
Կիրակի, 25 Հոկտեմբեր 2026-ին, Սուրբ Խաչի Գիւտի Տօնին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ նախագահութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Բաբգէն Ս. Արք. Չարեանի։
Սուրբ Պատարագը մատուցեց եւ օրուան խորհուրդին նուիրուած քարոզը փոխանցեց Վանքուվըրի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ՝ Գերպ. Տ. Վարդան Ծ. Վրդ. Թաշճեան։
Թող Քրիստոսի կենարար Խաչը միշտ մեր հաւատքին զօրութիւնը, մեր յոյսին ամրութիւնը եւ մեր կեանքին առաջնորդող լոյսը ըլլայ։