Մայիս 28-ի Ոգին եւ Հայ Երիտասարդը

Մայիս 28-ի կամ անկախ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան Տօնը միայն պատմական յիշատակ մը չէ, այլ՝ ազգային վերածնունդի եւ յաղթանակի օր է։

1918-ին, երբ հայ ժողովուրդը կորսնցուցած էր գրեթէ ամէն ինչ, հայ մարդը չյուսահատեցաւ։ Հայը ենթարկուած էր ցեղասպանութեան, բռնագաղթի, կորսնցուցած հայրենիք, պապենական հողեր, ազգային-մշակութային դարերու հարստութիւն: Եւ սակայն, Սարդարապատի զանգերն ու ղօղանջը ո՛չ միայն պատերազմի կոչ եղան, այլ նաեւ՝ գոյութեան եւ ապրելու ուխտ։ Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը ծնաւ հաւատքով, զոհողութեամբ եւ ազգային միասնականութեամբ։ Հայ Եկեղեցին այդ օրերուն դարձաւ ժողովուրդին յոյսի եւ հաւատքի ներշնչարանը։ Մեր հոգեւոր հայրերը ժողովուրդին սորվեցուցին, թէ ազատութիւնը ո՛չ միայն Աստուածային պարգեւ մըն է, այլ նաեւ՝ պատասխանատուութիւն։ 

Այսօր ալ Մայիս 28-ն նոյն պատգամը ունի հայ երիտասարդին համար։ Անկախութիւնը միայն սահմաններով չի պահպանուիր, այլ նաեւ՝ հոգիով, ազգային-հոգեւոր արժէքներու եւ ինքնութեան պահպանումով։ Երիտասարդ հայը կոչուած է սիրելու իր լեզուն, իր մշակոյթը, իր եկեղեցին եւ իր հայրենիքը։ Ազգ մը կը տկարանայ, երբ իր երիտասարդութիւնը հեռանայ իր արմատներէն։ Իսկ ազգ մը կը զօրանայ, երբ իր երիտասարդները կ’ապրին հաւատքով եւ գիտակցութեամբ։

Հայ Եկեղեցին այսօր եւս կը յիշեցնէ, թէ ճշմարիտ ազատութիւնը անտարբերութենէն ազատագրուիլն է։ Մայիս 28-ը մեզի կը սորվեցնէ, թէ նոյնիսկ ամենադժուար ժամանակներուն յոյսը չի մեռնիր։ Մեր նահատակներն ու հերոսները իրենց կեանքը զոհեցին, որպէսզի հայ ժողովուրդը արժանապատիւ ապագայ ունենայ։

Ուստի այսօրուան երիտասարդը պէտք է դառնայ ոչ միայն յաջողակ անձ, այլ նաեւ՝ գիտակից հայ։ Ան պէտք է ծառայէ իր ժողովուրդին՝ սիրով, ազնուութեամբ եւ հաւատարմութեամբ։ Մայիս 28-ի ոգին մեզ կը հրաւիրէ վերանորոգելու մեր ազգային ուխտը եւ հոգեւոր կեանքը։

Երբ երիտասարդութիւնը միանայ հաւատքին եւ ազգային գիտակցութեան, ապագան կը դառնայ լուսաւոր։ Թող Մայիս 28-ն նորոգէ մեր սրտերը եւ զօրացնէ մեր կամքը։ Եւ թող հայ երիտասարդը միշտ յիշէ՝ անկախ հայրենիքը կը պահպանուի հաւատալով, միութեամբ եւ զոհողութեամբ։

Սարդարապատ

Երբ չի մնում ելք ու ճար,
Խենթերն են գտնում հնար.
Այսպէս ծագեց, արեգակեց
Սարդարապատի մարտը մեծ:

Զանգեր ղօղանջէք,
Սրբազան քաջերին կանչէք
Այս արդար մարտին:
Սերունդներ դուք ձեզ ճանաչէք
Սարդարապատից:

Աւարայրից ջանք առանք,
Այստեղ մի պահ կանգ առանք,
Որ շունչ առած, շունչներս տանք
Սարդարապատի պատի տակ:

Զանգեր ղօղանջէք,
Սրբազան քաջերին կանչէք
Այս արդար մարտին:
Սերունդներ դուք ձեզ ճանաչէք
Սարդարապատից:

Պարոյր Սեւակ