ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՍՈՒՐԲ ԳՐՈՑ ՃԱՄԲԱՐՆԵՐԸ

Հինգշաբթի, 27 Օգոստոս 2026-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Բաբգէն Ս. Արք. Չարեան այցելեց Թորոնթոյի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Դպրոցին կազմակերպած ամառնային Սուրբ Գրոց երկու ճամբարները։ Սրբազան Հօր կ’ընկերակցէին Հոգշ. Տ. Յակոբ Վրդ. Եագուպեան եւ Ազգային Վարչութեան ատենապետ՝ Տիկ. Ծովիկ Թերզեան։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նախ այցելեց Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցող Սուրբ Գրոց Ճամբարը, ուր հանդիպեցաւ կազմակերպիչներուն, կամաւորներուն եւ մասնակիցներուն, ինչպէս նաեւ ծանօթացաւ ճամբարի ծրագրին եւ տարուած աշխատանքներուն։

Այնուհետեւ, գիշերուան ժամերուն, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը այցելեց Գիշերային Սուրբ Գրոց Ճամբարը՝ «Աստուածամօր Հովիտ»ին մէջ, ուր դարձեալ ջերմ հանդիպում ունեցաւ ճամբարի մասնակիցներուն հետ։ Ան աղօթեց անոնց հետ եւ խարոյկին շուրջ զրուցեց հաւատքի ու քրիստոնէական կեանքի մասին՝ իր հայրական պատգամն ու օրհնութիւնը փոխանցելով մասնակիցներուն եւ կամաւորներուն։

Երկու այցելութիւններու ընթացքին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր գնահատանքը յայտնեց եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչին եւ Հոգեւոր Հովիւին, Կիրակնօրեայ Դպրոցի պատասխանատուներուն, ճամբարներու կազմակերպիչներուն, ուսուցիչներուն եւ կամաւորներուն՝ մանուկներու եւ պատանիներու քրիստոնէական ու հայեցի դաստիարակութեան ուղղութեամբ իրենց տարած աշխատանքին համար։

Սրբազան Հօր այցելութիւնը մեծ ուրախութիւն եւ խանդավառութիւն ստեղծեց ճամբարականներուն համար։