Հինգերորդ Պատուիրանը — Շարունակութիւն

Ծնողներու պարտականութիւնները իրենց զաւակներուն հանդէպ

1.    Ի՞նչ է ծնողներուն պարտականութիւնը իրենց զաւակներուն հանդէպ։

Ծնողները պարտին մկրտութեամբ իրենց զաւակները ընծայել Տիրոջ, որմէ ստացած են զանոնք։ Երբ անոնք մեծնան, պարտին հոգ տանիլ անոնց կրօնական ուսուցման, զանոնք դաստիարակել Աւետարանին սուրբ բարոյականութեան համաձայն եւ առաքինութեան ճամբուն մէջ յառաջացնել՝ իրենց խրատով ու քաջալերանքով, եւ մանաւանդ՝ իրենց բարի օրինակով։

2. Ի՞նչ է ծնողներուն պարտականութիւնը իրենց զաւակներուն դաստիարակութեան մէջ։

Անոնք պէտք է հոգ տանին, որ իրենց զաւակները սորվին պատուաւոր արհեստ մը կամ մասնագիտութիւն մը, որպէսզի կարենան իրենց հացը վաստկիլ, կամ ալ զանոնք յանձնեն գիտութեան եւ ուսման մէջ կարող ու բարի ուսուցիչներու խնամքին՝ երբեք չխնայելով ծախսը իրենց զաւակներուն կրթութեան եւ յառաջդիմութեան համար։

3.    Ի՞նչ պարտականութիւն ունին ծնողները իրենց զաւակներուն փրկութեան նկատմամբ։

Ծնողները ամէն բանէ առաջ պէտք է հոգ տանին իրենց զաւակներուն փրկութեան մասին եւ միշտ աղօթեն անոնց համար՝ լաւ գիտնալով, որ օր մը Աստուած իրենցմէ հաշիւ պիտի պահանջէ իրենց զաւակներուն վարքին համար (Բ. Կորնթացիս ԺԲ. 14)։

4.    Իրենց զաւակներուն հանդէպ սիրոյն մէջ, որո՞նց նկատմամբ պէտք է ծնողները մասնաւորապէս զգոյշ ըլլան։

Անոնք պէտք է զգոյշ ըլլան, որ իրենց զաւակներուն չափազանց ազատութիւն չտան եւ անոնց քմահաճոյքներուն չհետեւին, բացի այն քմահաճոյքներէն, որոնք ամբողջովին բարի են։ Անոնց քմայքները կատարել, անոնց թերութիւններուն աչք գոցել եւ անոնց չափազանց ազատութիւն տալ՝ սէր չէ, այլ ատելութիւն։

5.    Ի՞նչ վնաս պիտի պատճառեն ծնողները իրենց զաւակներուն, եթէ այսպէս վարուին անոնց հետ։

Ծնողները, իրենց զաւակները այս կերպով մեծցնելով, պիտի պատճառեն, որ անոնք մեծնան ծոյլ, անկիրթ, մոլի եւ թշուառ։ Օր մը անոնք պիտի անիծեն իրենց ծնողները, երբ գիտնան, թէ իրենց դժբախտութեան պատճառը իրենց մանկութեան օրերուն ծնողներուն անփոյթ վարքը եղած է։

6.    Պէ՞տք է ծնողները իրենց բոլոր զաւակները հաւասարապէս սիրեն։

Այո՛։ Ծնողները պէտք է իրենց բոլոր զաւակները հաւասարապէս սիրեն եւ բոլորին նկատմամբ նոյն հոգածութիւնը ցուցաբերեն, որովհետեւ անոնք բոլորը, իբրեւ օրինաւոր զաւակներ, հաւասար իրաւունքներ ունին։

7.    Ի՞նչ հետեւանք կ’ունենայ զաւակները հաւասարապէս չսիրելը։

Այն ծնողները, որոնք արդարութեան հակառակ՝ իրենց զաւակներէն մէկը կամ քանի մը հատը աւելի կը սիրեն, իսկ միւսները՝ նուազ, կամ կ’անտեսեն զանոնք, մեծ վնաս կը պատճառեն նոյնիսկ իրենց առանձնապէս սիրած զաւկին։ Անոնք զայն կը դարձնեն գոռոզ ու կամակոր, եւ իր եղբայրներուն ու քոյրերուն ատելութիւնը կը գրգռեն անոր դէմ։

8.    Սուրբ Գիրքին մէջ ի՞նչ օրինակ կայ այս մասին։

Նահապետ Յակոբը, Յովսէփը իր միւս բոլոր զաւակներէն շատ աւելի սիրելով, իր եղբայրները նախանձոտ դարձուց այն աստիճան, որ անոնք ուզեցին սպաննել Յովսէփը, եւ վերջապէս զայն ծախեցին իբրեւ ստրուկ։

9.    Ծնողները ինչպէ՞ս կը մեղանչեն՝ գէշ օրինակ տալով։

Այդպիսի ծնողները ծանր մեղքի մէջ կ’իյնան, որովհետեւ իրենց զաւակներուն ապագայ սխալ վարքին պատճառը կ’ըլլան։ Ուստի ծնողները պէտք է ամէն կերպ զգոյշ ըլլան, որ իրենց զաւակներուն առջեւ գէշ կամ անպարկեշտ խօսքեր չխօսին եւ ոչ մէկ գէշ բան չընեն, որովհետեւ երիտասարդները գէշ բաները աւելի արագ կ’ընդօրինակեն, քան բարի բաները։

10.  Ի՞նչ պէտք է ծնողները սորվեցնեն իրենց զաւակներուն։

Անոնք պէտք է անոնց սրտերուն մէջ սերմանեն հնազանդութիւն, հեզութիւն եւ սէր առ Աստուած։ Պէտք է սորվեցնեն անոնց ըլլալ գործունեայ, աշխատասէր, համբերատար եւ ժրաջան, սիրել իրենց եղբայրներն ու քոյրերը եւ յարգել իրենց մեծերն ու վերադասները։

11.  Ուրիշ ի՞նչ պէտք է սորվեցնեն անոնց։

Ծնողները նաեւ պէտք է սորվեցնեն, թէ մարդ չի կրնար պատուաւոր եւ օգտակար ըլլալ, եթէ կարգապահ չէ, եւ երջանիկ չի կրնար ըլլալ, եթէ Աստուած ամէն բանէ վեր չի սիրեր եւ Անոր պատուիրանները չի պահեր։

12.  Ինչո՞ւ ծնողները պէտք է աղօթեն իրենց զաւակներուն համար եւ աշխատին անոնց բարօրութեան համար։

Որովհետեւ մեր երկնաւոր Հայրը կը փափաքի, որ երկրային հայրերն ալ իրենց զաւակներուն հոգ տանին եւ զանոնք կատարեալ հաւատքով ու աներկբայ յոյսով Իր գիրկը ընծայեն։

13.  Քրիստոս՝ մեր Տէրը, ո՞ր զաւակները օրհնեց։

Թէեւ Քրիստոս կը սիրէ եւ կ’օրհնէ բոլոր անմեղ զաւակները, սակայն Ան կը փափաքի, որ անոնց ծնողներն ալ իրենց զաւակները Իրեն բերէին, որպէսզի օրհնուին։ Հրէաստանի մէջ շատ զաւակներ կային, բայց Քրիստոս Իր գիրկը առնելով մասնաւորապէս օրհնեց այն զաւակները, որոնց ծնողները ուրիշներէն աւելի նուիրումով եւ հաւատքով իրենց համար Իր աստուածային օրհնութիւնը խնդրեցին (Ս. Մարկոս Ժ. 13)։

14.  Ծնողները ինչպէ՞ս պէտք է վարուին իրենց կամակոր եւ անհնազանդ զաւակներուն հետ։

Ծնողներուն պատահելիք մեծագոյն դժբախտութիւններէն մէկն է անհնազանդ, մոլի եւ կամակոր զաւակներ ունենալը։ Անոնք պէտք է մեղմութեամբ խրատեն ու խորհուրդ տան անոնց, երբեմն ալ չափաւոր խստութիւն ցուցաբերեն, բայց միշտ ծնողական սէր արտայայտելով, որպէսզի զաւակը հասկնայ, թէ իր հայրն ու մայրը սիրոյ համար է, որ զինք կը խրատեն եւ երբեմն կը պատժեն։

15.  Ի՞նչ պէտք է ընել անուղղելի զաւկի մը համար։

Երբ ծնողները տեսնեն, որ զաւակ մը ո՛չ խրատ կը լսէ, ո՛չ ալ խստութենէ կ’ուղղուի, պէտք է զայն յանձնեն Եկեղեցւոյ սպասաւորներուն եւ բարի ուսուցիչներուն, որպէսզի անոնք սորվեցնեն եւ ուղղեն զայն։ Բայց ամէնէն առաջ ծնողները պէտք է արցունքոտ աչքերով աղաչեն Աստուծոյ, որ Իր շնորհքն ու ողորմութիւնը պարգեւէ այդ անուղղելի զաւկին։

16.  Ինչպէ՞ս պէտք է ընդունուի ապաշխարող զաւակը։

Ծնողները պէտք է իրենց ապաշխարող զաւակները ընդունին ամբողջ սիրով եւ հոգածութեամբ, անոնց յանցանքները երեսով չտալով, այլ անոնց վերադարձնելով իրենց զաւկային իրաւունքները, այսինքն՝ ծնողական սէրը։

17.  Սուրբ Գիրքին մէջ ի՞նչ օրինակ կայ այս մասին։

Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի պատմած Անառակ Որդիին առակը ծնողական սիրոյ եւ ներողամտութեան ամենէն յուզիչ օրինակներէն մէկն է։ Ան նաեւ կը ցուցնէ, թէ անառակ զաւակները ի՜նչ փորձութիւններու եւ նեղութիւններու ստիպուած են դիմանալու (Ս. Ղուկաս ԺԵ. 11–32)։

(Քաղուած՝ Խորէն Արք. Նարպէյի «Կանոն Քրիստոնէական Դաստիարակութեան» հատորէն)