ԴԵՌ ՄԻՆՉԵՒ Ե՞ՐԲ
Դեռ մինչեւ ե՞րբ, հպա՛րտ հոգիս,
Ընտրած մեզի մութ մեղեդի
Ծեր ճայերու կռինչը ցուրտ,
Նստած ափին կեանքի ծովին,
Խոկանք պիտի ունայնութեան,
Տիեզերքին, Աստուածութեան:
Դեռ մինչեւ ե՞րբ, մռա՛յլ հոգիս,
Մեր տխրութեան շղթաներով
Առանձնութեան այս խուցին մէջ
Բանտարկեալի ջուրին փոխան
Արցունք ըմպենք եւ սիրտը մեր
Փոխան հացի թաքուն ծամենք:
Դեռ մինչեւ ե՞րբ քալել այսպէս
Խարխափելով արիւնաքամ՝
Ճամբաներէն օտարութեան…
Որոնելով մեծ բացական,
Մահանալով քիչ մ’ամէն օր
Շարունակել ապրիլ պանդուխտ…
Ո՜վ իմ հոգիս, կը տժգունի՞ս.
Ահա արդէն լուրթ երկինքէն
Ալ կ’անհետին աստղերն ամէն.
Գիշերէն ետք ահա կրկին,
Մեծ երկունքէն առաւօտին,
Հո՛ն, հեռակայ լեռներուն վրայ
Արեւելքը, տե՜ս, կ’արիւնի…:
Կորիւն Արք. Պապեան
Օգսֆորտ, 1967