Մեր Պարտէզը

Գարունը մարդուն առջեւ կը բանայ բնութեան գեղեցկութիւնը։ Ծառերը կը սկսին կանաչիլ, ծաղիկները իրենց գոյները կը յայտնեն, հողը կարծես նոր շունչ կ’առնէ։ Բայց գարունը նաեւ կը բացայայտէ այն պարտէզները, որոնք երկար ժամանակ անխնամ մնացած են։ Անխնամ պարտէզները առաջին հայացքէն կանաչ կ’երեւին, բայց երբ աւելի մօտէն նայինք, կը տեսնենք, որ կանաչը միշտ ալ կեանք չի նշանակեր։ Երբեմն կանաչին մէջ մոլախոտ կայ, խճճուած ճիւղեր կամ բոյսեր, որոնք չեն աճիր, որովհետեւ անոնց շուրջը ամէն ինչ խեղդած է զանոնք։

Անխնամ պարտէզը թէեւ արտաքինէն կենդանի կրնայ երեւիլ, բայց իրականութեան մէջ ներսը առողջ չըլլար։ Մոլախոտը կը խլէ հողին ուժը, չոր ճիւղերը տեղ կը գրաւեն, իսկ առողջ բոյսը չի կրնար ազատ շնչել ու պտուղ տալ։ Հոն է, որ պարտէզը պէտք ունի պարտիզպանին՝ մէկու մը, որ գիտէ ինչ պէտք է քաղէ, ինչ պէտք է կտրէ, ինչ պէտք է պահէ եւ խնամէ։

Այս պատկերը շատ մօտ է նաեւ մեր հոգեւոր կեանքին, որովհետեւ մեր սիրտն ալ կրնայ վերածուիլ անխնամ պարտէզի։ Արտաքինէն ամէն ինչ կարգին կրնայ թուիլ. մարդը կը ժպտի, կը գործէ, ընտանիքի եւ ընկերային կեանքի մէջ իր պարտականութիւնները լիովին կը կատարէ։ Բայց ներսը կրնան կուտակուած ըլլալ մոլախոտեր՝ վախեր, վիրաւորանքներ, նախանձ, բարկութիւն, աններողամտութիւն, հպարտութիւն, ծուլութիւն կամ Աստուծմէ հեռացում։ Երբ այս բոլորը երկար ժամանակ անտեսուին, անոնք կը սկսին խեղդել հոգիին առողջ աճը։

Տեսէք Յիսուս ինչ կ’ըսէ այս մասին. «Ես եմ ճշմարիտ որթատունկը, եւ Հայրս մշակն է։ Անիկա կը կտրէ վրաս հաստատուած բոլոր այն ճիւղերը որոնք պտուղ չեն տար, իսկ բոլոր անոնք որոնք պտուղ կու տան՝ յօտելով կը մաքրէ, որպէսզի աւելի պտղաբեր ըլլան… ինծի միացած մնացէք եւ ես ձեզի միացած պիտի մնամ… չէք կրնար պտուղ տալ՝ եթէ ինծի միացած չըլլաք» (Յհ 15.1-4)։ 

Այս խօսքերուն մէջ Աստուած կը ներկայանայ իբրեւ սիրող Մշակ, իբրեւ Երկնաւոր Պարտիզպան։ Ան մեր կեանքին մէջ կը գործէ մաքրելու, բուժելու եւ պտղաբեր դարձնելու։

Հոգեւոր կեանքի մէջ վտանգաւոր է մտածել, թէ մենք կրնանք ամբողջովին ինքնաբաւ ապրիլ։ Եթէ այդպէս ընենք, մեր սիրտը կը նմանի այն պարտէզին, ուր մոլախոտերը կամաց-կամաց տեղ կը գրաւեն. Մեր կեանքէն աղօթքը կը նուազի, խաղաղութիւնը կը կորսուի, սէրը կը պաղի, իսկ հոգին կը յոգնի։

Բարի լուրը այն է, որ Աստուած երբեք չի լքեր Իր պարտէզը՝ մարդը։ Ան միշտ պատրաստ է վերադառնալու մեր սրտերուն մէջ, եթէ մենք բանանք դուռը։ Ան չի վախնար մեր խառնաշփոթէն։ Ան չի նահանջեր մեր չորցած ճիւղերը տեսնելով։ Ան գիտէ, թէ ինչ գեղեցկութիւն կրնայ ծաղկիլ այնտեղ, ուր մենք անկարգութեան վերածած ենք։

Այս յանձնուիլը կարելի է ամփոփել զղջում կամ ապաշխարութիւն բառերով, որ Աստուծմէ մեզի տրուած ազատագրող շնորհք մըն է։ Երբ կը զղջանք, մեր հոգիին դուռը կը բանանք Երկնաւոր Մշակին առջեւ։ Երբ կը խոստովանինք մեր մեղքերը, մենք կը ձգենք, որ Աստուած քաղէ այն մոլախոտերը, որոնք խեղդած են մեր հոգեւոր կեանքը։

Այսօր, երբ գարունը կը յիշեցնէ մեզի բնութեան վերանորոգումը, թող ան նաեւ յիշեցնէ մեր հոգիին վերանորոգման կարիքը։ Մեր սիրտերը պէտք ունին Աստուծոյ լոյսին, Անոր ջերմութեան, Անոր մաքրող եւ բուժող ձեռքին։

Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան