
Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Երեսփոխանական 69/26-րդ ժողովը գումարուեցաւ 1-2 Մայիս 2026-ին, Գէմպրիճի մէջ, հիւրընկալութեամբ՝ Ս. Նշան Եկեղեցւոյ, նախագահութեամբ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի։
Ժողովին մասնակցեցան՝ Թեմիս հոգեւորական եւ աշխարհական երեսփոխաններ, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան, Կրօնական Ժողովի, Ազգային Վարչութեան անդամներ եւ Հոգաբարձութեանց ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ հրաւիրեալներ՝ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի, Հ.Օ.Մ.-ի Գանատայի Շրջանային Վարչութեան, Համազգային Գանատայի Շրջանային Վարչութեան, Հ.Մ.Ը.Մ. Գանատայի Շրջանային Վարչութեան, Հ.Յ.Դ. Գ.Պ.Մ. Ընդհանուր Վարիչ Մարմնի ներկայացուցիչները։

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան ժողովի բացումը աղօթքով կատարելէ ետք, ընթերցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին յղած Օրհնութեան Գիրը եւ ապա փոխանցեց իր ողջոյնի խօսքը։
Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի Դիւանի անդամ ընտրուեցան՝ Տիար Գրիգոր Շիթիլեան (ատենապետ), Տիար Գրիգոր Տէր Ղազարեան (ատենապետ), Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վարդապետ Եագուպեան (ատենադպիր) եւ Տիկին Հուրի Նաճարեան (ատենադպիր)։

Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Երեսփոխանական 69/26-րդ Ժողովը վերահաստատեց իր հաւատարմութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ անոր արժանընտիր գահակալին՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, մաղթելով Սուրբ Աթոռոյս անսասանութիւն եւ Հայոց Հայրապետին ընդ երկար գահակալութիւն։
Ժողովը բարձր գնահատեց Գանատայի Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի առաջնորդական 10-ամեայ ծառայութիւնը եւ յատկապէս շնորհաւորեց Եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան եւ օծման 20-ամեակը ու քահանայական ծառայութեան 42-ամեակը։

Ժողովը գերազանցօրէն գնահատեց Թեմիս գործադիր մարմիններու՝ Կրօնական Ժողովի ու Ազգային Վարչութեան միամեայ բեղուն գործունէութիւնը, յատկապէս՝ Քրիստոնէական Դաստիարակութեան, Հայեցի Դաստիարակութեան, Ուսումնագիտական եւ մարդասիրական աշխատանքներու ծիրէն ներս։
Ժողովս յատուկ կերպով իր գնահատանքը յայտնեց նաեւ Ազգային Առաջնորդարանի կողմէ հովանաւորուած Թորոնթոյի Tyndale Համալսարանի մէջ Հայ Եկեղեցւոյ Պատմութեան եւ Աստուածաբանութեան դասընթացքի յաջող գործընթացին։

Ժողովս մտահոգութիւն յայտնեց, այս օրերուն Միջին-Արեւելքէն ներս տիրող պատերազմական, տնտեսական եւ քաղաքական տագնապներուն, յատկապէս հայ համայնքներու դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ իր ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեց։
Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը խիստ դատապարտեց Հայրենիքի ներկայ իշխանութիւններու կողմէ տարուած ապազգային եւ անհիմն պայքարը Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ու հայ եկեղեցականներու դէմ:

Ինչպէս նաեւ խիստ դատապարտեց Իշխանութեան լռութիւնն ու անտարբերութիւնը Ատրպէյճանի կողմէ իրարկուած Արցախի մէջ մշակութային կոթողներու եւ ազգային ու կրօնական արժէքներու կործանման արարքին նկատմամբ եւ անվերապահօրէն պահանջեց հայ քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակումը։
Ժողովի աւարտին տեղի ունեցաւ լրացուցիչ ընտրութիւններ Կրօնական Ժողովի եւ Ազգային Վարչութեան։
ԴԻՒԱՆ
ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ
ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ 69/26-ՐԴ ԺՈՂՈՎԻ











