Շաբաթ, 7 Նոյեմբեր 2026-ին, հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի, Օնթարիօ նահանգի Քինկըսթըն քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Հոգաբարձութեանց եւ Երեսփոխաններու տարեկան խորհրդաժողովը։
Խորհրդաժողովի բացումը կատարուեցաւ Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վրդ. Եագուպեանի աղօթքով։
Աղօթքէն ետք, Ազգային Վարչութեան Ատենապետ՝ Տիկին Ծովիկ Թերզեան, փոխանցեց Ազգային Վարչութեան խօսքը։ Տիկին Ատենապետը ողջունեց մասնակից երեսփոխաններու ու հոգաբարձուներու ներկայութիւնը եւ գնահատեց անոնց նուիրուածութիւնը։
Տիկին Ատենապետի խօսքէն ետք, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդական Փոխանորդ՝ Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէկեան, հակիրճ կերպով ներկայացուց Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան հանգրուանները։
Ներկայացումէն ետք խմբային աշխատանք մը կատարուեցաւ, ուր ներկայ հոգաբարձուներն ու երեսփոխանները պատասխանեցին Թեմիս «Think Tank»-ի յանձնախումբին կողմէ պատրաստուած հարցարանին։

Երկրորդ ներկայացումը կատարեց Տիկին Անի Պապիկեան՝ ներկայացնելով «Navigating the AI Landscape: Opportunities and Safeguards» նիւթը։ Տիկին Պապիկեան շատ հաղորդական ձեւով ներկայացուց մեր օրերու ամէնէն այժմէական նիւթերէն մէկը։
Տիկին Պապիկեանի ներկայացումէն ետք ներկաները առիթը ունեցան միասնաբար խորհելու արհեստական բանականութեան ընձեռած առաւելութեանց, ինչպէս նաեւ անոր մարտահրաւէրներուն մասին։
Աւարտին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը փոխանցեց իր հայրական պատգամը։ Նախ ան իր գնահատանքը յայտնեց Հայր Գեղարդին ու Տիկին Պապիկեանին՝ իրենց բովանդակալից եւ օգտաշատ ներկայացումներուն համար, ինչպէս նաեւ ջերմօրէն գնահատեց բոլոր հոգաբարձուներն ու երեսփոխանները՝ խորհրդաժողովին իրենց գործօն մասնակցութեան եւ եկեղեցւոյ ծառայութեան մէջ ցուցաբերած նուիրումին համար։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր խօսքին մէջ շեշտեց, թէ նման համաթեմական հաւաքներն ու խորհրդաժողովները բացառիկ առիթ են իրարու ծանօթանալու, զիրար աւելի մօտէն ճանչնալու եւ զանազան շրջաններու յաջողութիւններէն ու փորձառութիւններէն օգտուելու։ Ան յորդորեց ներկաները, որ այս հանդիպումէն քաղուած գիտելիքներն ու նոր գաղափարները կիրարկեն իրենց աշխատանքներուն մէջ։
Խորհրդաժողովը փակուեցաւ Բաբգէն Արքեպիսկոպոսի «Պահպանիչ» աղօթքով։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ