ԵԿԵՂԵՑՒՈՅՍ ՀՈԳԵՒՈՐ ՏԵՍՈՒՉԸ ԿԸ ՊԱՏԱՐԱԳԷ ԳԱՄՊՐԻՃԻ ՄԷՋ ԵՒ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՔԵՍԱՊՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՀԱՒԱՔԻՆ

Տնօրինութեամբ Թեմիս առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի, Կիրակի, 3 Օգոստոս 2025-ին, Գէմպրիճի Սուրբ Նշան Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց եւ օրուան պատգամը փոխանցեց Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչ՝ Գերպ. Տ. Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան։ Մեկնելով օրուան աւետարանական ընթերցումէն՝ Հայր Սուրբը անդրադարձաւ Աստուծոյ մօտ մարդու արժէքին եւ մարդու կոչումին՝ Աստուծոյ պէս դիտելու բոլոր մարդոց։

Պատարագէն ետք, Հայր Սուրբը մասնակից դարձաւ Քեսապցիներու համահաւաքին եւ անոնց կազմակերպած դաշտագնացութեան, ուր մատաղի օրհնութիւնը կատարեց եւ իր սրտի խօսքը փոխանցեց։