ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԱՐՏԱԿԱՐԳ ԺՈՂՈՎ  ԵՒ  ԱԶԳԱՅԻՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԻ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ

Երեքշաբթի, 20 Հոկտեմբեր 2026-ին, նախագահութեամբ՝ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի, տեղի ունեցաւ Ազգային Երեսփոխանական Արտակարգ Ժողովը, որուն առցանց միացան Թեմիս կրօնական եւ աշխարհական երեսփոխանները։

Ժողովը սկիզբ առաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր աղօթքով, որմէ ետք Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ընթերցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի շրջաբերական գիրը։

Լսելէ ետք Վեհափառ Հայրապետի շրջաբերական գիրը, ժողովականները կատարեցին ժողովի դիւանի ընտրութիւնը։ Դիւանի ատենապետ ընտրուեցաւ՝ Տիար Գրիգոր Տէր Ղազարեան, իսկ ատենադպիր՝ Հոգշ. Տ. Յակոբ Վրդ. Եագուպեան։

Ընտրողական Յանձնախումբի զեկոյցէն ետք,  ժողովական երեսփոխանները ընտրեցին 12 պատգամաւորներ, որոնք 27-29 Յունուար 2027-ին պիտի մասնակցին Անթիլիասի մէջ տեղի ունենալիք Ազգային Ընդհանուր ժողովին:

Ազգային պատգամաւոր ընտրուեցան.

Օրիորդ Նորա Արուշեան, Տիկին Արփի Աշքարեան, Տիար Համբիկ Գարայեան, Տիար Վաչէ Գըլըպոզեան, Տիկին Ծովիկ Թերզեան, Տիար Վահիկ Յակոբեան, Տիար Նազար Չաթալեան, Տիար Վարանդ Պարսամեան, Տոքթոր Ռազմիկ Պէպէճեան, Տիար Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, Տիար Խորէն Տիմիթեան եւ Տիար Րաֆֆի Տօնապետեան։ Իսկ փոխանդամներ՝ Տիկին Լուսին Ժամկոչեան եւ Տիար Կարպիս Մէշէֆէճեան։

Դիւան Ազգային Առաջնորդարանի