Հաւատք, Գիտելիք եւ Նոր Հնարաւորութիւններ

Արցախէն բռնի տեղահանուած հայորդիներու աջակցութեան ծրագիր՝ 

Գանատայի Հայոց Թեմի հովանաւորութեամբ

Արցախի բնակչութեան 2023 թուականի բռնի տեղահանութեան հետեւանքով հազարաւոր քաղաքացիներ յայտնուած են ծայրայեղ ծանր եւ խոցելի իրավիճակի մէջ։ Տեղահանութեան դժուարին եւ վտանգաւոր ընթացքը, Հայաստանի Հանրապետութիւն հասնելու ճանապարհին կրուած փորձառութիւնները, ապագայի նկատմամբ անորոշութիւնը, հարազատներու, տուներու, գոյքի եւ համայնքային կեանքի կորուստը խոր հոգեբանական, ընկերային եւ նիւթական հետեւանքներ ձգած են տեղահանուած բնակչութեան վրայ։ Այս իրադարձութիւններուն ամբողջութիւնը շարունակաբար ազդեցութիւն կը գործէ Արցախի ժողովուրդի բարեկեցութեան, հոգեկան առողջութեան եւ հասարակական վերականգնման կարողութեան վրայ։

Այս ծանր կացութեան դիմաց անհրաժեշտ էր համախմբուած մարդասիրական արձագանգ։ Տեղահանուած ընտանիքներէն շատեր տակաւին կը դիմագրաւեն բնակարանային, առողջապահական, կրթական եւ կենսապահովման լուրջ մարտահրաւէրներ։ Անոնք կարիք ունին ոչ միայն անհետաձգելի նիւթական եւ մարդասիրական աջակցութեան, այլեւ երկարաժամկէտ զօրակցութեան, որպէսզի կարենան վերականգնել արժանապատիւ եւ կայուն կեանքը։

Այս նպատակի իրականացման համար Գանատայի Հայոց Թեմը կը հովանաւորէ Արցախահայերու համար անգլերէնի ուսուցման յատուկ ծրագիր մը, որ կ՛իրականանայ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի օրհնութեամբ։ Ծրագիրը մասնակիցներուն կը տրամադրէ վեցամսեայ համակարգուած ուսուցում, որ կ՛իրականացուի շաբաթական չորս օր։ Նախաձեռնութեան գործակցող եւ գործադրող կառոյցն է Big Mind Academy զարգացման կեդրոնը։

2026 թուականի Նոյեմբեր 10-ին Երեւանի «Խաչատուր Աբովեան» տուն-թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ ծրագրի հերթական փուլի աւարտական հանդիսութիւնը։ Արարողութեան ընթացքին մասնակիցներուն յանձնուեցան աւարտական հաստատագրերը, իսկ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան առցանց ուղերձով հայրական իր օրհնութիւնն ու քաջալերանքի խօսքը փոխանցեց ներկաներուն։ (https://fb.watch/KQKcXuCnsW/?)։

Ծրագրին հիմնական նպատակն է նպաստել Արցախէն Հայաստանի Հանրապետութիւն բռնի տեղահանուած անձերու լեզուական գիտելիքներու, աշխատանքային կարողութիւններու եւ մասնագիտական հմտութիւններու զարգացման, ինչպէս նաեւ ապահովել հոգեւոր եւ հոգեբանական աջակցութիւն, որպէսզի անոնք աւելի մրցունակ դառնան աշխատաշուկայէն ներս, դիւրացուի իրենց ընկերային ինտեգրումը եւ բարելաւուին կեանքի որակն ու կենսամակարդակը։

Ծրագիրը կոչուած է ոչ միայն փոխանցելու գիտելիքներ եւ զարգացնելու մասնագիտական հմտութիւններ, այլեւ վերականգնելու բռնի տեղահանութեան հետեւանքով խախտուած արժանապատուութեան, ապահովութեան եւ պատկանելիութեան զգացումը։ Համապարփակ աջակցութեան միջոցով ան կը նպաստէ, որ տեղահանուած արցախահայերը վերագտնեն իրենց վստահութիւնը, ամրապնդեն իրենց կարողութիւնները եւ կառուցեն արժանապատիւ, կայուն ու յուսադրող ապագայ նոր պայմաններու մէջ։

Գանատայի Հայոց Թեմը կը շարունակէ իր մարդասիրական եւ հոգեւոր առաքելութիւնը՝ կանգնելով Արցախի մեր հայրենակիցներուն կողքին եւ կոչ ուղղելով բոլոր բարերարներուն ու բարի կամքի տէր անձերուն՝ իրենց մասնակցութիւնը բերելու այս կարեւոր ձեռնարկին, որպէսզի տեղահանուած ընտանիքներուն համար ստեղծուին նոր հնարաւորութիւններ, նոր յոյս եւ նոր սկիզբ։

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

Faith, Knowledge, and New Opportunities

A Support Program for Displaced Armenians from Artsakh Sponsored by the Armenian Prelacy of Canada

As part of its Christian, spiritual, and humanitarian mission, the Armenian Prelacy of Canada continues to stand beside our compatriots forcibly displaced from Artsakh.

Following the forced displacement of the population of Artsakh in 2023, thousands of individuals and families found themselves in extremely vulnerable circumstances. The hardships of displacement, the uncertainty of the future, and the loss of homes, livelihoods, and community life have left deep social, emotional, and financial challenges.

In response to these needs, the Armenian Prelacy of Canada sponsors a specialized English-language training program for displaced Armenians from Artsakh, implemented with the blessing of His Eminence Archbishop Papken Tcharian and in partnership with Big Mind Academy.

More than an educational initiative, this six-month program seeks to restore confidence, cultivate hope, and provide participants with practical tools for a new beginning. Through intensive language instruction, personal development, and spiritual and psychological support, participants are encouraged to discover new opportunities, strengthen their abilities, and move forward with dignity and purpose.

On November 10, 2026, the latest cohort celebrated the successful completion of the program during a graduation ceremony held at the Khachatur Apovian House-Museum in Yerevan. Participants received certificates of completion, and His Eminence Archbishop Papken Tcharian delivered a virtual message of encouragement and paternal blessing.

The program seeks not only to provide practical knowledge and professional skills, but also to help restore the dignity, confidence, and sense of belonging that were disrupted by forced displacement. Through comprehensive support, participants are empowered to rebuild their lives, strengthen their abilities, and look toward the future with renewed hope.

The Armenian Prelacy of Canada remains steadfast in its commitment to serving the displaced people of Artsakh. With gratitude to all benefactors, supporters, volunteers, and partner organizations, the Prelacy continues to invest in initiatives that bring healing, opportunity, and hope. Together, we affirm that even after profound loss, faith can inspire strength, knowledge can open doors, and new opportunities can help transform uncertainty into a future filled with promise.

CHANCERY OF THE ARMENIAN PRELACY OF CANADA