Արժ. Տէր Ղեւոնդ Քհնյ. Լոշխաճեան Ս. Աստուածածինէն Ներս

Կիրակի 30 Օգստ. 2026-ին, Եկեղեցւոյս մէջ Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատոյց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց, քաղաքս հիւրաբար գտնուող, Լիբանանի Հայոց Թեմի Քահանաներէն Արժ. Տէր Ղեւոնդ Քհնյ. Լոշխաճեան։ Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց եկեղեցւոյ «Բարիքեան» կրտսերաց դպրաց դասը։