ԵՐԱԽԱՅԻՑ ՊԱՏԱՐԱԳ

— Ի՞նչ է երախայից պատարագը եւ ինչո՞ւ համար կը կատարուի այս արարողութիւնը։

— Երախայից պատարագը՝ պատարագէն առաջ կատարուող ճաշու արարողութիւնն է։ Այս արարողութեան նպատակն է ժողովուրդը վարժեցնել աստուածապաշտութեան եւ պատրաստել Աստուծոյ խօսքով։ Այս արարողութեան ընթացքին կը կարդացուին հատուածներ Հին եւ Նոր Կտակարաններէն, եւ կը տրուի անոր պատշաճ քարոզ։ Աւետարանի ընթերցումէն ետք եւ հաւատամքէն առաջ, (թէեւ ներկայիս անհատաբար քարոզը կը տրուի «Հայր մեր»ի երգեցողութենէն առաջ)։

— Ինչո՞ւ համար այս արարողութիւնը կը կոչուի Երախայից Պատարագ։

— Որովհետեւ այս արարողութիւնը առաջին դարերուն յատկացուած էր անհաւատ երախաներուն (չմկրտուած նորադարձ հաւատացեալներուն), որոնք պէտք ունէին քրիստոնէական դաստիարակութեան։ Այդ անձերը ճաշու պաշտօնի աւարտին՝ սարկաւագի ազդարարութեան վրայ դուրս կ՚ելլէին եկեղեցիէն եւ գաւիթ երթալով հոն կ՚աղօթէին։

— Ինչո՞ւ համար ճաշու պաշտօն կը կոչուի երախայից պատարագի այս արարողութիւնը։

— Որովհետեւ այս արարողութիւնը եկեղեցւոյ առօրեայ ժամակարգութեան եօթը բաժիններուն չորրորդը ըլլալով առանձին կը կատարուէր նաեւ հասարակ օրերուն՝ ճաշու ժամուն, եւ անոր յատուկ կանոնները կը սկսէին ճաշէ։

Նուպար Սրկ. Պէրպէրեան  «Ճանչնանք Մեր Եկեղեցին»