
Կիրակի, 18 Հոկտ. 2026-ի առաւօտեան, յընթացս Ս. եւ Անմահ Պատարագի, Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ, Եկեղեցւոյս Կիրակնօրեայ Դպրոցի ուսուցչաց Օրհնութիւն կատարուեցաւ, ձեռամբ եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչ՝ Գերպ. Տէր Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեանի եւ մասնակցութեամբ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տէր Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեանի եւ Սարկաւագաց ու Դպրաց Դասերու: Աւարտին, Հայր Սուրբը յաւուր պատշաճի քարոզեց, օրինակ բերելով չորս «Աւետարանիչ»ներու յիշատակութիւնը, զոր Շաբաթ 18 Հոկտեմբերին եկեղեցին տօնեց, ապա շնորհաւորեց եւ գնահատեց ուսուցչական կազմը:
