ԹԵՄ

Եկեղեցական սահմանումով ճշդուած աշխարհագրական շրջան մը կամ վիճակ մը, որ վստահուած է առաջնորդի մը խնամքին եւ հոգեւոր տեսչութեան՝ թեմ կը կոչուի:

         Թեմ մը իր ազգային-եկեղեցական կառոյցներով կ’ունենայ իր կանոնագրութիւնը:

Թեմի մը կազմութիւնը կը վաւերացուի Ազգ. Ընդհ. Ժողովին կողմէ եւ կը հռչակուի Վեհափառ Հայրապետի սրբատառ կոնդակով:

Յաչս պետական իշխանութեանց եւ օտար եկեղեցական կառոյցներու թեմին ներկայացուցիչն է առաջնորդը:

Կիլիկեան Ս. Աթոռին հովանաւորութիւնը վայելող թեմերը կը գործեն ըստ Ազգ. Սահմանադրութեան ոգիին: Անոր սկզբունքները կը ներկայացնեն հետեւեալ պատկերը.-

Օրէնսդիր ժողով, որ Ազգ. Սահմանադրութեան ճշդած սկզբունքներու հիման վրայ՝ ժողովուրդին կողմէ ընտրեալ այն մարմինն է, որ անցեալին Գաւառական ժողով կը կոչուէր, որովհետեւ գաւառներու ընտրեալ ներկայացուցչական մարմինն էր ան, իսկ ներկայ հասկացողութեամբ Ազգ. Երեսփոխանական ժողովն է ան:

Այս ժողովը 1/7-րդ եկեղեցականներէ եւ 6/7-րդ աշխարհականներէ կը բաղկանայ:

Ազգ. Երեսփոխանական ժողովին պարտականութիւնն է՝

  • առաջնորդի ընտրութիւնը կատարել:
  • Երկու տարուան ժամանակաշրջանով ընտրել Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովները ներկայ հասկացողութեամբ Ազգ. Վարչութիւնը: Այս զոյգ վարչութիւններն են, որ կը ղեկավարեն կրօնական, ազգային, կրթական, եւ ազգը յուզող յարակից բոլոր տեսակի բարոյական թէ տնտեսական բնագաւառներու մէջ գտնուող հարցերը, փորձելով պատշաճ եւ ազգօգուտ լուծումներով ընթացք տալ ազգային-եկեղեցական կեանքին եւ անոր ծաղկումին եւ վերելքին:
  • Եւ վերջապէս Ազգ. Երեսփոխանական ժողովին պարտականութիւնն է լսել եւ քննարկել Ազգ. Վարչութեան միամեայ տեղեկագիրը իր բոլոր երեսներով,- կրօնական թէ ազգային,- կրթական թէ տնտեսական, արձանագրելով իր գնահատանքի բանաձեւը:

Ազգ. Վարչութեան ծով աշխատանքին սատար հանդիսացող ժողովները որոնք կը նշանակուին Ազգ. Վարչութեան կողմէ կը կոչուին Խորհուրդ: Նման աշխատանքներուն համար կարելի է յառաջացնել՝

–       Կրօնական դաստիարակութեան խորհուրդ:

–       Ուսումնական խորհուրդ

–       Տնտեսական խորհուրդ

–       Ընկերային ծառայութեան խորհուրդ

–       Կալուածոց հոգաբարձութիւն

Եւ այսպէս՝ խորհուրդներու ներհուն աշխատանքով, եւ հովանաւորութեամբ առաջնորդ սրբազանին ու ղեկավարութեամբ Ազգ. Վարչութեան, կարելի է ընթացք տալ ժամանակի եւ պահանջքի տեսակաւոր պարտաւորութիւններուն, որոնք կը ձգտին ազգային-եկեղեցական կեանքը առողջ պահել:

Պէտք է ընդունիլ, որ թեմական աշխատանքներուն, առաքելութեան եւ պարտաւորոթիւններուն չափանիշը սփիւռքի մէջ շատ աւելի ծանրակշիռ է քան Հայրենիքի, ուր հիմնական աշխատանքը զուտ հոգեւոր առաքելութիւնն է՝ եւ Հայց. Եկեղեցւոյ Հօտը վատառողջ աղանդաւորական հոսանքներէ հեռու պահելը: Մինչդեռ սփիւռքի մէջ, օտար երկնակամարներուն ներքեւ, կրթական սպառիչ գործը, հայապահպանման առաքելութիւնը, հայեցի դիմագիծի պահպանումը, ազգ, եկեղեցի, դպրոց, մշակոյթ, անաղարտ պահելու ձգտումն ու աշխատանքը, ծանր պարտաւորութիւններու եւ տագնապներու կրնան առաջնորդել առաջնորդն ու թեմական իշխանութիւնը:

         Ամփոփ եւ հակիրճ սահմանումներով ուզեցինք ներկայացնել թեմ հասկացողութիւնը սփիւռքի Կիլիկեան հայ կեանքէն ներս: