Բառը ինքնին կը բացատրէ իմաստը, դպիրներու պետ, ղեկավար, ինչ որ կը նշանակէ երգեցողութիւնը առաջնորդող անձ։
Դպրապետը պարտի լաւ գիտնալ եկեղեցւոյ շարականները, տաղերը, մեղեդիները ու ստեղիները (Տօնական ծանր եղանակով շարական), որոնք իրենց ձայնային բաժանմունքներով եւ ճիւղաւորումներով հմտութիւն կը պահանջեն։ Նկատելով որ մեր եկեղեցւոյ ծիսակատարութեան մէջ մեծ տեղ կը գրաւէ շարականներու երգեցողութիւնը, ուստի անհրաժեշտ է, որ դպրապետը լաւ գիտնայ զանոնք։

Միանգամայն դպրապետը քաջ ծանoթ պէտք է ըլլայ նաեւ մեր եկեղեցւոյ ծիսակարգին, որպէսզի հեզասահ կերպով ընթանան արարողութիւնները եւ դաշն (ներդաշնակ) կերպով կատարուին երգեցողութիւնները։
Ան հետամուտ պէտք է ըլլայ դպրաց դասի փորձերուն ու աշխատի նուիրեալ դպիրներուն շարականներու ծանօթութիւնը ճոխացնելու համար եւ սորվեցնելու՝ որպէսզի ճշգրիտ կերպով երգեն ու մեկնաբանեն մեր մատենագիր հայերուն աւանդ ձգած հարստութիւնը։
Կարեւորութեամբ պէտք է արձանագրել, որ դպրապետին գլխաւոր աշխատանքներէն պէտք է ըլլան.-
– Եկեղեցիէն ներս դպիրներու զգաստ եւ լուրջ կեցուածքի հսկողութիւնը։
– Նորագիր փոքր դպիրներուն աչալուրջ հետեւիլը, զանոնք խնամելը, սիրաշահիլը, անոնց մատղաշ հոգիներուն մէջ եկեղեցւոյ հանդեպ սէր ու ծառայութիւն սերմանելը, որպէսզի օր մը անո՛նք կատարեն դպրաց դասի նուիրական աշխատանքը։
Առաւել, երաժշտութեան մէջ հմտութիւն ձեռք բերած դպրապետներէն կը պահանջուի քառաձայն երգչախումբի պատրաստութեան ուղղութեամբ զբաղելու։