամանակ ընդգծելով միջազգային գիտական շրջանակներու հետ համագործակցութեան ընդլայնման կարեւորութիւնը։

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մասնակցութիւնը այս կարեւոր գիտաժողովին անգամ մը եւս կը վկայէ հայ եկեղեցական հաստատութիւններուն միջեւ գիտական եւ հոգեւոր գործակցութեան կարեւորութեան մասին, միաժամանակ նոր հեռանկարներ բանալով Անթիլիասի եւ միջազգային գիտական շրջանակներուն միջեւ համագործակցութեան զարգացման համար։