Չորս աւետարանիչներու կենդանակերպերու (խորհրդանիշները) հիմնուած են Եզեկիէլ մարգարէի տեսիլքին (Եզ 1:10) եւ Յայտնութեան գիրքին (Յյտ 4:7) մէջ յիշատակուած չորս թեւաւոր արարածներու պատկերներուն վրայ: Եկեղեցական աւանդութեան մէջ անոնք ունին հետեւեալ բաշխումն ու բացատրութիւնը.
*Մատթէոս՝ Հրեշտակակերպ Մարդ: Կը խորհրդանշէ Քրիստոսի Մարդեղութիւնը, քանի որ իր Աւետարանը կը սկսի Յիսուսի ազգաբանութեամբ եւ ծննդեան պատմութեամբ:
*Մարկոս՝ Առիւծ: Կը խորհրդանշէ Քրիստոսի թագաւորական զօրութիւնն ու առիւծի պէս հզօր ձայնը: Անոր Աւետարանը կը սկսի անապատին մէջ գոչողի (Յովհաննէս Մկրտիչի) ձայնով:
*Ղուկաս՝ Եզ կամ Ցուլ- Զուարակ: Կը խորհրդանշէ Քրիստոսի զոհագործութիւնն ու քահանայութիւնը: Եզը զոհաբերութեան կենդանի է, իսկ Ղուկասի Աւետարանը կը սկսի Զաքարիա քահանայի՝ տաճարին մէջ մատուցած խնկարկութեամբ:
* Յովհաննէս՝ Արծիւ: Կը խորհրդանշէ Քրիստոսի աստուածութիւնը եւ հոգեւոր բարձր թռիչքը: Արծուի պէս սաւառնելով՝ Յովհաննէս իր Աւետարանը կը սկսի երկնային ու բարձրագոյն գաղափարով. «Ի սկզբանէ էր Բանն…»:
✝️ Մատթէոս Աւետարանիչ

Չորս աւետարանիչներէն առաջինը Մատթէոսն է։ Ան Ղեւիի ցեղէն էր։ Ան մինչեւ համբարձում մասնակից դարձաւ Քրիստոսի բոլոր քարոզխօսութիւններուն եւ գործունէութիւններուն, ապա Վերնատան մէջ ընդունելով Սուրբ Հոգիին շնորհքը, սկսաւ քարոզել Հրէաստանի սահմաններուն մէջ։ Քրիստոսի համբարձումէն 7-8 տարի ետք, աւետարանիչը գրի առաւ Քրիստոսի երկրաւոր առաքելութիւնն ու քարոզխօսութիւնները, որ կոչուեցաւ «Մատթէոս»ի աւետարան։
Մատթէոս այն առաքեալն է որ «Յիսուս տեսաւ մաքսաւոր մը, Մատթէոս անունով, որ մաքս գանձելու նստած էր, եւ ըսաւ անոր. «Հետեւէ Ինծի» (Մտ 9-9), որ կոչուած է նաեւ Ղեւի: Մաքսաւորներու նկատմամբ ատելութիւն կար, որովհետեւ անոնք Հռոմէական կառավարութեան պարտադրած հարկերը կը հաւաքէին, յաճախ ալ իրենց դիրքէն օգտուելով շահագործումներ եւ կեղեքումներ կը կատարէին: Ուշագրաւ երեւոյթ է հաւանաբար այսպիսի նկարագրով ատելի նկատուած անձի մը ընտրութիւնը գրելու համար Մատթէոսի Աւետարանը:
Մատթէոսի Աւետարանը յատկապէս ուղղուած է իրեն ժամանակակից եբրայեցի քրիստոնեաներուն, որոնց կը յայտնէ թէ Յիսուսն է խոստացուած Մեսիան եւ Փրկիչը:
Աւետարանը գրուած է ժամանակագրական կարգաւորութեամբ: Յիսուսի ազգաբանութենէն սկսեալ մինչեւ Անոր Յարութիւնը: Աւետարանիչը Քրիստոսը կը ներկայացնէ իբրեւ հեղինակաւոր Ուսուցիչ, որ իշխանութիւն ունի Աստուծոյ Օրէնքը բացատրելու եւ քարոզելու Աստուծոյ Արքայութեան մասին:
Մատթէոսի Աւետարանին մէջ, յատկանշական երեույթ մըն է, որ առաքեալը Յիսուսի ուսուցումները կը ներկայացնէ յատուկ խմբաւորումներով:
Մատթէոսի Աւետարանը չորս Աւետարաններէն ամէնէն մեծն է իր ծաւալով, կը բովանդակէ 28 գլուխ եւ մեծագոյն գանձարանն է Յիսուսի կենսատու խօսքերուն: Ան կամուրջ մը կը կազմէ Հին եւ Նոր կտակարաններուն միջեւ, աւելի քան 60 ակնարկութիւններ կ’ընէ Հին կտակարանէն:
✝️Մարկոս Աւետարանիչ

Մարկոս Սիոնի բարձրաբարբառ աւետարանիչն է, առիւծի պէս հզօր։ Ան Քրիստոսի եօթանասուներկու աշակերտներէն էր։ Ան, Պետրոս եւ Պօղոս առաքեալներուն ընկերանալէ ետք, կ’երթայ առանձին քարոզելու Եգիպտոս, Լիպիա, Պենտապոլիս եւ այլուր, նաեւ բազմաթիւ հեթանոսներ դարձի կը բերէ եւ կուռքերը կը կործանէ։ Աւետարանիչը իր անուամբ աւետարանը կը գրէ եւ շուրջ 68 թուականին կը վախճանի։
Աւետարանիչը նոյն ինքն Յովհաննէս Մարկոսն է, որուն մասին յիշատակութիւններ կան Առաքեալներու Գործերուն եւ նամակներուն մէջ: Հաւանական է, Մարկոսի Աւետարանին մէջ յիշուած հետեւեալ համարը. «Երիտասարդ մը, որ միայն կտաւով մը իր մերկութիւնը ծածկած էր, կը հետեւէր իրեն» (Մր14.51-52), իր մասին է որ կը խօսի:
Ան ծնած է բարեպաշտ ընտանիքի մը մէջ: Կը յիշատակուի որ Մարկոսին բնակարանը նշանաւոր եղած է որպէս Երուսաղէմի Քրիստոնեաներուն հաւաքատեղի: Ս. Մարկոս Ս. Պետրոս առաքեալի մտերիմ ընկերակիցն էր: Մարկոսի Աւետարանը չորս Աւետարաններէն ամէնէն կարճն է, ան կը բաղկանայ 16 գլուխներէ: Աւետարանիչը իր շեշտը կը դնէ Յիսուսի գերմարդկային զօրութեան վրայ, ուր կը ներկայացնէ զԱյն իբրեւ Աստուծոյ Որդի՝ ապացուցելու Անոր Աստուածութիւնը: Մարկոս Աւետարանիչ եբրայերէնէ յունարէնի կը թարգմանէր եւ կ’արձանագրէր Ս. Պետրոսի խօսածները: Ս. Մարկոս պարծանքն է նաեւ Վենետիկցիներուն, որոնք մինչեւ այսօր պահած են անոր ամենահին ձեռագիրը անընթեռնելի վիճակի մէջ: Ս. Մարկոս Ս. Պօղոսէն բաժնուելով առանձնաբար կ’երթայ Եգիպտոս, Լիպիա եւ Պենտապոլիս, ուր կը քարոզէ, հրաշքներ կը կատարէ: Ապա անցնելով Աղեքսանտրիա այնտեղ կը ձերբակալուի եւ բազմաթիւ չարչարանքներ կրելէ ետք կը նահատակուի:
✝️Ղուկաս Աւետարանիչ

Ղուկաս աւետարանիչ անտիոքացի բժիշկ էր։ Ան տիրապետած էր ասորերէն, եբրայերէն եւ յունարէն լեզուներուն։ Այս երկրաւոր բժիշկը լսելով երկնաւոր Բժիշկին հրաշագործութիւններուն մասին, որ ի ծնէ կոյրին տեսողութիւն կը շնորհէր, կաղերը եւ անդամալոյծներ կը քալեցնէր, գնաց քովը, աչքերովը տեսաւ եւ հաւատաց։ Ապագային, Ղուկասու Աւետարանի եւ Գործք Առաքելոց գիրքերուն հեղինակ դարձաւ։
Քրիստոսի եօթանասուներկու աշակերտներէն, Ս. Ղուկաս ծագումով յոյն է: Ծնած է Անտիոք, աշակերտած է Պօղոս առաքեալի եւ դարձած անոր հաւատարիմ գործակիցը: Պօղոս առաքեալի վկայութեամբ Ս. Ղուկաս մասնագիտութեամբ բժիշկ եղած է: Պօղոս առաքեալի նահատակութենէն ետք, կը հեռանայ Հռոմէն, շրջելով Աքայիա, Լիպիա, Եգիպտոս եւ Թեբայի, ամէնուրեք տարածելով Աստուծոյ խօսքը: Աւանդութեան համաձայն, կը նահատակուի Թեբայի մէջ Անդրէաս առաքեալի աճիւններուն հետ իր աճիւններն ալ կը փոխադրուի Կ. Պոլիս, Կոստանդին կայսեր օրով:
Ս. Ղուկասի Աւետարանը կը բաղկանայ 24 գլուխներէ եւ նախատեսուած է հեթանոսութենէ դարձի եկողներուն համար: Աւետարանիչը իր ձեռքին տակ ունենալով այլ աղբիւրներ, կը փորձէ աւելի համակարգուած ներկայացնել իր գործը:
✝️Յովհաննէս Աւետարանիչ

Քրիստոսի սիրելի աշակերտը՝ Յովհաննէս, ըստ հայրերու աւանդութեան, Երուսաղէմ մնաց մինչեւ Ս. Աստուածածինի վերափոխումը, եւ անոր կը սպասարկէր, ինչպէս պատուիրած էր Փրկիչը։ Ապա, սկսաւ քարոզել արեւելեան երկիրներու մէջ եւ իր աթոռը հաստատեց Եփեսոսի մէջ։
Երբ Եփեսոս եկաւ, առաջին գործը եղաւ աղօթքներով կործանել մեհեանները եւ հրաշքներով ու քարոզախօսութեամբ շատերը դարձի բերաւ։
Աւետարանիչին գործերն են Յովհաննու աւետարանը, Ընդհանրական Ա. Բ. Գ. նամակներ եւ Յայտնութեան գիրքը։
Ս. Յովհաննէս կոչուած է սիրոյ առաքեալ, որդին է Զեբէթէոսի եւ Սողոմէի. ծնած է Գալիլիոյ մէջ: Ան իր եղբօր՝ Յակոբոսի հետ նախ աշակերտած էր Յովհաննէս Մկրտիչին: Արհեստով ձկնորս էր: Աւանդութեան համաձայն Ս. Յովհաննէս կանուխ տարիքին կանչուած է Քրիստոսի առաքեալ կոչուելու: Ան օժտուած էր հաւատարմութեան առաքինութեամբ: Մինչեւ Խաչ կը հետեւի Քրիստոսի եւ չի լքեր իր Տէրը, եւ Յիսուս որպէս վարձատրութիւն Իր մայրը կը յանձնէ իրեն: Սուրբ Կոյսը կը մնայ սիրոյ առաքեալին մօտ, մինչեւ երկինք փոխադրուիլը: Ս. Յովհաննէս իր աւետարանը կը գրէ 97 թուին, որ իր բնոյթով եւ բովանդակութեամբ կը տարբերի միւս երեք աւետարաններէն: Առաքեալը պատմական դէպքերը նկարագրելէ անդին, ուշադրութիւն դարձուցած է յատկապէս Քրիստոսի աստուածութեան անհերքելի ճշմարտութեան հաստաումին: Ան իր կեանքի աւարտին կ’աքսորուի Պատմոս կղզին, ուր Ս. Հոգիով լեցուած, կը գրէ «Յայտնութիւն Յովհաննու» գիրքը: Կը մահանայ բնական մահով:
Համադրեց՝
Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան