Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

ՀՈԳԻԻ ԱՆՄԱՀՈՒԹԻՒՆԸ

Մեր ծնունդը միայն քուն մըն է եւ մոռացում,
Հոգին, որ մեզի հետ կը ծագի,
Մեր կեանքին աստղն է,
Որ այլուր ունեցած է իր մայրամուտը
Եւ հեռաւոր վայրերէ կու գայ։

Ո՛չ ամբողջական մոռացումով,
Ո՛չ ալ կատարեալ մերկութեամբ,
Այլ փառքի ամպեր ետեւէ քաշելով՝
Կու գանք Աստուծմէ, որ մեր տունն է։
Երկինքը մեր շուրջն է մեր մանկութեան օրերուն։

Բանտի ստուերները կը սկսին փակուիլ
Մեծցող տղուն շուրջ,
Բայց ան կը տեսնէ լոյսը եւ անոր աղբիւրը,
Կը տեսնէ զայն իր ուրախութեան մէջ։

Պատանին, որ ամէն օր աւելի կը հեռանայ
Արեւելքէն, տակաւին բնութեան քահանան է,
Եւ հրաշալի տեսիլքով մը
Իր ճամբան կը լուսաւորուի։


Ի վերջոյ մարդը կը տեսնէ, թէ անիկա ինչպէս կը մարի
Եւ կը տարրալուծուի առօրեայ կեանքի լոյսին մէջ։

Աղբիւր՝ Ode: Intimations of Immortality from Recollections of Early Childhood (1807),