ԱՆԱՌԱԿԻ ԿԻՐԱԿԻ

ՂՈՒԿԱՍՈՒ ԱՒԵՏԱՐԱՆ. 15.1-32:

Մեծ Պահքի երրորդ կիրակին մեզ դուրս կը հանէ նախորդ Կիրակիներու Հին Կտակարանի պատումէն եւ դէմ յանդիման կը դնէ Նոր Կտակարանի ուսուցումններուն:

Այս եւ յաջորդ երկու Կիրակիները իրենց անունները կ’առնեն օրուան աւետարանական գլխաւոր առակներէն:

Այս առակը իր մէջ կը խտացնէ Աւետարանի հիմնական եւ կարեւորագոյն ուսուցումները, ուր կը տեսնենք հայրը,որ կը ներկայացնէ Աստուծոյ հայրութիւնը եւ Անոր անսահման սէրը իր զաւակներուն հանդէպ,մանաւանդ ապաշխարութեամբ դարձի եկող զաւակներուն:

Առակը կը սկսի երջանիկ ընտանիքի մը երջանիկ կրտսեր զաւակին պատմութիւնով: Երջանկութեան բոլոր պայմանները կ’ամբողջանար այս տղուն մօտ: Պատուաւոր, յարգուած եւ հարուստ հօր մը տան մէջ կ’ապրէր ան: Սակայն երջանիկ եւ դրախտային կեանքը երկար չի տեւեր: Սատանան՝ «օձ»ը,ինչպէս խաբած էր նախամարդը, նոյնպէս կը մօտենայ այս տղուն եւ կասկածի տակ կը դնէ անոր երջանիկ կեանքը: Այն օրէն տղուն մէջ կը սկսի չարի ու բարիի պայքարը, ինչպէս բնութեան մէջ լոյսը կը պայքարի խաւարին դէմ, տղուն պարագային սակայն չարը կը յաղթէ, որովհետեւ բարին կը քնանար իր մէջ: Աստիճանաբար, նախ կասկած յառաջացնելով Աստուծոյ խոստումին, ապա՝ հաւատալով չարին: Վերջ ի վերջոյ կը գովէ կեանքի վնասակար վայելքները ու արտաքին երեւոյթները: Այսպէս եղած է եւ է, սատանային գործելակերպը:

Կրնանք շատ բնական կերպով երեւակայել, թէ անառակին ծնողքը շատ խրատներ տուին իրենց հոգեհատորին,զգուշացնելով զինք կարգ մը ստոյգ վտանքներէ: Երբեմն ծնողական, անհուն սիրով աղաչեցին, որ չհեռանայ հայրենի տունէն: Բայց երիտասարդը չուզեց լսել, կարծելով թէ ինք աւելի խելացի եւ յառաջադէմ է,իսկ ծնողքը՝ յետամնաց, նոր կեանքի պահանջներներէն անտեղեակ: Փորձութեան հմայքը այնքան զօրաւոր էր,որ երիտասարդը միայն մէկ բան կը մտածէր,գոհացում տալ իր կիրքերուն: Ոտնակոխ կ’ընէ ծնողական սէրը կ’արհամարհէ փորձառուներու խրատները,դուրս կը նետուի հայրենի տունէն,ուղղակի փորձանքի մէջ: Կ’առնէ «իր բաժինը» ամբողջութեամբ ու օր մը կը հեռանայ գիւղէն, կը հաստատուի մեծ եւ շքեղ քաղաքի մը մէջ ու կը սկսի իր ազատ կեանքը ապրիլ: Աւետարանը կ’ըսէ իր օրերը կ’անցնէ «զեխութեամբ»:

Անառակ որդիին հիմնական մեղքը իր հօրը տունէն հեռանալը չէր սակայն: Աւետարանի կողմէ մատնանշուած մեղքը, չի գտնուիր մեր եկեղեցւոյ կողմէ մեղք նկատուած ցանկին մէջ, կան անոր մօտ եւ նման մեղքեր, սակայն տառացիօրէն աւետարանները կ’ըսեն. «Եւ վատնեց իր ինչքերը, անառակութեամբ» (Ղկ 15.13):

Վատնում բային արմատն է «վատ». շատ գէշ իմաստ ունեցող բառ մըն է հայերէն լեզուի մէջ: Մէկու մը երբ վատ մարդ է ըսենք, կը նշանակէ թէ ամենագէշ արտայայտութիւնը կ’ունենանք իր մասին:

Անառակ որդին իր ունեցած հարստութիւնը վատնելէ ետք, չար բախտէն այն օրերուն սով սկսած էր իր ապրած երկրին մէջ: Ոչ ոք իր երեսը կը նայեր, իր նախկին բարեկամները չէին ճանչնար զինք, ոչ իսկ գիշերելիք տեղ մը ունէր: Մօտիկ ագարակապանի մը մօտ խոզարածութիւն կ’առաջարկուի իրեն, երիտասարդը սիրայոժար կ’ընդունի, հակառակ որ սովի եւ անգործութեան օրերուն շատեր մերժած էին այդ ստորին եւ գարշահոտ գործը:

Թշուառ տղան կը մտածէր որ առնուազն գլուխը պատսպարելիք եւ փորը կշտացնելիք բան մը պիտի ունենայ:

Օրերու շղթան դժուար կը գակուէր, միշտ տխուր եւ կէս սոված էր, տրուած հացը բաւարար չէր. խոզերու առջեւ նետուած վատորակ պտուղներէն երբեմն կը փորձէր ուտել: Երբեմն անձնասպանութեան կամ տուն վերադարձի մտածումներ կ’ունենար իր քիչ մը մնացած ուղեղին մէջ: Կը յիշէր իր մանկութիւնը եւ մանաւանդ իր հօրը տան ծառաները,կը նախանձէր անոնց: Այս բոլոր երեւակայութիւններուն մէջ,սակայն,կար պատկեր մը,որ միշտ կը հալածէր զինք, վերջին անգամ տեսած հօրը պատկերն էր ան:

Հայրական սիրով օծուն եւ զինքը կորսնցնելու երկիւղով լեցուն էր: Այս պատկերը ուրուականի նման շուարումի կը մատնէր զինք:Այդ պատկերը թէեւ ծանր տառապանք կը պատճառէր իրեն,բայց միաժամանակ իր միակ յոյսն էր վերականգնումի: «Վերադառնալ իր հօրը տունը» մտածումն անգամ իրեն երջանկութիւն կը պատճառէր:

Ի վերջոյ իր մտքին մէջ երկու մտածումներ կը յստականան.

ա-Հօրը անկեղծ սէրը իրեն հանդէպ:

բ-Իր սէրը Հօրը հանդէպ:

Երկու սէրերը իրարու միացնելով իր ներաշխարհին մէջ, երկունք մը ստեղծուելով կը ծնի զղջումի գաղափարը:Լուսաբացին արդէն իսկ առած էր իր որոշումը, պիտի երթար ու հօրը ըսէր. «Հայր, մեղանչեցի Աստուծոյ եւ քեզի դէմ. այլեւս արժանի չեմ քու որդիդ կոչուելու, զիս քու գործաւորներէդ մէկը նկատէ» (Ղկ 15.21):

Հայրը, որ երկար ժամանակէ մը կը սպասէր զինք, կը զգայ, որ բարի լուր մը պիտի ստանայ իր որդիէն: Իր տան վերնատան պատուհանին առջեւ նստած կը դիտէր այն ճամբան, ուրկէ մեկնած էր իր կրտսեր որդին: Հորիզոնին վրայ յանկարծ մարդկային ուրուագիծ մը կը յայտնուի, հայրը տեսած էր իր հարազատ որդին,անմիջապէս յառաջ երթալով կը գրկէ զայն կը համբուրէ,կարօտը կ’առնէ. Որդին հօրը կ’ըսէ. «Հա՛այր, մեղանչեցի Աստուծոյ եւ քեզի դէմ, այլեւս արժանի չեմ քու որդիդ կոչուելու» (Ղկ 15.21): Հայրը կը հրամայէ իր ծառաներուն ըսելով. «Անմիջապէս բերէք լաւագոյն պատմուճանները եւ հագցուցէք իրեն.մատին անցուցէք իր մատանին: Բերէք պարարտ հորթը, մորթեցէք ուտենք եւ ուրախանանք: Որովհետեւ իմ այս զաւակս մեռած էր ողջնցաւ, կորսուած էր գտնուեցաւ» (Ղկ 15.22-24):

Ինչ գեղեցիկ կ’ըլլար եթէ առակը այս տեղ աւարտէր, ունենար երջանիկ վերջ մը: Սակայն այն ժամանակ վէպի մը տպաւորութիւնը պիտի թողուր եւ ոչ թէ իրական կեանքի մը խորհուրդը: Աւետարանը կ’աւելցնէ ըսելով. «Երէց եղբայրը իմանալէ ետք եղելութիւնը, զայրացաւ եւ չուզեց ներս մտնել» (Ղկ 15.28-32):

Ս.ԿԻՒՐԵՂ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԱՑԻ ՀԱՅՐԱՊԵՏ

Եկեղեցին իր պատմութեան ընթացքին ունեցաւ բազմաթիւ գանձեր: Անոնք սուրբ հայրերն են, որոնք նիւթի հրապոյրներէն, սին պերճանքներէն երբեք չայլայլեցան,այլ բարի վարքով, ուղիղ հաւատքով եւ առաքինութեամբ ապրեցան: Այդպիսիներէն էր Ս. Կիւրեղ Երուսաղէմացին՝ առաքելական եկեղեցւոյ հաւատքի ախոյեաններէն, որ իր հաւատարիմ ծառայութեամբ, կենդանի վկայութեամբ եւ հոգեւոր գրականութեամբ,դարձաւ սքանչելի հայրապետ մը:

Ս.Կիւրեղ ծնած է 4րդ դարու առաջին կիսուն՝ Երուսաղէմ, ուր ստացած է կրօնական դաստիարակութիւն: 345ին եկեղեցական ձեռնադրուած է Ս.Մաքսիմոս հայրապետին կողմէ: Ան յատկանշուած է իր համոզիչ եւ տպաւորիչ քարոզներով, այնպէս որ հայրապետին բացակայութեան ի՝նք կը քարոզէր: 348ին ընտրուած է Երուսաղէմի պատրիարք:

4րդ դարու եկեղեցին կը նմանէր նաւակի մը,որ հակառակ փոթորիկներուն եւ ծովու ալեկոծութութիւններուն, երբեք չխորտակուեցաւ, շնորհիւ այն սուրբերուն, որոնք պայքարեցան հերետիկոսներուն դէմ, մանաւանդ արիոսականներուն, որոնք տարակուսանքի կը մատնէին Քրիստոսի Աստուած ըլլալու ճշմարտութիւնը:

Ս.Կիւրեղ ամէն ջանք ի գործ դրած փառատելու աղանդներուն յռաջացուցած մշուշը,որ կը խռովեցնէր մտքերը: Անոր գրութիւններուն մեծ մասը ոսկեդարեան թարգմանութեամբ հայերէնի վերածուած է: Ան կ’ըսէ. «Երբ Որդի» կ’ըսենք, զայն պէտք չէ շփոթենք որդեծնութեան հետ, Ան Միածին Որդի է եւ չունի ուրիշ եղբայր, Ան կը կոչուի «Միածին»,որովհետեւ աստուածային փառքով եւ Հօրմէ ծնունդով եղբայր չունի, մենք Որդի կը կոչենք զԱյն,որովհետեւ Հայրը,Քրիստոսը Որդի անուանեց: Այս ծնունդը մարդկային ծնունդի չի նմանիր:Հայրը սկիզբէն Որդիին հետ է, իսկ Որդին ժամանակի ընթացքին Հայր չեղաւ,այլ յաւիտեաններուն մէջ Որդի էր»: Ս.Կիւրեղ յարութեան մասին կ’ըսէ. «Յարութեան յուսալը արմատն է բարի գործերուն: Վարձատրութեան անխուսափելի ճշմարտութիւնը հոգին բարեգործութեան մէջ կը հաստատէ,որովհետեւ իւրաքանչիւր ծառայ պատրաստ է կրելու ամէն տեսակի նեղութիւն, եթէ գիտնայ թէ պիտի վարձատրուի աւարտին»:

Իր գահակալութեան ընթացքին տեղի կ’ունենայ Սուրբ Խաչին հրաշալի երեւումը երկինքին մէջ,այդ սքանչելիքէն տպաւորուած բազմաթիւ անհատներ կ’ընդունին քրիստոնէութիւնը եւ Ս. Կիւրեղի ձեռքով կը մկրտուին:

Ս.Կիւրեղ կը վախճանի 386ին:

Պօղոս առաքեալ այս առիթով մեզի կը թելադրէ. «Յիշեցէ՝ք ձեր առաջնորդները,որոնք Աստուծոյ խօսքը բերին ձեզի: Նայեցէք թէ ի՛նչպէս ապրեցան եւ ի՛նչպէս մեռան անոնք եւ օրինակ առէք անոնց հաւատքէն» (Եբ 13.7):

Տաթեւ Ա.Քհնյ.Միքայէլեան

ՆԵՐՍԷՍ ՇՆՈՐՀԱԼԻԻ. «ՈՂԲ ԵԴԵՍԻՈՅ» ՊԱՏՄՈՒԱԾՔԸ

Ներսէս Շնորհալիի «Ողբ Եդեսիոյ» երկը գրելու պատճառը, 1144-թուականի Դեկտեմբրին, մահմէտական զորքերու կողմէ Եդեսիա հայաշատ քաղաքի գրաւումն ու աւերումՆ Է, խաղաղ բնակչութեան դաժան կոտորածը: Այրի կնոջ պատկերով Եդեսիան կ’ողբայ իր դժբախտութիւնը,ողբակցութեան հրաուիրելով տարածաշրջանի քրիստոնէութիւնը:Շնորհալին դիմելով Մեծ Հայքի հայութեան եւ յիշեցնելով Եդեսիոյ անցեալի փառքի եւ վեհութեան օրերը, հակադրելով ներկայ դժբախտ վիճակը:

Շնորհալի Հայրապետ կ’ըսէ. «Ո՞ւր են հայոց երբեմնի թագն ու պսակը, զինակիրները, նախարարներն ու իշխանները: Ո՞ւր են քաղցրաձայն երաժիշտի, կամ գեղգեղուն եղանակի ձայները: Ո՞ւր է հայոց թագաւորական գահը, Վաղաշապատ մայրաքաղաքը»: Վաղարշապատն ու Անին Շնորհալիի երկին մէջ կը ներկայանան հայոց անցեալի փառքի միաժամանակ նաեւ, որպէս մխիթարութեան խորհրդանիշները: Խորհրդանշականօրէն կը ներկայացուի Եդեսիայի որդիները՝ որպէս տարածաշրջանի աւանները, բնական գեղեցկութիւններն ու հարստութիւնները, առատ ու շէն կեանքի նկարագրութիւնը, որոնք այլեւս անցեալին կը պատկանին:

Հեղինակը ճարտարօրէն կը կերտէ որդեկորոյս մօր կերպարը, զոր օժտուած է մարդկային հոգեբանական գիծերով: Պատմուածքին տրամադրութիւնը յաճախակի փոփոխութեան կ’ենդարկուի, ըստ դէպքերու եւ խօսքերու սաստկութեան, այն աստիճան, որ ողբացողը անկարող կ’ըլլայ շարունակել իր արտայայտութիւնը: Ռազմական իրադարձութիւնները համակողմանի հակադրութիւն եւ գունաւորում կը ստանայ պամուածքին մէջ, հոն ակնյայտ է, անօրէն եւ անհաւատներու կողմէ պաշարուած նախարարներուն, զորքին, ժողովուրդի բոլոր խաւերուն նոյնիսկ կղերականներուն, հոգեկան բարձր տրամադրութիւնը, որոնք արիյաբար կռուի դաշտ իջած են հայրենիքի պաշտպանութեան ի խնդիր, մինչդեռ յստակ է թշնամիին մոլուցքը, որ նպատակադրած է միայն աւարի տիրանալ եւ հարստութիւն կողոպտել:

Ներկայացուած կերպարներուն մէջ, կայ բռնակալ եւ դաժան Զանգին, որու կարեւոր յատկանիշներէն է խաբէութիւնը եւ ուխտադրժութիւնը, որով նախքան Եդեսիա մուտքը բանակցած էր, ու երդում կատարած, որ ոչ ոքի վնաս պիտի հասնի խաղաղ պայմաններու մէջ քաղաք մուտք պիտի գործէ, սակայն ընդհակառակը մահմետական բանակը անխնայ կոտորած է Եդեսիայի հայութիւնը:

Ողբացող որբեւայրին (Եդեսիա քաղաքը) կ’անիծէ թշնամին եւ կը փորձէ մխիթարել վերապրող յուսահատ իր զաւակները: Բանաստեղծ Շնորհալի Հայրապետը կոչ կ’ուղղէ հայութեան, որ համախմբուին. «Ի Տուն Հայրենի»:

Շնորհալի Հայրապետը «Երկնային մխիթարութեան» զուգահեռ նաեւ կը հաւաստիացնէ տառապեալ ժողովուրդին, որ կեանքի ընթացքին փրկութիւնը կարելի է, եթէ հաւատքով յուսանք ուր կ’ըսէ. «յոյսով սպասել յղթանակի օրուան», հիմնական նպատակ ունենալով, հաւատք ներշնչել իր ժողովուրդին վերականգնումի եւ ապագայի հեռանկար կերտել անոնց մէջ:

«Ողբ Եդեսիոյ» պատումին մէջ ակնյայտ է Շնորհալիին այն գաղափարը, թէ հայ ժողովուրդը դարերու ընթացքին ի զուր տեղ յույսացած է քրիստոնէական աշխարհին, մանաւանդ խաչակիրներու արշաւանքներուն կ’անդրադառնայ եւ կը յորդորէ, որ օտարին չյուսալ, որովհետեւ անոնք քաղաքական հարցերով է, որ ձեռք կը ուզեն բերել ամէն ինչ:

Աշխարհաբարի Թարգմանեց՝

Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան