Հ.Մ.Ը.Մ. ԹՈՐՈՆԹՕ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՍԿԱՈՒՏ ԱՍՏԻՃԱՆԱՒՈՐՆԵՐՈՒ Ս. ՂԵՒՈՆԴ ԵՐԷՑԻ ՇՔԱՆՇԱՆԻ Բ. ԴԱՍԸՆԹԱՑՔ

Ուրբաթ 13 Նոյ. 2026-ի երեկոյեան, Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Յովնանեան սրահէն ներս կայացաւ վերոյիշեալ դասընթացքի Բ. Բաժնի ծրագիրը, առաջնորդութեամբ եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տէր Տաթեւ Ա. Քհնյ.Միքայէլեանի:

Դասընթացքի մասնակից Սկաուտ քոյր-եղբայրները մոտէն ծանօթացան Աստուածաշունչի երկու գլխաւոր բաժիններուն, ինչպէս նաեւ Հայ Եկեղեցիէն ներս գործածwւող ծիսական սպասներուն եւ զգեստներուն: