Ուրախ ենք հաղորդելու, որ Հովանաւորութեամբ՝ Գաանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի, Ազգային Առաջնորդարանի http://armenianprelacy.ca կայքէջին վրայ հաստատուած է ամբողջ հայաշխարհի կողմէ օգտագործելի նոր բաժին մը՝ ԼԵԶՈՒԱՏՈՒՆ խորագրին ներքեւ, ուր պիտի գտնէք հայերէնի տարբեր երեւոյթներուն վերաբերեալ վաւերաթուղթեր, որոնց հաւաքման, կազմութեան եւ խմբագրման նախաձեռնութիւնը կը պատկանի առաջնորդարանիս հովանաւորութեան տակ գործող Լեզուական յանձնախումբին։
Այս յանձնախումբին օրին մաս կազմած են ողբ. Յակոբ Մանճիկեան եւ ողբ. Վազգէն Տէր Գալուստեան, կարճ շրջան մը՝ Գրիգոր Դերձակեան, Մարալ Դերձակեան, Ալին Շողեր Մարգարեան, Սարօ Տէր Պետրոսեան, իսկ ներկայիս՝ Վրէժ-Արմէն Արթինեան*, Հուրի Գարաճեան-Մանճիկեան*, Սանան Զէյթլեան*, Յովիկ Թասլաքեան, Նայիրի Թաւլեան, Սոնա Թիթիզեան-Կէտիկեան*, Ժան Մկրտիչեան, Արմինէ Չաքմաքչեան, Էլիզա Չաքմաքչեան, Անդրանիկ Պետրոսեան, Պետրոս Պիտանեան*, Արեթ Սեւան* եւ Արտաշէս Քարակոփեան։ Աստղանիշ կրող անդամներու աշխատանքով պատրաստուած են ԼԵԶՈՒԱՏԱՆ ստորեւ նշուած մասերը.
Մատենագիտութիւն
Խնդրառութիւն
Խոնարհումներ
Եւ այլն
Առաջին մասը՝ «Հայերէնի ամփոփ մատենագիտութիւն», իր կարգին կը բաղկանայ չորս գլխաւոր ենթամասերէ.
Բառարաններ եւ բառացուցակներ (հայերէն ընդհանուր եւ մասնագիտական, երկլեզու կամ բազմալեզու ընդհանուր եւ մասնագիտական)
Քերականութիւն
Ուսումնասիրութիւններ
Յօդուածներ
Այնտեղ ցանկագրուած նիւթերը հնարաւորին չափ ունին իրենց ել-կապերը (liens/links), որպէսզի անմիջապէս մատչելի դառնան որոնողին։

Երկրորդ մասին մէջ զետեղուած են բայական եւ կապական խնդրառութիւնները՝ յատկանշական օրինակներով։
Երրորդ մասը, որ տակաւին պատրաստութեան մէջ է, պիտի բովանդակէ բայերու արեւմտահայերէն կանոնաւոր եւ անկանոն խոնարհումները, առիթ տալով որոնողին, որ որեւէ բայի ամբողջական խոնարհումը տեսնէ մատներու մէկ-երկու հարուածով։
Չորրորդ մասը առ այժմ կը ներկայացնէ գոյականներու / անուններու եւ անձնական ու ստացական դերանուններու արեւմտահայերէն հոլովումները՝ նոյնպէս օրինակներով, որոնցմէ ետք պիտի աւելնան լեզուական այլազան հետաքրքրական նիւթեր։
Յանձնախումբին նպատակն է ժամանակի ընթացքին հարստացնել ԼԵԶՈՒԱՏՈՒՆԸ նորանոր վաւերաթուղթերով՝ միշտ նպատակ ունենալով մեր աշակերտներուն, ուսուցիչներուն թէ գրողներուն, ինչպէս նաեւ կրօնական, մշակութային թէ հասարակական գործիչներուն հնարաւորութիւն տալ դիւրութեամբ որոնելու զիրենք հետաքրքրող լեզուական խնդիրներու լուծումները։
Բոլոր ենթամասերուն ներքեւ տեղ տրամադրուած է, որպէսզի կայքէջէն օգտուողները մեզի յղեն իրենց ճշգրտումները, սրբագրութեան առաջարկներն ու թելադրութիւնները։
Կ՚ակնկալենք, որ մեր ազգայինները զօրավիգ կանգնին արեւմտահայերէնի պահպանման ու զարգացման այս նոր նախաձեռնութեան։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ