ԱՐՏԱՔՍՄԱՆ ԿԻՐԱԿԻ

ԱՐՏԱՔՍՄԱՆ ԿԻՐԱԿԻ

Մատթէոսի Աւետարան (5.17-48)

Մեծ Պահոց երկրորդ Կիրակին կը կոչուի Արտաքսման Կիրակի եւ օրուան խորհրդածութեան նիւթը կ’անդրադառնայ մարդու սկզբնական մեղքին եւ անոր անկումին:

Ադամն ու Եւան չպահեցին Աստուծոյ կողմէ իրենց տրուած առաջին «Պահքը» եւ ճաշակեցին «Բարիի եւ Չարի գիտութեան պտուղը»:

Արգիլեալ պտուղի ճաշակումը մարդկային կեանքի առաջին մեղքը եղաւ: Ոչ թէ պտուղը չար էր, այլ մարդուն Աստուծոյ չհնազանդիլն էր չարութիւնը:

Անոնք դրախտէն վտարուեցան ոչ թէ մեղանչած ըլլալնուն համար,այլ մեղքը չխոստովանելնուն համար՝ :Ադամ մեղադրեց Եւային. «Այն կինը որ ինծի հետ ըլլալու տուիր,ան զիս խաբեց, ինծի պտուղը տուաւ եւ ես կերայ»: Իսկ Եւան ըսաւ. «Օձը զիս խաբեց, եւ ես կերայ» (Ծնն 3.13-14):

Դրախտէն արտաքսուիլը ոչ թէ միայն Ադամին եւ Եւային՝ նիւթական աշխարհի մէջ յայտնուիլը եղաւ, այլ իսկական պատիժը՝ Աստուծոյ Կենդանարար ներկայութենէն զրկուիլն էր:

Արտաքսումը մեզի ցոյց կու տայ, որ մեղքի մէջ ապրող մարդը չի կրնար Աստուծոյ ներկայութեան մէջ ապրիլ:

Տիեզերքի եւ մարդու ստեղծագործութենէն ետք, Եդեմի պարտէզին մէջ մարդը կը գործէ առաջին մեղքը: Մեղքը աշխարհ մուտք կը գործէ մարդուն հպարտութեան եւ անհնազանդութեան պատճառով: Սակայն Աստուծոյ ողորմութիւնը եւ գութը իր արարածներուն հանդէպ կը մարմնաւորուի, Փրկիչին գալուստին ու մարդկութեան փրկութեան խոստումով:

Երբեք մենք զմեզ Ադամի եւ Եւայի կացութեան եւ վիճակին մէջ դրա՞ծ ենք, թէ ի՞նչ պիտի ընէինք,կամ ի՞նչ որոշում պիտի առնէինք: Աստուած ամէն բարիք եւ հանգստաւէտութիւն շնորհեց անոնց: Այլ խօսքով՝ Աստուած Ադամին ազատութիւն սահմանեց: Ադամէն պահանջուածը ստեղծագործութեան հանդէպ՝ նախանձախնդրութիւն, արարածներու յարաբերութեան մէջ՝ արթնութիւն,ուշիմութիւն եւ հասկացողութիւնը ու Աստուծոյ պատուիրաններուն նկատմամբ՝ հաւատարմութիւն ցուցաբերելն էր:Աշխարհի ամենէն երջանիկ մարդն իսկ,չի կրնար չմեղադրել կամ արդարացնել զայն՝ Աստուծոյ Օրէնքին զանցառումին համար:

Ամէն փորձութիւն արդիւնք է մարդու մարմնաւոր եւ հոգեւոր ցանկութիւններուն: Սատանան կ’աշխատի մարդը շեղել իր գոյութեան նպատակէն ու պատճառէն: Կարելի՞է երեւակայէլ, որ օձը պատճառ դառնայ մարդուն անկումին: Կը հասնինք այն եզրակացութեան, որ այդ անկումին ետեւ կանգնողը Սատանան ինքն էր:

Սուրբ Գրքի մէջ կը կարդանք թէ ինչպէ՞ս Սատանան կը մօտենայ Եւային, իր առանձնութեան մէջ. Եւ ինչպէ՞ս կը գործէ օձին ճամբով, ինչպիսի՞ ճարպիկութեամբ կ’այլափոխէ Աստուծոյ խօսքերը եւ ինչպիսի՞ վարպետութեամբ կը ներթափանցէ ու կը գրաւէ Եւայի սիրտն ու միտքը:

Սատանան կը յաջողի Եւային մէջ Աստուծոյ խօսքին հանդէպ կասկած յառաջացնել, եւ համոզել զինք եւ գոհացում տալ անոր հետաքրքրասիրութեան:

Անհնարին է որ մարդ արարածը զգայ փորձութեան դառնութիւնը,ցաւն ու տառապանքը, որոնք կը հետեւին փորձութեան: Սատանան մարդուն ցոյց կու տայ մեղքին միայն հաճելի բաժինը եւ ոչ թէ մեղքի ծանրութիւնը:

Այսօրուայ աւետարանական հատուածը առնուած է, լերան քարոզի երկրորդ մասէն, ուր մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս կ’ուսուցանէ մարդու կեանքի փոխ-յարաբերական ճշմարիտ սկզբունքներն ու զանոնք գործադրելու ձեւերը: Հատուածէն կարելի է քաղել հետեւեալ ճշմարտութիւնները.

ա-Աստուած պատուիրեց նախամարդուն ըլլալ զուսպ եւ ժուժկալ,իր ընթացքին մէջ, ամէն ազատութիւն տրուած էր իրեն,սակայն մարդը իր ազատ կամքով եւ անհնազանդութեան պատճառաւ մեղանչեց:

բ-Նախամարդոց մեղանչումին պատճառաւ անոնց կեանքին մէջ մուտք գործեցին՝«Ցաւը, Տառապանքն ու Մահը»:

գ-Անոնք աստուածային վճիռով արտաքսուեցան դրախտէն: Մեղանչումի երեք դերակատարներն ալ ստացան իրենց արդար պատիժը: Աստուծոյ տնօրինութեամբ Ադամ իր ճակտի քրտինքով պիտի վաստակեր եւ ուտեր իր հացը: Իր կինը Եւան ցաւով ու երկունքով ծննդաբերութիւն ունենար: Իսկ օձը իր փորին վրայ պիտի սողար եւ իր ու մարդուն միջեւ թշնամութիւն յառաջանար,մարդը ջախջախեր օձին գլուխը, իսկ օձը պիտի խայթեր մարդուն գարշապարը (Ծնն 3.15-16):

Ս.ԹԷՈԴՈՐՈՍ ԶՕՐԱՎԱՐ

Ծնած է Ամասիոյ Եւխայիլ գիւղը, երրորդ դարու վերջերը: Ասպարէզով՝ զինուորական, կտրիճ եւ քաջ սպարապետ: Կապադովկիոյ հռոմէական գունդին հրամանատար: Կոստանդիանոս կայսեր քրիստոնէութեան դարձէն ետք Արեւմուտքի եկեղեցին որոշ ազատութիւն կը ստանայ, սակայն Արեւելքի մէջ տակաւին կը շարունակուի հալածանքները քրիստոնէութեան դէմ: Իմաստուն եւ մարդասէր զօրավարը իր պաշտօնը կը ծառայեցնէ տկարներու պաշտպանութեան եւ քրիստոնէութեան տարածման համար:Իր պատճառով բազմաթիւ հեթանոսներ քրիստոնեայ կը դառնան ու կը մկրտուին:

Առիթով մը Ս. Թէոդորոս զօրավար, հնարքով ձեռք կը ձգէ իր մեծաւորին՝ Լիկիանոսի պաշտած ոսկեայ եւ արծաթեայ կուռքերը,զանոնք մանրելով կը բաժնէ աղքատներուն:Լիկիանոս իմանալով եղելութիւնը, իսկոյն ձերբակալել կու տայ սուրբը, աչքերը հանելէ ետք, խաչ կը բարձրացուի եւ կ’արժանանայ նհատակութեան փառաց պսակին:

Կ. ՊՈԼՍՈՅ Ս. ԺՈՂՈՎԸ

Կ.Պոլսոյ Տիեզերական սուրբ ժողովը գումարուած է 381 թուին, Թէոդորոս կայսեր հրամանով եւ 150 հայրապետներու մասնակցութեամբ, Մակեդոնի հերետիկոսական մտածումներուն պատճառով:

Մակեդոն արիոսականներու կողմէ Կ.Պոլսոյ պատրիարք ընտրուած էր, մինչ ուղղափառները ընտրած էին Պօղոս անունով եկեղեցական մը: Կայսեր հրամանով Պօղոս կը հեռացուի իր պաշտօնէն, որու փոխարէն կը նշանակուի Մակեդոն:Բայց յետագային կայսրը անոր վատ եւ մոլորեցնող ընթացքը տեսնելով, զինք եւս կը հեռացնէ աթոռէն: Մակեդոն կ’անցնի արիոսականներու կողմը եւ կը սկսի քարոզել իր մոլորեցուցիչ ուսուցումները:

Արիոսականները կ’ուսուցանէին թէ Ս.Հոգին համահաւասար եւ համագոյակից չէ Հօր եւ Որդիին, այլ անոնցմէ ստորադաս է:

Թէոդորոս կայսրը խռովութիւններու եւ աղանդաւորական շարժումի առաջքը առնելու նպատակով կը հրամայէ ժողով մը գումարել եւ հոն հաստատել ու դաւանիլ Ս.Երրորդութեան հաւասարութիւնը:

Այս ժողովին, ըստ աւանդութեան, Հայ Եկեղեցւոյ կողմէ ներկայ կ’ըլլայ Ս.Ներսէս Հայրապետ:

Տաթեւ Ա.Քհնյ.Միքայէլեան

«ՄԱՅՐԵՆԻ ԼԵԶՈՒԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՕՐ»

21 Փետրուարը «Մայրենի Լեզուի Միջազգային Օր»ն է. Կը շարունակուի Հայոց Մայրենիի պաշտպանութեան պայքարը 21 Փետրուարին, քաղաքակիրթ ողջ մարդկութեան հետ, աշխարհասփիւռ հայութիւնը եւս կը նշէ «Մայրենի Լեզուի Միջազգային Օր»ը։ 21 Փետրուարը իբրեւ «Մայրենի Լեզուի Միջազգային Օր» հռչակելու որոշումը կայացուց ԵՈՒՆԵՍՔՕն՝ Միացեալ Ազգերու Կրթական, Գիտական եւ Մշակութային Կազմակեր-պութիւնը (United Nations Educational, Scientific and Cultural Organization)։ Որոշումը տրուեցաւ 2009ի Նոյեմբերին, ԵՈՒՆԵՍՔՕի Ընդհանուր Ժողովի 30րդ նիստին՝ լեզուներու եւ մշակոյթներու բազմազանութիւնը պահպանելու եւ զարգացնելու գլխաւոր առաջադրանքով։ ԵՈՒՆԵՍՔՕի որոշումը կ’առաջադրէր, պաշտօնական բանաձեւումով, միջազգային ճի-գերով աջակցիլ «մայրենի լեզուներու իրաւունքներուն ճանաչման եւ գործածութեան»։ Այդպէ՛ս, Նոյեմբեր 1999ի ԵՈՒՆԵՍՔՕի որոշումին հիման վրայ, 21 Փետրուար 2000էն սկսեալ, ամէն տարի, աշխարհի չորս ծագերուն, Փետրուար 21ին կը նշուի քաղաքա-կիրթ մարդկութեան մեծագոյն հարստութեան՝ Մայրենիի պահպանման, պաշտպանու-թեան եւ զարգացման նուիրական այս տօնը։

Հետեւաբար, մինչեւ 2000 թուականը, միջազգային հանրութիւնը չունէր Փետրուար 21ին նշուող Մայրենիի միջազգային Օր։ Ամենայնդէպս, Մայրենի Լեզուներու Միջազգային Օրը, թէեւ ուշացումով, եկաւ նուիրա-գործելու քաղաքակիրթ մարդկութեան կտրական Ո՛Չը ընդդէմ աշխարհի տարածքին յա-մեցող խտրականութեանց ամէնէն ահաւոր դրսեւորումներէն մէկուն՝ մայրենի լեզունե-րու պահպանման, ազատ գործածութեան ու անկաշկանդ զարգացման դէմ շարունակո-ւող անհանդուրժողութեան ու այլամերժութեան։ Փաստօրէն, քաղաքակրթութեանց պատմութեան բազմազգեան բոլոր մատեաններուն մէջ, հազարաւոր տարիներէ ի վեր, մարդկութիւնը դէմ յանդիման գտնուած է բռնակալ ու տիրակալ հզօր ազգերու մայրենի լեզուն – նաեւ այդ ճամբով անոնց գերիշխող մշակոյթը – փոքր ու տկար ազգերուն պարտադրելու մեղսագործութեան։ Այն աստիճան, որ քաղաքակրթութեանց պատմութեան ճակատին իբրեւ ցեղապաշտու-թեան մուր եւ ամօթի խարան դրոշմուած է անպաշտպան ազգերու Մայրենին աշխարհի երեսէն սրբելու մեծագոյն յանցագործութիւնը…

Յատկապէս քսաներորդ դարու ամբողջ երկայնքին, գաղութատիրութեան եւ կայսերա-պաշտութեան կապանքներէն ազատագրուելու քաղաքակրթական դըժուարին պայքա-րին հետ, միջազգային հանրութիւնը բաղկացնող միջակ ու փոքր ազգերն ու ազգային փոքրամասնութիւնները օրհասական կռիւ մղեցին ի խնդիր իրենց մայրենի լեզուին պաշտպանութեան՝ Մայրենիի անհետ կորուստի վտանգին դէմ մաքառելով իրենց բոլոր ուժերով։ Ահա այդ պայքարին արգասիքը եղան «Մայրենի Լեզուի Միջազգային Օր»ուան աշխար-հով մէկ հռչակումն ու նուիրագործումը։ Որոշապէս հայ ժողովուրդին համար տարուան տօնական օրերուն ամէնէն նուիրականը կը հանդիսանայ Մայրենիին Օրը։ Այդպէ՛ս է ոչ միայն Սփիւռքի տարածքին, ուր ամէն վայրկեան զգալի են եւ տագնապեց-նող՝ Մայրենիի նահանջն ու տեղատուութիւնը, այլեւ հայրենի հողին վրայ, ուր հայութիւ-նը տակաւ կը թօթափէ խորհրդային կարգերու տակ Մայրենիին պարտադրուած գաղա-փարախօսական ամբողջատիրութեան կապանքները։ Փաստօրէն, ամբողջ 70 տարի -Հայերէնին ոչ¬պետական լեզու հռչակուելու վտանգին դէմ մղուած պայքարէն ետք, Հա-յաստանի վերանկախացման պայմաններուն մէջ ալ, Մայրենիի պահպանումն ու լիար-ժէք զարգացումը կը դիմագրաւեն ծանրակշիռ գրոհը համաշխարհայնացման հարթիչ գլանին։

Համաշխարհայնացման նորօրեայ ճնշումն ու վտանգը դիմագրաւելու նախանձախնդ-րութեամբ է, որ հայ ժողովուրդի ազգային ինքնապահպանման ու հայօրէն զարգացման Օրակարգին առաջնահերթ խնդիրը կը շարունակէ մնալէ Հայ Լեզուի անաղարտ պահ-պանումն ու ժամանակի ոգիով վերաթարմացումը։ Հայրենական եւ սփիւռքեան միասնական զօրաշարժով եւ պետական թէ հասարակա-կան ուժերու լարումով՝ հայոց Մայրենիին պարտք ենք իր ուրոյն զարգացման ապահո-վումը, որպէսզի հայաշխարհով մէկ հնչէ մեծագոյն իմաստութիւնը մեր ազգային ածուին՝ մեսրոպեան տառերով բանաձեւուած «Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ, իմանալ զբանս հանճարոյ» պատգամով։ Ի վերջոյ ունկնդիր պէտք է մնալ հայոց մեծերուն անփոխարինելի այն իմաստութեան, որ երբ Հայրենին՝ հո՛ղը կ’երերայ հայ ազգի ոտքին տակ, Մայրենի՛ն է միակ ու կենարար ա-պաստանը հայուն։ Աչքի լոյսի պէս պէտք է գուրգուրալ Մայրենիի պաշտպանութեան եւ ազատ զարգացման վրայ, որովհետեւ Ազգի եւ Հայրենիքի հոգեմտաւոր Տունը աներեր պահելու անփոխարի-նելի երախտիքն է ատիկա, ինչպէս որ մեր բանաստեղծները կը պատգամեն՝ «Հայ լեզուն տունն է հայուն աշխարհի չորս ծագերուն»։