ԽՆԿԱՐԿՈՒԹԻՒՆ

Ի՞նչ իմաստ ունի խունկ ծխելը կամ խնկարկելը։

Շատ հին ժամանակներէ եկած աւանդութուն մըն է ծիսական արարողութեանց ընթացքին խունկ ծխելը կամ խնկարկելը։

Եբրայեցիները վաղուց սովորութիւն ունէին պաշտամունքի ընթացքին խունկ ծխել, եւ անոր համար ալ տաճարին մէջ ունէին Խնկարկութեան յատուկ սեղան մը, որ կը գտնուէր Սրբութիւն կոչուած վայրին մէջ։

Հայ Եկեղեցւոյ ծիսակատարութեան ու Ս. Պատարագի ընթացքին գործածուող խունկը, որ պատրաստուած կ’ըլլայ հոտաւէտ ծառերու խէժերէ, նախապէս կ’օրհնուի քահանային կողմէ։ Սարկաւագը աջ ձեռքով բռնած բուրվառը, որուն մէջ վառած ածուխը կ’ըլլայ, իսկ ձախ ձեռքով՝ խնկամանը, որուն մէջ խունկը դրուած կ’ըլլայ, կը մօտենայ քահանային ու կ’ըսէ. «Եւ եւս խաղաղութեան զՏէր աղաչեսցուք, ընկա՛լ, կեցո՛ եւ ողորմեա՛։ Իսկ քահանան կը պատասխանէ «Օրհնութիւն եւ փառք Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից. Ամէն»։

Խնկարկութիւնը կը խորհրդանշէ առ Աստուած բարձրացող աղօթքը։ Խունկի բուրմունքին հետ աղօթքը վեր՝ երկինք կը բարձրանայ, ինչպէս Սաղմոսերգուն կ’ըսէ. «Ուղի՛ղ եղիցին աղօթք իմ, որպէս խունկ առաջի քո Տէ՜ր, համբարձումն ձեռաց իմոց՝ պատարագ երեկոյի». «Իմ աղօթքս քեզի մատուցուած խունկ թող ըլլայ, վեր բարձրացած ձեռքերս՝ իրիկնային զոհ». (Սղ 141.2)։

Խունկի բուրմունքը կը խորհրդանշէ նաեւ Քրիստոսի քաղցրութեան տարածումը ամբողջ աշխարհին մէջ։

Վառած ածուխը կը խորհրդանշէ հաւատքով վառ սիրտը, իսկ խունկը՝ այդ հաւատքին, տաքութեան ծուխ տուող՝ բուրումնաւէտ աղօթքը։ Ինչպէս որ երբ ածուխը վառած չըլլայ կամ խունկը խոնաւութիւն առած ըլլայ չի վառիր ու չի մխար, այնպէս ալ՝ լոկ շրթնային աղօթքը, առանց ջերմութեան ու խոր հաւատքի, առանց սիրտի ու հոգիի, կը նմանի մարած ածուխին կամ խոնաւցած խունկին, որ ո՛չ կը վառի եւ ո՛չ ալ կը ծխայ։

Ժգ- Շարունակելի: