ՏՆՏԵՍԻ ԿԻՐԱԿԻ

ՏՆՏԵՍԻ ԿԻՐԱԿԻ

ՂՈՒԿԱՍՈՒ ԱՒԵՏԱՐԱՆ 16.1-31

Մեծ Պահոց չորրորդ կիրակին կը կոչուի. «Տնտեսի» Կիրակի: Քրիստոսի պատմած գեղեցկագոյն առակներէն մին է: Այս առակը դժուարիմաստ է խորքին մէջ,եթէ նիւթական անկիւնէն դիտուի հարցը, բայց իրականութեան մէջ Յիսուս կը փորձէ շօշափելիօրէն հասկցնել մարդուն թէ ինչպէ՞ս կը կայանայ նիւթականի եւ բարոյականի փոխ յարաբերութիւնները:

«Տնտեսի» առակը իր մէջ ճշմարտութիւններ կը բովանդակէ, որոնք հոգեւոր են, այլ խօսքով՝ մարդու հոգիի փրկութեան վերաբերող իրականութիւններ:

Մեծահարուստ մարդ մը իր ունեցուածքին վրայ տնտես մը ունէր: Օր մը կ’իմանայ թէ, տնտեսը կը վատնէ իր հարստութիւնը, ուստի զինք կանչելով հաշիւ կը պահանջէ իրմէ, իմանալէ ետք եղելութիւնը զինք կը զրկէ իր պաշտօնէն:

«Տնտեսը» ինքնիրեն կը մտածէ թէ ի՞նչ ընեմ որ մարդկ զիս կրկին ընդունին իրենց տուներէն ներս աշխատելու, ապա մէկ առ մէկ կը կանչէ իր տիրոջ պարտապանները եւ իւրաքանչիւրէն բաժին մը կը զեղչէ եւ հաշուեփակ կը կատարէ, որպէսզի գործէ արձակուելէ ետք, նոր բարեկամներ սիրաշահած ըլլայ: Աւետարանը կ’ըսէ. «Տէրը ասիկա լսելով՝ գովեց անիրաւ տնտեսը իր հնարամտութեան համար» (Ղկ 16.8):

Մարդը տնտես նշանակուած է Աստուծոյ կողմէ ողջ աշխարհին եւ անոր անսահման բարիքներուն ու գանձերուն վրայ: Ան ինչպէ՞ս պէտք է վարէ իր «Տնտեսութիւն»ը: Ասկէ կը ծագի յատկապէս քրիստոնեային համար կարեւոր հարց մը, թէ տնտեսին ըրածը յանցա՞նք է:

«Տնտեսի» առակը այս հարցին որոշակիօրէն կը պատասխանէ: Եթէ տնտեսին ըրածը, չարաշահութեան, վաշխառութեան եւ խաբէութեան արդիւնք չէ, այլ հնարամտութեան՝ ուրեմն յանցանք չէ. «Աշխարհիկ հարստութիւնը գործածեցէք այնպէս, որ Աստուծոյ բարեկամութիւնը շահիք» (Ղկ 16.9):

Ասուած մարդուն տնտես կարգեց եւ ուզեց, որ Իր ստեղծած մարդը միաժամանակ Իր գործակիցը ըլլայ, որպէսզի մարդը ինքն իր անձին վերակացուն ըլլալով, նաեւ տնօրինէ իր եւ շրջապատին բարոյական արժէքները եւ սատար հանդիսանայ բոլորին բարեկամութիւնը եւ համակրանքը շահելու:

«Տնտեսի» առակին մէջ, թէեւ տնտեսը հեռացած էր իր պաշտօնէն, բայց եւ այնպէս կը խորհէր միջոց մը որդեգրել եւ կրկին դառնալ իր նախկին վիճակին: Ուզեց վերականգնիլ իր անկումէն եւ արթննալ մահուան քունէն: Ան չյուսահատեցաւ,այլ ճարպիկութեամբ փորձեց ելք մը գտնել, ուստի օգտագործեց յարմար առիթը:Պօղոս առաքեալ կ’ըսէ. «Որքան ատեն որ ժամանակը մեր ձեռքն է՝ բարիք ընենք բոլորին,մանաւանդ հւատքի ճամբով մեր հարազատներուն» (Գղ 6.10):

Տէրը տնտեսին իմաստուն վերաբերմունքը տեսնելով զայն կը գովէ: Որովհետեւ առաջին հերթին, նիւթը օգտագործեց իր ապագան շահելու, երկրոդ նիւթը օգտագործեց որպէս միջոց, մարդասիրութեան նպատակներով եւ ոչ թէ ինքնանպատակ:

Մենք եւս պէտք է տնտեսին իմաստութիւնը ունենանք՝ բարեկամներ ապահովելու, ճշմարիտ եւ աստուածահաճոյ գործեր կատարելու համար: Ուշ կամ կանուխ մեզմէ եւս պիտի պահանջուի որպէս մարդ այս անցաւոր աշխարհէն բաժնուելէ ետք, Աստուած պիտի ըսէ. «Քեզի յանձնուած բոլոր ստացուածքներուն հաշիւը տուր» (Ղկ 16.2):

Պատասխանատուութեան զգացումը եւ պարտականութեան գիտակցութիւնը քրիստոնեայ հաւատացեալին առաքինութիւններն են, իսկ անոնցմէ զուրկ ըլլալը՝ յանցանք է եւ մեղք:

Մեր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոս կը թելադրէ, որ մենք եւս շահինք Աստուծոյ բարեկամութիւնը: Աստուծոյ հետ բարեկամանալու համար հարկ է նախ մեղքէն հեռանալ: Տիրոջ հետ միանալու միակ միջոցը չարէն ու անոր գայթակղութիւններէն անջատուիլն է, ես-էն ու անոր կործանարար բնութենէն հրաժարիլ: Առակին մէջ,տանուտէրը Աստուած է, իսկ տնտեսը մարդը,աշխարհի հարստութիւնները եւ ստացուածքները Աստուծմէ տրուած բարիքներ են տրամադրուած, մարդը անոնց տէրը չէ, այլ մատակարարող պաշտօնեան «Տնտես»ը:

Աստուած այս աշխարհի բարիքները մարդուն յանձնած է, զանոնք գործածելով հանդերձեալ կեանքի տիրանալու:

Առակին հիմնական նպատակն է, թէ մարդ պարտաւոր է, այս աշխարհէն ստացած բարիքներէն բաժին հանել, օգնել, նպաստել, ողորմիլ իր նմանին, որպէսզի ժառանգէ յաւիտենական կեանքը:

Թող ամենաբարին Աստուած շնորհքի եւ հաւատքի թթխմորը առատացնէ մեր մէջ, որպէսզի խմորէ ամբողջ զանգուածը՝ մեր էութեան:

ՅՈՎՀԱՆ ՈՐՈՏՆԵՑԻ ՎԱՐԴԱՊԵՏ

Իմաստասիրութիւնը իր բազմադարեան գոյութեան ընթացքին մեծապէս նպաստած է հոգեւոր մշակոյթի եւ գիտական միտքի զարգացումին:

Հայ իմաստասիրական միտքը աննախադէպ զարգացում կ’ապրի 13-14րդ դարերուն: Հանդէս կու գան իմաստասէր հայրեր, որոնցմէ իւրաքանչիւրը մեծ աւանդ կ’ունենայ իմաստասիրութեան եւ աստուածաբանութեան բնագաւարներէն ներս:

Յովհան Որոտնեցի մեծանուն վարդապետը կը պատկանի այդ իմաստասէրներու փաղանգին: Ծնած է 1315ին, պատմական Սիւնիք նահանգի Ծղուկ գաւառի Վաղանդի գիւղը: Ան Օրբելեան ազգատոհմէն՝ Իվանէ իշխանին որդին էր: Բարձրագոյն կրթութիւնը կը ստանայ Գլաձորի համալսարանին մէջ, ուսուցչապետ ունենալով նշանաւոր գիտնական՝ Եսայի Նչեցին: Որոտնեցին աստուածաբանութեան կողքին կ’ուսանի յունական դասական փիլիսոփաներուն՝ Պղատոնի, Արիստոտէլի, Պորփիւրի եւ ուրիշներու ստեղծագործութիւնները: Ան կը հետեւի նաեւ քերկանութեան, ճարտասանութեան եւ բնագիտութեան:

1338ին քաղաքական անբարենպաստ պայմաններու եւ Եսայի Նչեցիի մահուան պատճառով կը փակուի Գլաձորի համալսարանը: Որոտնեցի քանի մը տարի ետք Տաթեւի մէջ կը հիմնէ նոր համալսարանը, դառնալով անոր ուսուցչապետը:

Պատմութիւնը կը վկայէ, թէ Յովհան Վարդապետ իր ուսումը կատարելագործելու միտումով 1340 ականներուն կը փոխադրուի Որոտանի վանքը, որմէ կը ստանայ Որոտնեցի մականունը:

Յովհան Որոտնեցի կը համարուի պարագլուխը այն շարժումին, որ 14րդ դարու կիսուն հայ հոգեւորականութիւնը կազմակերպած էր Ունիթոռներուն դէմ: Ունիթոռները կը ձգտէին ոչնչացնել Հայ Եկեղեցւոյ ինքնուրոյնութիւնը զայն ենթարկելու Հռոմէական եկեղեցւոյ, լատինացնելով հայութիւնը՝ կրօնքով, լեզւով եւ ուսուցումներով: Այդ պայքարը բարեբախտաբար վերջ կը գտնէ Հայ Եկեղցւոյ յաղթանակով:

Որպէս արժանի հետեւորդ Սիւնեաց տոհմին, Յովհանին վերապահուած էր Արքեպիսկոպոսութեան աթոռը, սակայն ան կը հրաժարի անկէ եւ ամբողջովին կը նուիրուի եկեղեցւոյ:

Որոտնեցին Տաթեւի եւ Ապրակունիսի վանքերէն ներս հանդէս եկած է իր դասախօսութիւններով, որոնք որպէս փիլիսոփայական աշխատութիւններ,գիտական բազմազան ստեղծագործութիւններու կողքին, առանձնայատուկ տեղ գրաւած են:

Այդ աշխատութիւնները հետագային մշակած ու խմբագրած է իր աշակերտը՝ Գրիգոր Տաթեւացին:

Յովհան Որոտնեցի հաւատքի եւ բանականութեան յարաբերութեան հարցը վերլուծելով կ’եզրակացնէ, թէ «Աստուծոյ գոյութիւնը կարելի է հիմնաւորել բանականութեան միջոցով»:

Յովհան Որոտնեցի կը վախճանի 1386ին, կը թաղուի Ապրակունեաց վանքին մէջ: Ան կը սրբադասուի Սիմէոն Երեւանցի Կաթողիկոսի կողմէ եւ անունը կը նշուի Հայ Եկեղեցւոյ տօնացոյցին մէջ: Որոտնեցիի շնորհիւ Հայ Եկեղեցին կ’ունենայ ուսեալ եւ քաջարի վարդապետներու ընտրանի մը, որոնք կը նուիրուին ազգային եկեղեցական գոյութեան պայքարին:

Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան

Ներսէս Շնորհալիի «ՅԻՍՈՒՍ ՈՐԴԻ» Երկը

1152 ին, Ներսէս Շնորհալին գրած է 4000 տողերէ բաղկացած. «Յիսուս Որդի» խորագրով մեզի հասած երկը:

Համաձայն երկը ուսումնասիրող բանասէրներուն կարծիքին, թէ՝ Շնորհալի Հայրապետ որոշ որոնումներ կատարելէ ետք իր թեման ընտրած է Հին եւ Նոր Կտակարաններու համեմատութեամբ եւ բովանդակութեամբ: Այս ստեղծագործութիւնը Շնորհալիի նպատակադրումով հասցէագրուած է, լսարաններու ուսանողներուն եւ ընթերցող լայն հասարակութեան ծանօթացնել Աւետարանի բովանդակութիւնը,«Յիսուս Որդի»ն կու գայ լոյս սփռելու մարդկային կեանքին վրայ, որ կը տառապի ցաւի եւ մեղքի անձկութենէն, որպէսզի փարի աստուածային շնորհքէն կաթող լոյսին եւ վերականգնող զօրութեան:

Շնորհալին, «Յիսուս Որդի»ն գրած է, հիմք ունենալով մանկավարժական սկզբունքներ եւ Աստուածաշնչական գրքերու կանոնական հիմքերու վրայ հաստատուած, ծանօթացնելու ընթերցողին Հին եւ Նոր կտակարաններու կարեւոր դրուագները, յստակացնելով այլաբանական իմաստով կատարուած արտայայտութիւնները, զանոնք մատչելի մեկնաբանութեամբ ներկայացնելով: Հետւաբար բանասէրներու կարծիքով եւ հաստատումով Շնորհալին ջանացած է, ուսուցողական նպատակ իրականացնել, միշտ վկայակոչելով այն հանգամանքը, որ երկը երգելով ալ կարելի կ’ըլլայ, որպէսզի նպաստէ երկին ընկալելի եւ մատչելի ըլլալը:

Անշուշտ Շնորհալիի. «Յիսուս Որդի»ն ունի ուսումնակրթական նպատակադրում, ինչպէս եւ անոր ողջ ստեղծագործութիւնը: Սակայն. «Յիսուս Որդի»ն իմաստասիրական խորք եւ գաղափարական լայն ընդգրկումներով բազմաշերտ ստեղծագործութիւն է, քրիստոնէական վարդապետութեան իւրօրինակ դասագիրք մըն է ան, ուր բանաստեղծական պատկերները եւ միտքի թռիչքը պարզ եւ յստակ:

Ընթերցողին դիմաց կը պարզուի Շնորհալիի հետապնդած նպատակը:

«ՅԻՍՈՒՍ ՈՐԴԻ»

Յիսուս. Որդի Հօր, Միածին,

Եւ ճառագայթ կերպարանքին,

Անճառ ծընունդ նախատիպին,

Անհատապէս Քու ծընողին:

Որմէ բոլորն կը ստեղծըւին,

Բոլոր անոնք՝ որ կ’երեւին,

Մարմնաւորներն եւ անմարմին,

Բանականներն հետ անբանին:

Կենդանականք որ կը բուսնին,

Անկենդաններ որ չեն շարժիր,

Քեզ հետ՝ քու Հօր, քեզ սիրողին

Գոհութիւններ կը ղրկուին:

Եւ Սուրբ Հոգին՝ Քու Էակցին,

Փառատրութիւնք կը մատուցուին,

Մաքրամաքուր ընտրեալներէն,

Որ Քու յարկիդ տակ կը մտնեն:

Ընդունէ զիս, Տէր անոնց հետ,

Արհամարհողս պատուէրդ յաւէտ,

Նմանողս անառակին,

Եւ Հօրդ ինչքը զուր վատնողին:

Քու պատիւըդ անարգողին,

Հաւասարողըս անմիտին,

Դեւերուն մէջն ագարակին,

Խոզի երամն արածողին:

Անօթիիս, բայց ոչ՝ հացին,

Այլ լսելու՝ Տիրոջդ խօսքին,

Ցանկացող եմ ջերմ եղջիւրին,

Ամենէն դառն քաղցըր մեղքին:

Ինչպէս Ադամն այն առաջին,

Որ իր մեղքով կ’անուանուի հին,

Առինք իրմէ մահն ողբալին,

Կորսնցուցինք մեր ցանկալին: