ՏՕՆ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ «ԵՐԻՑ ԱՄԱՑ ԸՆԾԱՅՈՒՄՆ Ի ՏԱՃԱՐ»

         Այս տօնը քրիստոնէական բոլոր եկեղեցիներուն կողմէ հաստատուած կերպով կը նշուի Նոյեմբերի 21ին:

Ժամանակագրական կարգով՝ Մարիամի ընծայումը երրո՛րդ տօնն է, անոր Անարատ Յղութեան եւ Ծննդեան տօներէն ետք: Հակառակ այս սուրբ ընծայումի դէպքին լուսաւոր խորհուրդին, առաջին դարերուն, ո՛չ Արեւելքի եւ ո՛չ ալ Արեւմուտքի մէջ Եկեղեցին այդ մասին չէր հաստատած ծիսական տօնը: Նաեւ Աւետարանը լուռ է Մարիամի Ընծայումի դրուագի մասին:Մարիամի Ընծայումին տօնին ծագումը Երուսաղէմեան է: Մարիամի ընծայումը երրորդ տօնն է Ամէնօրհնեալ Ս. Կոյս Մարիամին, Աստուծմէ սահմանուած աստուածամայրութեան: Արդ՝ եթէ Յղութիւնն Կոյսի անթառամ ծաղիկ էր, ամենեւի՛ն գեղեցիկ եւ անարատ ծնունդը որպէս պտուղ սքանչելի, հաճելի իր Արարչին աչքերուն: Ապա Ընծայումը անձնուէր է ստուգապէս: Ինչ որ աւելի ցանկալի է եւ գերագոյն ու հրաշալի, Ընծայումն Ս. Մարիամ Կոյսին, Աստուծմէ՝ Աստուծոյ, իբր արժանաւոր աստուածամայրութեան. Հօր Միածինէն՝ Հօր, համակամ հաճութեամբ Ս. Հոգիին, հաշտեցնելու համար Աստուած մարդկային ցեղին հետ: Այս յառաջդիմութիւնը կատարեալ էր որ կը բարձրացնէր Կոյսը գերագոյն աստիճանի վրայ, աւելի վեր՝ քան մարդկային ամէն գաղափարէ եւ խորհուրդէ, որովհետեւ եթէ ողորմութիւնն ինչքերով կը համարուի փոխ տալ Աստուծոյ եւ արժանի է բազմապատիկ հատուցումի, ուրեմն ան որ իր անձը փոխ կու տայ Աստուծոյ, իբրեւ ընծայ արդար, պիտի ընդունի նոյնինքն Աստուած: Եւ այսպէս եղաւ միայն Մարիամ, ասոր համար ան եղաւ վերընկալ աստուծային խօսքին, այսինքն ո՛չ միայն աստուածընկալ, այլ նաեւ Աստուածածին:

ՍՔԱՆՉԵԼԱԳՈՐԾ  ՍՈՒՐԲԵՐ՝ ԳՐԻԳՈՐ ԵՒ ՆԻԿՈՂԱՅՈՍ

Սուրբ Գրիգոր սքանչելագործ եղած է մեծահռչակ  սուրբ մը, զորս յարգուած է, թէ արեւելքի եւ թէ արեւմուտքի մէջ: Ծնած է երրորդ դարու վերջերը, Պոնտոսի Նոր Կեսարիա քաղաքը: Հեթանոս ծնողքի զաւակ էր, բայց շնորհիւ Կեսարիոյ Փերմիլիանոս արքեպիսկոպոսին կը ստանայ քրիստոնէական կրթութիւն, եւ ուսումնասիրելէ ետք Հին եւ Նոր Կտակարանները, կը մկրտուի  ու քրիստոնեայ կը դառնայ: Ան աշակերտած է նաեւ Որոգինէսին: Մեկնելով Աղեքսատրիա կը հետեւի իմաստասիրական եւ արտաքին գիտութիւններու, եւ կը ճանչցուի որպէս եզակի ուսանող շնորհիւ իր հմտութեան եւ պայծառամտութեան: 240 թուին, եկեղեցական կը ձեռնադրուի եւ իր շրջանին Եպիսկոպոսը կը դառնայ: Ան կը մասնակցի Անտիոքի տեղական ժողովին:

Այդ շրջանին Նոր Կեսարիոյ մէջ փոքր թիւով քրիստոնեաներ կը գտնուէին: Ս. Գրիգորի օրով քրիստոնէութեան թիւը աճ կ’ունենայ, շրջանի կռապաշտները դարձի կը բերէ եւ քրիստոնեայ կը մկրտէ զանոնք: Տիրոջ հանդէպ իր ունեցած հաւատքին շնորհիւ՝ դեւերը կը սարսափին իրմէ: Ան կը կոչուի Սքանչելագործ՝ աստուծային զօրութեամբ իր կատարած բազմաթիւ եւ բազմապիսի հրաշքներուն համար: Ս. Գրիգոր Կեսարիոյ մէջ կառուցել կու տայ եկեղեցի մը, որ մինչեւ օրս գոյութիւն ունի: Ան գրած է բազմաթիւ ճառեր ուղղափառ հաւատքի եւ սուրբ վարքի մասին, ինչպէս՝ «Ի Ծնունդն Քրիստոսի», «Յաւետիս Աստուածածնի», «Ներբողեան ի Ս. Ստեփանոսի», «Երկոտասան Գլուխք Նզովից»:

Իր աստուածահաճոյ գործունէութեամբ կը կարողանայ քրիստոնէութիւնը տարածել եւ հեթանոսներու թիւը նուազեցնել Նոր Կեսարիոյ մէջ: Ան իր կեանքի վերջին  վայրկեաններուն իսկ կ’աղօթէ այն սակաւաթիւ հեթանոսներուն համար, որպէսզի անոնք եւս դարձի գան: Սուրբը աւանդելով իր հոգին կը վախճանի 270 թուին:

Ս. Նիկողայոս (Սանթագլոզ) զաւակն էր բարեպաշտ ծնողներու՝ Եպիփանի եւ Նունէի: Մանուկ հասակէն յայտնի կը դառնայ իր հրաշագործութիւններով: Եպիսկոպոս կը ձեռնադրուի իր մօրեղբօր համանուն, Նիկողայոսի ձեռամբ: Կը մասնակցի Նիկիոյ Ս. Ժողովին: Մանուկներու հանդէպ ունեցած իր մեծ սիրոյն՝ կը նկատուի մանուկներու պաշտպան Սուրբը: Ան ծանօթ է իբրեւ նաւակոծեալներուն ազատարար եւ Սքանչելագործ պաշտպան Սուրբը:

Վախճանած է չորրորդ դարուն: Իր աճիւնները փոխադրուած են Իտալիոյ Պառի քաղաքը, որու վրայ տաճար մը կառուցուած է, զորս կը կրէ իր անունը: Այսօր, մեզմէ կը պահանջուի վերադառնալ մեր արմատներուն, հետեւելով սուրբերու օրինակին, որպէսզի ըլլանք «Լոյսի որդիներ»՝ լուսաւորելով մեր շրջապատը:

Համադրեց՝

Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան