Ինչո՞ւ Սուրբ Պատարագի ընթացքին Աւետարանի թափօր կը կատարենք։

Թերեւս նկատած ես սարկաւագը կամ քահանան՝ Աւետարանը ձեռքին, երբ խորանին վրայ Աւետարանի թափօրը կը կատարէ, եւ ինքզինքիդ հարցուցած ես. «Ինչո՞ւ կը կատարենք այս թափօրը։ Ի՞նչ կը նշանակէ ան Սուրբ Պատարագի  ընթացքին։ Արդեօք միայն ժառանգաբար փոխանցուած ծիսական շարժո՞ւմ մըն է»։

Իրականութիւնը այն է, որ Աւետարանի թափօրը գեղեցիկ ծիսական եւ հոգեւոր իմաստ ունի։ Ան մեր առջեւ կը յայտարարէ Աստուծոյ Խօսքին եւ Քրիստոսի Բարի Լուրին կարեւորութիւնը եւ մեզի կը յիշեցնէ, թէ Աւետարանը Եկեղեցւոյ կեանքին ու ուսուցման կեդրոնն է։

  •  Աւետարանը Քրիստոսի Բարի Լուրն է

Քրիստոս, երկինք համբառնալէ առաջ, Իր աշակերտներուն ըսաւ. «Գացէ՛ք ամբողջ աշխարհը եւ Աւետարանը քարոզեցէ՛ք բոլոր  ժողովուրդներուն» (Մրկ. 16.15)։

Ուստի Աւետարանը պարզապէս գիրք մը չէ, որմէ կը կարդանք։ Ան Քրիստոսով փրկութեան Բարի Լուրն է։ Եկեղեցին այս Բարի Լուրը ստացած է առաքեալներէն, պահպանած է զայն եւ սերունդէ սերունդ փոխանցած։

  • Իսկ ինչո՞ւ Աւետարանի թափօրը կը կատարուի խորանին Վրայ։

Որովհետեւ խորանը Սուրբ Պատարագի սպասաւորութեան կեդրոնն է։ Հոնկէ Եկեղեցին կը հռչակէ Աստուծոյ Խօսքը եւ կը կատարէ իր սուրբ խորհուրդները։

Աւետարանը ինքնին մեզի կը յայտնէ Քրիստոսի անձը, ուսուցումը եւ փրկագործութիւնը, որովհետեւ Քրիստոս մարմնացած «Բանն» է։

«Ի սկզբանէ էր Բանն, եւ Բանն էր առ Աստուած, եւ Աստուած էր Բանն» (Յովհ. 1.1)։

Այս պատճառով Աւետարանի թափօրը խորանին վրայ ծիսական կերպով կը յայտարարէ, թէ Աստուծոյ Խօսքը սպասաւորութեան առանցքն է, եւ թէ Քրիստոս պաշտամունքին ու Եկեղեցւոյ կեանքին կեդրոնն է։

  • Աւետարանը պարզապէս լսուող խօսք չէ

Երբ քահանան կամ սարկաւագը Աւետարանը կը կրէ խորանին վրայ, Եկեղեցին կը պատուէ Աստուծոյ Խօսքը եւ կը յայտարարէ զայն լսելու ու անոր ուսուցումին հնազանդելու կարեւորութիւնը։

Այդ պատճառով, երբ Սուրբ Պատարագին Աւետարանը կը լսենք, մեզմէ ակնկալուածը պարզապէս ընթերցումը լսել եւ ապա Պատարագը շարունակել չէ։ Պէտք է թոյլ տանք, որ Խօսքը մտնէ մեր սրտին մէջ եւ կեանքի վերածուի։

Քրիստոս ըսաւ. «Եթէ դուք իմ խօսքիս մէջ մնաք, ճշմարտապէս իմ աշակերտներս էք» (Յովհ. 8.31)։

Այսինքն՝ միայն Խօսքը լսելը բաւարար չէ։ Պէտք է անոր մէջ հաստատ մնանք եւ զայն ապրինք։

  • Աւետարանը սերունդէ սերունդ փոխանցուած է

Հայ Առաքելական Եկեղեցին Աւետարանը իր հաւատքէն եւ առաքելական աւանդութենէն անջատ չի կարդար։ Ան Աւետարանը կ՚ապրի այն հաւատքին մէջ, զոր ստացած է առաքեալներէն եւ եկեղեցւոյ հայրերէն, պահպանած է եւ սերունդէ-սերունդ  փոխանցած։

Պօղոս առաքեալը կ’ըսէ. «Ամէնէն առաջ ձեզի աւանդեցի այն, ինչ որ ես ալ ընդունեցի» (Ա Կորնթ. 15.3)։

Ասիկա մեզի կը յիշեցնէ, թէ մենք Աստուծոյ Խօսքին պարզապէս ունկնդիրներ չենք։ Մենք նաեւ հաւատք մը ստացած ենք, եւ մեզմէ պահանջուած է զայն պահպանել, ապրիլ եւ հաւատարմօրէն փոխանցել։

  • Իսկ  հաւատացեալին դերը ի՞նչ է։

Այստեղ ծէսը գործնական կերպով կը մտնէ մեր կեանքին մէջ։

Եթէ ամէն Սուրբ Պատարագի Աւետարանը լսենք, ապա դուրս գալով ապրինք անոր հակառակ, ուրեմն Խօսքը լսած ենք, բայց թոյլ չենք տուած, որ ան փոխէ մեզ։

Իսկ եթէ Աւետարանէն համար մը լսենք, որ դպչի մեր սրտին, եւ որոշենք զայն գործադրել Աստուծոյ հետ մեր յարաբերութեան, մեր ընտանիքին, աշխատանքին եւ մարդոց հետ վերաբերմունքին մէջ, այդ ժամանակ սկսած կ՚ըլլանք իսկապէս Աւետարանը ապրիլ։

  • Երբ  տեսնենք Աւետարանի թափօրը խորանին  վրայ…

Պէտք չէ դիտենք զայն իբրեւ պարզ շարժում մը, զոր կը կատարուի Սուրբ Պատարագին։

Յիշենք՛, թէ Եկեղեցին, Աւետարանը պատուելով, կը յայտարարէ, որ Աստուծոյ Խօսքը իր տեղն ու կեդրոնը ունի մեր կեանքին մէջ, եւ թէ Քրիստոս մեր հաւատքին ու պաշտամունքին առանցքն է։

«Ի՞նչ  պէտք է որ ընենք  Աստուծոյ Խօսքին հետ, երբ կը լսենք։ Արդեօք այդ Խօսքը իսկապէ՞ս կը փոխէ մեր կեանքը»։

Երբ ծէսը կը հասկնանք, կը բացայայտենք, թէ Եկեղեցւոյ իւրաքանչիւր շարժում իմաստ ունի, իւրաքանչիւր աղօթք հաւատք կը յայտարարէ, եւ իւրաքանչիւր ծէս մեր սիրտը դէպի Քրիստոս կ՚ուղղէ։

Իսկ դուն, երբ Սուրբ Պատարագին Աւետարանը կը լսես, կը փորձե՞ս շաբաթուան համար գոնէ մէկ համար ընտրել եւ զայն ապրիլ։

Հայերէնի Թարգմանեց՝

Դպիր Նիքըլս Ֆրէնտեան