ՊԱՐՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՄԵՐ ԱՆՁԵՐՈՒՆ ՀԱՆԴԷՊ – ՀԱՄԲԵՐՈՒԹԻՒՆ

1. Ի՞նչ է համբերութիւնը։

Համբերութիւնը՝ առանց տրտնջալու եւ յօժարակամ կերպով տոկալն է այն բոլոր նեղութիւններուն եւ դժուարութիւններուն, որոնք մեզի կը պատահին։

2. Ինչո՞ւ պէտք է յօժարակամ եւ առանց տրտնջալու կրենք աշխարհի նեղութիւններն ու վշտերը։

Չորս գլխաւոր պատճառներով։ Նախ՝ որովհետեւ անհամբերութիւնը կը ծանրացնէ մեր նեղութիւնները, անտանելի կը դարձնէ մեզ մեր ծառայողներուն եւ շրջապատի մարդոց համար։ Դժգոհութիւնը այն աստիճան կը խռովէ եւ կը շփոթեցնէ մեր միտքը, որ կը խանգարէ մեզ տեսնելու եւ կատարելու այն, ինչ որ օգտակար է մեզի համար։

3. Ո՞րն է աստուածային երկրորդ նպատակը այսպիսի տառապանքներուն։

Նեղութիւններն ու վիշտերը յաճախ օգտակար կ’ըլլան մեզի, որովհետեւ կը խորտակեն մեր հպարտութիւնը եւ կը մղեն մեզ հեռու մնալու աշխարհիկ կապուածութիւններէն (Սղ 119.17)։

4. Ո՞րն է նեղութիւններուն երրորդ օգուտը։

Շարունակական բարօրութիւնը մեզ կը դարձնէ կարծրասիրտ, մինչ դժբախտութիւնները մեզ աւելի բարեսիրտ կը դարձնեն եւ կը սորվեցնեն մեզի կարեկցիլ ուրիշներու նեղութիւններուն։

5. Ո՞րն է նեղութիւններուն չորրորդ օգուտը։

Աստուծոյ վստահիլը, երբ Ան մեզի ամէն տեսակ բարօրութիւն կը շնորհէ, առանձնայատուկ արժանիք մը չունի։ Սակայն հաւատքով, սիրով եւ Անոր ողորմութեան հանդէպ վստահութեամբ նեղութիւններուն եւ ցաւերուն տոկալը Աստուածահաճոյ զոհաբերութիւն մըն է։

6. Ո՞վ է համբերութեան մեծագոյն օրինակը։

Մեր Փրկիչը։ Սակայն սուրբերուն օրինակներն ալ պէտք է քաջալերեն մեզ, որովհետեւ անոնք եւս մեզի նման տկար բնութիւն ունէին, բայց համբերութեամբ կրեցին տանջանքներն ու նեղութիւնները։ Յոբ նահապետը իր սոսկալի նեղութիւններուն եւ դժբախտութիւններուն մէջ փառաբանեց Աստուած՝ ըսելով. «Թէեւ Աստուած սպաննէ զիս, տակաւին Անոր պիտի վստահիմ» (Յոբ 13.15)։

7. Ի՞նչ պէտք է ընենք, երբ մեր նմանները մեզ կը նեղացնեն։

Աստուծոյ սիրոյն համար պէտք է համբերութեամբ կրենք մեր նմաններուն պատճառած բոլոր նեղութիւնները, չարի փոխարէն չար չհատուցանենք, այլ ներենք եւ հեռու մնանք բարկութենէ ու կիրքերէ։

8. Մեր կիրքերը մի՞շտ վնասակար են։

Մեր կիրքերը բարի են, երբ կը կարողանանք տիրապետել անոնց։ Սակայն երբ թոյլ կու տանք, որ անոնք տիրապետեն մեզի, անպայման չար եւ վնասակար կը դառնան թէ՛ մեզի եւ թէ՛ մեր նմաններուն համար։

9. Կիրքեր ունենալը կամ չունենալը մեր կամքէ՞ն կախեալ է։

Կիրքեր ունենալը կամ չունենալը մեզմէ կախեալ չէ, սակայն անոնց տիրապետելը ո՛չ միայն մեզմէ կախեալ է, այլ նաեւ մեր պարտականութիւնն է։

10. Ինչպէ՞ս կրնանք խուսափիլ մեր կիրքերուն գերին դառնալէ։

ա. Մեր պարտականութիւնները մեր կիրքերէն վեր դասելով։

բ. Մեր սիրտը կապելով երկնային անապական գանձին։

գ. Մեր միտքը վարժեցնելով անցաւոր բաներու կորուստին գաղափարին։

դ. Սորվելով քաջաբար տանիլ ամէն ինչի կորուստը, եթէ պատիւն ու առաքինութիւնը պահանջեն այդ զոհաբերութիւնը։

11. Յատկապէս ի՞նչ պէտք է ընենք հիւանդութեան ժամանակ։

ա. Յօժարակամ կերպով տոկանք հիւանդութեան պատճառած տառապանքներուն։

բ. Աստուծոյ խոստանանք աւելի բարեպաշտ կեանք մը վարել, եթէ Ան մեզի ապաքինում շնորհէ։

գ. Պատրաստուինք երանելի մահուան։

12. Ինչպէ՞ս պէտք է պատրաստուինք երանելի մահուան։

ա. Մանրակրկիտ կերպով քննելով մեր ամբողջ կեանքը։

բ. Ներողութիւն խնդրելով անոնցմէ, զորս վիրաւորած ենք։

գ. Հատուցանելով ուրիշներուն պատճառած բոլոր վնասները։

դ. Ներելով մեր թշնամիներուն։

ե. Մեր Փրկիչին միջոցով աղերսելով Աստուծոյ անսահման ողորմութիւնը։

զ. Խոստովանելով մեր մեղքերը եւ ընդունելով Սուրբ Հաղորդութիւնն ու Հիւանդաց Օծման խորհուրդը։

13. Ի՞նչ պէտք է ընենք, երբ մահը կը մօտենայ։

ա. Պէտք է պատրաստենք մեր կտակը եւ կարգի դնենք մեր գործերը՝ ապահովելու համար մեր զաւակներուն եւ ազգականներուն ժառանգութիւնը, որպէսզի մեր մահէն ետք անոնք չզրկուին իրենց իրաւունքներէն եւ մեր ունեցուածքին պատճառով տարաձայնութիւններ չծագին իրենց միջեւ։

բ. Մեր ունեցուածքին մէկ մասը պէտք է կտակենք ի նպաստ աղքատներուն, դպրոցներուն, եկեղեցիներուն եւ հիւանդանոցներուն, որպէսզի անոնք, որոնք կ’օգտուին մեր նուիրատուութենէն, յիշեն մեզ եւ աղօթեն մեր հոգիներուն համար։

14. Յատկապէս ե՞րբ պէտք է ջանանք պատրաստ ըլլալ երանելի մահուան։

Թէեւ ամէն օր պէտք է պատրաստ ըլլանք երանելի մահուան, սակայն մասնաւորաբար պէտք է պատրաստուինք՝

ա. Մեծ վտանգներու դիմաց։

բ. Հիւանդութեան ժամանակ։

Ով որ գիտակցաբար այս պատրաստութիւնը օրէ օր կը յետաձգէ, յատկապէս հիւանդութեան ժամանակ, դողալու պատճառ ունի, որովհետեւ մահը կրնայ որեւէ պահու զինք անպատրաստ վիճակի մէջ Աստուծոյ առջեւ տանիլ։

15. Ո՞րն է հիւանդին հարազատներուն պարտականութիւնը։

Հիւանդին ընտանիքին անդամներուն եւ ազգականներուն պարտականութիւնն է համբերութեամբ տանիլ այն անխուսափելի նեղութիւնները, որոնք հիւանդը կը պատճառէ իրենց, սիրով խնամել զինք եւ նպաստել անոր ապաքինումին, յատկապէս՝ հոգեկան ապաքինումին՝ հոգ տանելով, որ ան ընդունի Ապաշխարութեան եւ Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդները։

Եթէ իրենց անփութութեան կամ հիւանդը չխռովելու անհիմն պատրուակին պատճառով ան մահանայ առանց Սուրբ Խորհուրդը ընդունելու, Աստուած արդարացիօրէն պատասխանատու պիտի նկատէ անոր ընտանիքին անդամներն ու ազգականները այդ յանցանքին համար։

(Քաղուած՝ Խորէն Արք. Նարպէյի «Կանոն Քրիստոնէական Դաստիարակութեան» հատորէն)