Չորեքշաբթի 28 Հոկտ. 2026-ին, Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տէր Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան, ընկերակցութեամբ՝ Հ.Օ.Մ.-ի “Ռուբինա” Մասնաճիւղի Ընկերային Ծառայութեան յանձնախումբին, այցելեցին Fieldstone Commons Արարատ Հայ բաժնի տարեցներուն: Արժ. Տէր Հայրը, յատուկ աղօթք եւ Ս. Հաղորդութիւն մատակարարելէ եւ սեղանի օրհնութիւն կատարելէ ետք, Հ.Օ.Մ.-ի ընկերուհիները կէսօրուան ճաշ հրամցուցին պատսպարեալներուն:


