Ամառը իր աւարտին կը հասնի, եւ աշունը կը սկսի։ Մեզմէ շատեր կը վերադառնան դպրոց, աշխատանքի եւ իրենց սովորական առօրեայ ընթացքին։ Օրերը հետզհետէ աւելի կարճ կը դառնան, եղանակը՝ աւելի ցուրտ, եւ մենք կրնանք աւելի քիչ ժամանակ անցընել դուրսը՝ բնութեան մէջ։ Ոմանց համար այս եղանակային փոփոխութիւնները կրնան նաեւ ազդել տրամադրութեան եւ աշխուժութեան վրայ։
Կան փոքր, բայց կարեւոր քայլեր, զորս կրնանք առնել՝ այս անցումը աւելի դիւրին դարձնելու եւ հոգ տանելու մեր ընդհանուր բարօրութեան։ Աշխուժ մնալը, բնութեան մէջ ճեմելը եւ կարելի եղածին չափ բնական արեւի լոյս ստանալը կրնան օգնել, որ աւելի աշխոյժ զգանք եւ կապուած մնանք մեր շրջապատին։ Ժամանակ տրամադրելը այն գործունէութիւններուն, զորս կը սիրենք՝ ըլլայ ատիկա զբաղում, մարզանք, ընթերցանութիւն, բարեկամներու հետ ժամանակ անցընել, կամ պարզապէս այնպիսի բան մը ընել, որ մեզ կ’ուրախացնէ: Այս եղանակին կանոնաւոր առօրեայ մը ունենալը կրնայ յատկապէս օգտակար ըլլալ։ Կազմակերպուած մնալը, բաւարար հանգիստ ստանալը, առողջ ուտեստով սնուիլը եւ մենք զմեզ ժամանակ տրամադրելը կրնան օգնել, որ աւելի հաւասարակշռուած զգանք։

Եւ որպէս քրիստոնեաներ, կրնանք նաեւ այս եղանակը օգտագործել Տիրոջ հետ աւելի նպատակային ժամանակ անցընելու համար։ Ժամանակ յատկացնել աղօթքի, Աստուածաշունչ կարդալու եւ ուսումնասիրելու, Աստուածաշունչի խմբային ուսումնասիրութեան մասնակցելու, ուրիշներու հետ մեր հաւատքին մասին խօսելու, զԱստուած փառաբանելու եւ պարզապէս Իր ներկայութեան մէջ լուռ ժամանակ անցընելու: Այս բաները կրնան մեզ հոգեւորապէս զօրացնել եւ խաղաղութիւն պարգեւել մեզի՝ ծանրաբեռնուած կամ դժուար եղանակներու ընթացքին։
Ամենէն կարեւորը՝ փորձենք աշնան դրական կողմը տեսնել եւ վայելել։ Նոր եղանակ մը կրնայ բերել նոր սկիզբներ, թարմ առօրեայ մը, հանգիստ ու ջերմ պահեր, եւ առիթներ՝ դանդաղելու ու կեդրոնանալու այն բաներուն վրայ, որոնք իսկապէս կարեւոր են։ Մենք չենք կրնար փոխել եղանակը կամ օրերու կարճնալը, բայց կրնանք ընտրել, թէ այս եղանակի ընթացքին ինչպէս հոգ պիտի տանինք մեր անձին, մեր ընկերային յարաբերութիւններուն եւ Աստուծոյ հետ մեր ունեցած յարաբերութեան:
Արազ Տանայեան
Finding Balance in the Fall Season
Summer comes to an end, and fall begins. Many of us return to school, work, and our usual daily routines. The days gradually become shorter, the weather gets colder, and we may find ourselves spending less time outdoors, especially in nature. For some people, these seasonal changes can also affect their mood and motivation.

There are small but important steps we can take to make this transition easier and take care of our overall well-being. Staying active, going for walks in nature, and getting as much natural sunlight as possible can help us feel more energized and connected to our surroundings. Making time for activities that we enjoy, whether it is a hobby, exercise, reading, spending time with friends, or simply doing something that makes us happy, can also give us something positive to look forward to.
Having a regular routine during this season can be especially helpful. Staying organized, getting enough rest, eating healthy food, and making time for ourselves can help us feel more balanced.
And as Christians, we can also use this season as an opportunity to intentionally spend more time with the Lord. Setting aside time for prayer, reading and studying the Bible, participating in a Bible study group, talking with others about our faith, praising God, and simply spending quiet time in His presence can strengthen us spiritually and give us peace during busy or difficult seasons.
Most importantly, let us try to see and enjoy the positive side of fall. A new season can bring new beginnings, a fresh routine, peaceful and warm moments, and opportunities to slow down and focus on the things that truly matter. We cannot change the weather or the shortening of the days, but we can choose how we will take care of ourselves, our relationships, and our relationship with God throughout this season.
Araz Danayan