Պօղոս Առաքեալի Նամակէն (Գղ. 6.14-18)
«Գալով ինծի, քա՛ւ լիցի որ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Խաչէն զատ ուրիշ բանով պարծենամ» (Գղ 6.14):
Հեթանոսաց առաքեալը՝ Պօղոս, գաղատացիներուն գրած նամակով կը ջանայ հաւատացեալներուն ուշադրութիւնը կեդրոնացնել Քրիստոսի խաչին իսկական իմաստին վրայ: Առաքեալը կը նկատէր թէ, իր շուրջ երեք ուժեղ հոսանքներու հետեւող հակառակորդներ գոյութիւն ունին.
ա-Օրէնքի եւ հրաշքի հետամուտ եբրայեցիներ
բ-Իմաստութեան եւ գիտութեան հետեւող յոյներ
գ-Ուժի եւ զէնքի հաւատացող հռոմէացիներ
Անոնք յաճախ կ’անարգէին խաչը, ըսելով թէ ան կը գործածուի պատիժի եւ մահուան դատապարտեալներու իբրեւ գործիք: Բոլոր ոճրագործները եւ մահապարտները խաչի մահով կը սպանուէին, այս իսկ պատճառով կը սարսափէին խաչէն:
Առաքեալը, սակայն, խաչի խորհուրդը կը փորձէ քրիստոնէական կրօնի հիմնական առանցքը դարձնել եւ զայն վերածել պարծանքի, սիրոյ, զոհողութեան, բարութեան, հնազանդութեան, հեզութեան եւ համբերութեան խորհրդանիշ: Զարմանալի չէ, որ իր խօսքը ուղղելով վերոյիշեալ հոսանքներու հետեւողներուն երբ կ’ըսէ. «Խաչին մասին քարոզութիւնը յիմարութիւն կը թուի կորուստի ճամբուն մէջ գտնուողներուն համար, մինչ մեզի՝ փրկութեան ճամբուն մէջ գտնուողներուս համար Աստուծոյ զօրութիւնն է անիկա» (Ա.Կր 1.18):
Քրիստոսի խաչելութեամբ խաչը դադրեցաւ չարչարանքի եւ մահուան սարսափելի գործիք ըլլալէ: Քրիստոս իր արիւնը թափեց խաչին վրայ մարդոց մեղքերը քաւելու եւ յաւիտենական կեանք պարգեւելու: Այս խօսքով, խաչ բառը իմաստափոխուեցաւ իր երբեմնի նշանակութենէն եւ ստացաւ փրկագործութեան խորհրդանիշ:

Քրիստոս իր երկրաւոր կեանքի ընթացքին, խաչին առանձնայատուկ եւ կարեւոր տեղ կու տար: Պօղոս առաքեալ այս իրողութիւնը շատ լաւ գիտնալով, իր նամակներուն հիմնական նպատակը կը դարձնէ մեկնաբանել եւ իր կեանքով վկայել խաչին գաղափարը: Ան առաքելական քարոզութեան եւ շրջագայութեան ընթացքին, բանաւոր եւ գրաւոր խօսքերով Յիսուսի նկարագրային քաջութիւնը եւ խաչելութեան դրուագին, սարսափազդու դէպքերուն բնոյթը լաւապէս պարզաբանելէ անդին, մարդկութեան ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնէ, թէ ինչպէս չարը ներքին մղիչ ուժ ունի մարդիկ մոլորեցնելու: Պօղոս առաքեալ խաչը Աստուծոյ զօրութեան խորհրդանիշը կը նկատէ: Առաքեալը հաւատացեալներէն կ’ակնկալէ կատարեալ հաւատքով եւ պարծանքով ըմբռնել խաչի գաղափարը:
Յիսուս Քրիստոս ժամանակակից եբրայեցի ղեկավարներուն կողմէ մահուան դատապարտուեցաւ խաչին վրայ որպէս ոճրագործ, որովհետեւ անոնք չկրցան հանդուրժել Քրիստոսի ճշմարիտ ուսուցումներն ու սկզբունքները: Մահուան պատիժը հետեւանք էր մարդկային չարամտութեան, Աստուծաշունչ Մատեանին մէջ բազմաթիւ յիշատակութիւններ կան այս մասին: Քրիստոս որպէս մարդկութեան Փրկիչ, կը մահանայ խաչին վրայ: Այս սկզբունքին հետեւելով Պօղոս առաքեալ կը նկարագրէ Քրիստոսի խաչին փրկագործութեան խորհուրդը, թէ Քրիստոս խաչին վրայ զոհաբերութիւն էր որ կը կատարէր, խաչ եւ խաչելութիւն բառերը քրիստոնէական գրականութեան մէջ հոմանիշ դարձան, փրկագործութեան եւ մեղքերու քաւութեան գաղափարներուն:
Այսօր, հպարտութեամբ կը կրենք խաչը, մեր եկեղեցիները ու բնակարանները խաչերով կը զարդարենք, յաճախ կը խաչակնքենք ուրախ եւ տխուր առիթներով: Խաչը իրարու ագուցուած սովորական երկու փայտ չէ եւ ոչ ալ երկրաչափական ուղղաձիգ եւ հորիզոնական գիծեր, այլ Աստուծոյ եւ աստուածային շնորհքներու դէպի երկիր էջքի ճանապարհ: Իսկ հորիզոնական թեւը, բոլոր ժամանակներու ամբողջ մարդկութեան ճիգն ու ձգտումը Աստուած ճանչնալու: Խաչը ունի ուրիշ այլաբանական իմաստ մը եւս, երկինքէն երկիր Աստուծոյ էջքը, իրեն հետ երկինք բարձրացնելու համար մարդ արարածը: Խաչի զօրութեան գիտակցութիւնը յուսադրիչ խթան եւ ապաւէն պէտք է ըլլայ իւրաքանչիւր քրիստոնեայի կեանքին եւ ստանձնած պարտականութեան մէջ: Խաչը մարտահրաւէր մըն է մարդուն, տրուած Քրիստոսի կողմէ: Արդեօ՞ք կը յաջողինք ըմպել այն բաժակէն, զոր Քրիստոս ըմպեց, կամ գիտե՞նք այդ ծանր բայց քաղցր լուծի գաղտնիքը: Մարդկային իմաստութիւնը ի զուր չէ ըսած. «Ամէն մարդ իր խաչը ունի այս աշխարհին մէջ»: Ամէն մարդ իր խաչը ուսին պէտք է բարձրանայ Գողգոթա, որպէսզի իր կեանքով եւ զոհողութեամբ կարենայ արդարանալ, սրբուիլ եւ յաւիտենական փառքին արժանանալ:
Եթէ կը հաւատանք, թէ Քրիստոս խաչուեցաւ մեզ փրկելու համար, վստահաբար մենք եւս առաքեալին նման պիտի ըսենք. «Բայց այլեւս ես մեռած եմ օրէնքին համար, որ զիս սպաննեց, որպէսզի Աստուծոյ համար ապրիմ: Այո՛, Քրիստոսի հետ խաչին վրայ մեռայ եւ այլեւս կենդանի եմ. Ես չէ որ կ’ապրիմ, այլ՝ Քրիստոս է որ կ’ապրի իմ մէջս» (Գղ 2.19-20):
ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ ԱՒԵՏԱՐԱՆ 3.13-21
Աստուծոյ սէրը մարդոց հանդէպ.

Ո՛չ ոք երկինք ելաւ՝ բացի Մարդու Որդիէն, որ երկինքէն իջաւ, եւ որ երկինքի մէջ է: Եւ ինչպէս Մովսէս պղինձէ օձը բարձրացուց անապատին մէջ, նոյնպէս ալ Մարդու Որդին պէտք է բարձրանայ, որպէսզի անոր հաւատացողը յաւիտենական կեանք ունենայ: Որովհետեւ Աստուած ա՛յնքան սիրեց աշխարհը, որ մինչեւ իսկ իր միածին Որդին աշխարհ ղրկեց՝ ո՛չ թէ որպէսզի աշխարհը դատապարտէ, այլ որպէսզի աշխարհը փրկէ: Ով որ կը հաւատայ անոր՝ չի դատապարտուիր. իսկ ով որ չի հաւատար անոր՝ արդէն իսկ դատապարտուած է, Աստուծոյ միածին Որդիին չհաւատալուն համար:
-Եւ դատապարտութիւնը այս է.- Լոյսը աշխարհ եկաւ, բայց մարդիկ խաւարը լոյսէն աւելի սիրեցին, որովհետեւ չարութիւն կը գործէին: Ով որ չար գործ կը կատարէ՝ կ’ատէ լոյսը եւ լոյսին չի գար, որպէսզի իր գործերը չյայտնուին: Սակայն ով որ կը կատարէ ինչ որ ճշմարիտ է՝ լոյսին կու գայ, որպէսզի յայտնի ըլլայ թէ իր գործերը Աստուծոյ կամքին համաձայն են:
ՍՈՒՐԲ ԽԱՉԸ
Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս աշխարհ եկաւ խաչափայտին վրայ իր արիւնը թափելով մարդկութեան մեղքերը ջնջեց, մահը խափանեց ու խորտակեց եւ մեզի կեանք պարգեւեց: Սուրբ Խաչը ոչ միայն քրիստոնէական հաւատքի շօշափելի խորհրդանիշը եղաւ, այլեւ՝ աստուածային զօրութեան աղբիւր եւ Քրիստոսի պատկանելիութեան ցուցանիշ: Ս. Խաչը նաեւ կը կոչուի. «Կենաց Փայտ» եւ «Սուրբ Նշան»:
Ս. Խաչը հայ ժողովուրդի մշակութային կեանքին մէջ եւս ներկայ է յատկապէս՝ Խաչքարերու արուեստով, իսկ ժողովրդային իմաստով, զայն կ’անմահացնեն նաեւ նորածին մանուկներու անուանակոչութեամբ:

Հայ Առաքելական Եկեղեցին Քրիստոսի Ս. Խաչը կը պատուէ ու կը փառաւորէ տարուայ ընթացքին չորս առիթներով.
ա. Երեւումն Ս. Խաչի տօնը, որ կը նշուի Ս. Զատիկէն ետք հինգերորդ կիրակին:
բ. Վերացման Ս. Խաչի տօնը, որ կը նշուի Սեպտեմբեր ամսուան 14-ի մօտակայ կիրակին:
գ. Վարագայ Ս. Խաչի տօնը, որ կը նշուի Սեպտեմբեր ամսուայ 25-էն հոկտեմբերի 1-ի միջեւ կիրակին:
դ. Գիւտ Խաչի տօնը, որ կը նշուի Հոկտեմբեր 25-ի մօտակայ կիրակին:
ԽԱՉՎԵՐԱՑԻ ՏՕՆԸ
Խաչվերացի տօնը Հայ Եկեղեցւոյ հինգ տաղաւար տօներէն վերջինն է: Յիշատակն է Քրիստոսի Խաչափայտի գերեդարձին եւ վերացման: Խոսրով Պարսից թագաւորը՝ յունաց դէմ իր պատերազմին մէջ, 610-ին, յաղթելով Հերակլ կայսեր, Երուսաղէմն ալ գրաւելով գերի կը տանի Քրիստոսի Խաչափայտը Պարսկաստան: Հերակլ զօրաժողով մը գումարելով համաքրիստոնէական մեծ բանակ մը կը կազմէ ու կը քալէ Պարսիկներու վրայ: Քրիստոնէական բանակին նաեւ մաս կը կազմէ հայկական զօրագունդ մը, Մժէժ Գնունի սպարապետի գլխաւորութեամբ: Խոսրով կը սպաննուի իր Կաւատ Շիրոյ որդիէն, որ նոյնպէս յաջորդ տարին մեռնելով, իրեն կը յաջորդէ իր փեսան՝ Խոռեամ: Հերակլի կազմած բանակի շնորհիւ Խաչափայտը կ’ազատագրուի 629-ին: Պարսկաստանէն Կարին, Կարինէն Կ. Պոլիս, ապա Երուսաղէմ մեծ ոգեւորութեամբ կը հասնի ազատագրուած Խաչափայտը: Տօնը կը նշուի Սեպտ.14-ի մօտակայ կիրակի օրը, որուն կը կանխէ մէկ շաբթուան պահք եւ նաւակատիք: Այս տօնը կը յատկանշուի նոյն օրուան երեկոյեան Ս. Խաչի թափօրով եւ անդաստանով: Ս. Խաչը զարդարուած կ’ըլլայ բուրումնաւէտ ռեհանի տերեւներով, որոնք յետ արարողութեան օրհնուելէ ետք, հաւատացեալները իրենց տուները կը տանին, որպէս օրհնութիւն եւ հիւանդներու ցաւերը փարատող դարման: Տօնին կը յաջորդէ յիշատակ մեռելոց: Սահակ Ձորափորեցի Կաթողիկոս կարգաւորած է տօնին արարողութիւնը եւ գրած է շարականներ, որոնք կը կրեն. «Սա պահեսցէ զմեզ յամենայն փորձութենէ» խորհուրդը:

Ս. Խաչին նուիրուած տօներուն ընդմէջէն մենք հրաւիրուած ենք աշխարհիկ եւ անհեթեթ ցանկութիւններէն հրաժարելու եւ քրիստոնէավայել կեանք մը ապրելու եւ արժանանալու Տիրոջ ներկայութեան: Մեր Տէրը կ’ըսէ. «Ան որ իր խաչը չ’առներ եւ ինծի չի հետեւիր, արժանի չէ ինծի» (Մտ.10.38):
Թող որ Քրիստոսի Ս. Խաչը իւրաքանչիւրիս համար միակ պարծանքը ըլլայ, ինչպէս Պօղոս Առաքեալ կ’ըսէ. «Գալով ինծի, քաւ’ լիցի որ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Խաչէն զատ ուրիշ բանով պարծենամ» (ԳՂ.6.14):
Ս. Խաչի զօրութեան ապաւինելով աղօթենք. «Քու խաչդ թող մեզի ապաւէն ըլլայ, Տէր Յիսուս, երբ Հօրը Փառքով երեւիս՝ լուսաւոր ամպերու վրայ: Այն ատեն թող ամօթով չմնանք մենք՝ Քեզի հաւատացողներս, այլ քու մեծ զօրութեամբդ ուրախանանք՝ Քու աջ կողմդ բազմած, իբրեւ լոյսի որդիներ եւ փրկութեան ժառանգորդներ»:
ՏՕՆ ՍՐԲՈՒՀՒՈՅ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ Ի ՅԱՆՆԱՅԷ

Մարիամի ծնողներն էին Յովակիմ եւ Աննա: Աննա ամուլ էր եւ ուխտ կատարելով կը յղանայ Մարիամը, աւանդութեան համաձայն, երեք տարեկանին Մարիամը կը նուիրեն Երուսաղէմի տաճարին եւ եօթը տարեկանին կը միանայ կոյսերէ բաղկացած այն խումբին, որոնք կ’ապրէին Տաճարին մէջ: Ժամանակ մը Տաճարին մէջ Աննա մարգարէուհիին դաստիարակութեան եւ հսկողութեան ներքեւ մնալէ ետք, Մարիամ կը վերադառնայ իր ծնողաց մօտ, ապա կը նշանուի Յովսէփ անունով արդար մարդու մը հետ, Գաբրիէլ հրեշտակապետէ աւետումը ստանալէ ետք, կը ծնի աշխարհի փրկիչը եւ Աստուծոյ Որդին՝ Յիսուսը:
Ս. Կոյս փոքր տարիքէն իր հասակակիցներէն աւելի ուշիմ եւ իմաստութեամբ ու շնորհքներով օժտուած էր: Ան ինքզինք կը նուիրէ Աստուծոյ Փրկագործութեան ծրագիրին ըսելով. «Աստուծոյ աղախին եմ, թող քու ըսածդ ըլլայ» (Ղկ 1.38):
Ս. Կոյս Մարիամ, Աստուծոյ կողմէ արժանացաւ «Աստուծոյ Որդիին» ծնող ըլլալու պատիւին: Ան Աստուածամայր ըլլալով մնաց իր խոնարհութեան եւ հեզութեան մէջ, միշտ աղօթեց համայն մարդկութեան եւ ծառայեց բոլորին, եւ եղաւ մեր մայրը ու իր Որդիին միջոցաւ հաշտութիւն հաստատուեցաւ Աստուծոյ եւ մարդոց միջեւ:
ՅԻՇԱՏԱԿ ՄԵՌԵԼՈՑ

Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցիները տարուան հինգ տաղաւար (կարեւոր) տօներու յաջորդող օրը կը կոչէ «Յիշատակ Մեռելոց»։ Անոնք որոնք չեն հետեւիր առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ դաւանանքին եւ հաւատքին կը տարակուսին ու կ’ըսեն թէ, մի՞թէ մահացածի համար աղօթելը անոր դժոխքէն դրախտ կը փոխադրէ երբ ան այլևս ապաշխարելու ի վիճակի չէ։ Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր մենք եկեղեցին հոգեհանգիստի ժամանակ, կամ մեր անհատական աղօթքներուն՝ չենք աղօթեր որ Տէրը մէկը դժոխքէն դրախտ տեղափոխէ։ Յիշեցէք որ Ահեղ Դատաստանը տակաւին չէ եղած եւ տեղի պիտի ունենայ Քրիստոսի երկրորդ Գալուստին։ Մենք կ’աղօթենք ու կը խնդրենք, որ Տէրը «ԳԹՈՒԹԵԱՄԲ» վարուի՝ մեր սիրելիներուն հետ Դատաստանի Օրը։ Մեր մահացած հարազատներու համար աղօթել և Տիրոջմէ հանգիստ, ողորմութիւն ու գթութիւն խնդրելը ցոյց կու տայ որ մենք կը սիրենք եւ կը յարգենք զիրենք: Մենք անտարբեր չենք կրնար մնալ, երբ մեր հարազատները դեռ կը սպասեն Ահեղ Դատաստանին եւ թէ ինչպէս Տէրը պիտի դատէ զիրենք Վերջին օրը։ Օրինակ՝ մենք ամէն օր կ’աղօթենք հանգուցեալ հարազատներու հոգիներուն համար՝ խնդրելով Տէր Յիսուս Քրիստոսին, որ «ԳԹՈՒԹԵԱՄԲ» վարուի ննջեցեալներուն հետ Դատաստանի Օրը։ Եկեղեցին 2000-տարուայ պատմութեան ընթացքին բազում վկայութիւններ ունի թ՛է ինչպէս աղօթքը կ’օգնէ ու կը թեթեւցնէ մահացած մեր հարազատներուն հոգիները։ Մահացած հարազատի համար աղօթքով գթութիւն խնդրելը սիրոյ եւ յարգանքի անքակտելի կապ է։ Թող Տէր Յիսուս Քրիստոս ողորմի մեր հանգուցեալ հարազատներուն Ահեղ Դատաստանի Օրը, եւ գթութեամբ վարուի անոնց հետ Դատաստանի ժամանակ։
Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան