Ե․ ՊԱՀՔ ԿԱՄ ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆ

— Ի՞նչ է ամուսնութիւնը։

— Ամուսնութիւնը այր եւ կնոջ միութիւնն է Աստուծոյ օրհնութեամբ։

— Ի՞նչ է սուրբ պսակի արարողութիւնը։

— Սուրբ պսակի արարողութիւնը սիրոյ եւ հաւատարմութեան ուխտադրութիւնն է ամուսնացող զոյգին՝ Աստուծոյ ու հանրութեան առջեւ։ Այրը կը խոստանայ մինչեւ մահ տէր ու պաշտպան ըլլալ իր կնոջ ու զաւակներուն։ Կինը կը խոստանայ հաւատարիմ իր ամուսինին եւ օգնական ըլլալ անոր մինչեւ մահ։ Այս հանդիսաւոր խոստումը երբ քահանան, որպէս Աստուծոյ փոխանորդ, կը միացնէ զանոնք եւ կ’օրհնէ։ Այնուհետեւ անոնք միացած ըլլալով՝ կը դառնան իրարու սեփական ընկերները եւ անբաժանելի ընտանիքը։

— Ո՞վ հաստատեց ամուսնութեան խորհուրդը։

— Աստուած Ադամը ստեղծելէ ետք, անոր համար ստեղծեց կինը եւ երկուքը օրհնելով ու միացնելով հաստատեց ամուսնութեան խորհուրդը (ԾՆՆԴ. Ա. 27–28)։

— Աստուած ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս ստեղծեց կինը։

— Աստուածաշունչ մատեանին մէջ կը կարդանք հետեւեալը.— Տէր Աստուած ըսաւ. «Աղէկ չէ որ Ադամ մինակ ըլլայ. անոր օգնական մը ընեմ իրեն յարմար…» Եւ Տէր Աստուած խորունկ քուն մը բերաւ Ադամի վրայ, ու անիկա քնացաւ, եւ անոր կողէն ոսկորներէն մէկը առաւ ու անոր տեղը միս լեցուց։ Եւ Տէր Աստուած Ադամէն առած կողին ոսկորը կին շինեց, ու զանիկա Ադամին բերաւ։ Եւ Ադամ ըսաւ. «Հիմա ասիկա ոսկորէս ոսկոր ու մարմինէս մարմին է. ասիկա կին պիտի կոչուի, քանզի իր այրէն առնուեցաւ»։ Անոր համար այրը պիտի ձգէ իր հայրն ու մայրը, եւ իր կնոջ պիտի յարի ու մէկ մարմին պիտի ըլլան (ԾՆՆԴ. Բ. 18–24)։

— Աստուած ինչո՞ւ հաստատեց ամուսնութեան խորհուրդը։

— Որպէսզի Ադամ սերունդ ունենայ եւ բազմանայ մարդկային ցեղը։ Հետեւաբար պէտք այդ մարդը կնոջ իրեն յարմար կենակից ընկերուհի մը ընտրէ եւ անոր ձեռքը խնդրէ ամուսնանալու համար։

— Ինչո՞ւ համար պսակը կամ ամուսնութիւնը խորհուրդ է։

— Որովհետեւ հաւատքով կ’ընդունինք ու կը հաւատանք թէ սուրբ պսակով կամ ամուսնութեամբ այր ու կին երկու ըլլալով հանդերձ կը դառնան մէկ ամբողջութիւն՝ մէկ սիրտ, մէկ հոգի՝ անքակտելի միութեամբ։ Անոնք կը կազմեն նոր ընտանիք մը, իրենց նախածնողաց Ադամի եւ Եւայի օրինակով։

— Ինչո՞ւ համար պսակը կամ ամուսնութիւնը Ս. Եկեղեցւոյ եօթը խորհուրդներէն (խորհրդագործութիւններէն) մին համարուած է։

— Որովհետեւ Ս. պսակով կազմուած ընտանիքները գրաւական են Ս. Եկեղեցւոյ անարատ, հաստատ եւ յաւէտ մնալուն։

Նուպար Սրկ. Պէրպէրեան  «Ճանչնանք Մեր Եկեղեցին»