Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

ՊԱՏԻԺԸ

«Լուիցէ ունկն իմ զանեծս իմ»

Յոբ, ԼԱ. 30

Եթէ ինձմէ «հաց» ուզողին

«Քար» մը տըւած եղայ երբեք,

Թող երկարի՛ կեանքիս ուղին

Բեթորոնէն մինչեւ Ազեկ,

Ու քարերուն տակ կարկուտի

Անհետ ստուե՛րըս սընոտի:

Եթէ ինձմէ «ձուկ» ուզողին

«Օձ» մը տըւի զազրաթորմի,

Թող սողա՛մ մերկ վըրայ հողին

Ծովէն մինչեւ ծայրն եդովմի,

Ու թոյներովը քարբերուն

Թող կպրանայ մաղձս ու արիւն:

Եթէ ինձմէ «ձու» խնդրողին

Տըւի կարիճ մը փոխարէն,

Թող տարածուի՛ իմ անկողինն

Անապատի խորն. Ու խարեն

Զիս խայթոցներն կարիճներուն

Խածուածներով անագորուն:

Կեանքի օրէնքն ինձ հարցնողին

Եթէ իբրեւ թուփ մ’ընտանի՝

Զո՛ւտ կըթելիք իր «խաղող»ին

Համար ցուցի ես մորենի,

Թող վիշապի դառնայ լեղի

Իմ բաժակիս յոյզն աղտեղի:

Եթէ ինձմէ սէր ժըտողին

Սուր մը ցուցի՝ սի՛րտ անոպայ,

Թող իմ քայլերս չը յաջողին

Ելլելու դէպ ի Մասեփա,

Ու խարբերու սայրերուն տակ

Կտրատուի շո՛ւնչըս բովանդակ:

Եթէ փրկանք մը հայցողին

Տըւի պրկանք մը չարաշուք՝

Թող խախտի մոյթը իմ ողին

Գելումներով մահաշըշուկ,

«Ու արմուկէս բազկիս իմ կէս

Թափի, եւ ուսս ալ անրակէս»:

Եթէ շաւիղ մը խնդրողին

Բաւիղ մը ցոյց տըւի անհետ՝

Թող ամպէ սիւն մ’իր կոթողին

Մութ կողմն ինծի շրջէ յաւէտ,

Ու խաւարովն իր թանձր ու գէջ

Պատէ գիշեր մը զիս անվերջ:

Թէ սուրբ պաշտումը սիրողին,

Կուռք մը տըւի Ադոնայի,

Խորունկ մըխուի՛ թող իմ կողին

Անէծքն ու շա՛նթը Սինայի,

Ու փըշրըւա՛ծ՝ թող բոլորշի

Հորթին նըման դառնամ փոշի:

Ե.Ե.Դ. 1905