Չորեքշաբթի, 6 Օգոստոս 2025-ին, Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Հայց. Առաքելական Եկեղեցի այցելեց Լիբանանէն ժամանած Հայկազեան Համալսարանի Տնօրէն՝ Վերապատուելի Փօլ Հայտոսթեան, ընկերակցութեամբ՝ Թորոնթոյի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ Հովիւ Պատուելի Զոհրապ Սարգիսեանի եւ Միջ-Յարանուանական Մարմնի Ատենապետ` Տիար Յակոբ Ճանպազեանի:

Հիւրերը դիմաւորուեցան եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչ՝ Գերպ. Տէր Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեանի, Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ.Տէր Տաթեւ Աւ. Քհնյ. Միքայէլեանին եւ Բրշ. Մանօ Սրկ. Ճենանեանի կողմէ:
Յարգոյ հիւրերուն բարի գալստեան խօսք արտասանեց Հայր Սուրբը եւ հակիրճ բացատրութիւն տուաւ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան եւ հոգեւոր ծառայութեան մասին. այցելութեան աւարտին, գոհաբանական աղօթք արտասանուեցաւ բոլորին կողմէ: