ՊԱՏՈՒԷ՛ ՀԱՅՐԴ ԵՒ ՄԱՅՐԴ, ՈՐ ՔՈՒ ՕՐԵՐԴ ԵՐԿԱՐ ԸԼԼԱՆ ԱՅՆ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ, ԶՈՐ ՏԷՐԸ՝ ՔՈՒ ԱՍՏՈՒԱԾԴ, ՔԵԶԻ ԿՈՒ ՏԱՅ։
1. Որո՞ւն ուղղուած է այս պատուէրը։
Բոլոր զաւակներուն՝ թէ՛ տղոց եւ թէ՛ աղջիկներուն. ինչ տարիքի կամ դիրքի ալ ըլլան, անոնք պարտին սիրել իրենց հայրն ու մայրը։
2. Ինչպէ՞ս պէտք է պատուենք մեր ծնողները։
Յարգանք, սէր, հնազանդութիւն եւ օգնութիւն մատուցելով անոնց։
3. Ինչպէ՞ս պէտք է յարգենք մեր ծնողները։
Զաւակները պէտք է յարգեն իրենց ծնողները՝
(1) խոնարհութեամբ ընդունելով անոնց խորհուրդներն ու խրատները.
(2) ուրիշներուն առջեւ ծածկելով անոնց թերութիւնները եւ զանոնք իրենք կրելով.
(3) ամէն առիթով անոնց հանդէպ որդիական յարգանք եւ հոգածութիւն ցոյց տալով։