
Կիրակի, 15 Նոյեմբեր 2026-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան նախագահեց Ս. Նշան Եկեղեցւոյ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը։
Իր քահանայական ձեռնադրութեան եւ օծման 25-ամեակին առթիւ, Գոհաբանական Պատարագ մատուցեց Առաջնորդական Փոխանորդ՝ Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէկեանը։
Առաջնորդ Սրբազան Հօր աղօթակից էին Առաջնորդի Օգնական՝ Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վրդ. Եագուպեանը, Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժանապատիւ Տ. Նշան Քհնյ. Մանուկեանը, Ազգային Վարչութեան Ատենապետ՝ Տիկին Ծովիկ Թերզեանը եւ Ազգային Վարչութեան անդամ՝ Պրն. Կարօ Փոստաճեանը։

Քարոզէն առաջ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց Հայր Սուրբի յոբելենական ամեակը՝ մաղթելով քաջառողջութիւն, արեւշատութիւն եւ օրհնաբեր ծառայութիւն։
Ապա, Գերապատիւ Հայր Սուրբը յաւուր պատշաճի քարոզեց։ Իր քարոզի սկիզբը փառք եւ գոհութիւն վերառաքեց Աստուծոյ՝ Անոր տուած շնորհքներուն համար։
Ան յուզումով յիշեց իր անդրանիկ քարոզը եւ ի մտի բերաւ քանի մը գաղափարներ, որոնք իր անդրանիկ պատարագին յիշած էր քարոզին մէջ։
Ապա, ան երախտագիտութեան խօսքեր ուղղեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր՝ անոր հայրական մօտեցումին համար, ինչպէս նաեւ Գէմպրիճի մեծ ընտանիքին, որուն տասնամեակէ մը աւելի իր ծառայութիւնը բերած է։
Դիւան Ազգային Առաջնորդարանի