
Եւ այսպէս, մեր Սուրբ Գրոց Ճամբարը հասաւ իր աւարտին…
Օրեր՝ լեցուն գիտելիքներով, ուրախութեամբ, ընկերային ջերմ պահերով եւ, ամենէն կարեւորը՝ Աստուծոյ Խօսքով ու ներկայութեամբ։
Թող Աստուծոյ Խօսքը խոր արմատներ նետէ մեր մասնակիցներուն սրտերուն մէջ եւ առաջնորդէ զանոնք իրենց ամբողջ կեանքի ընթացքին։
Մեր խորին շնորհակալութիւնը՝ եկեղեցւոյս Կիրակնօրեայ Դպրոցի պատասխանատուներուն, ուսուցիչներուն, կամաւորներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց սիրով ու անսակարկ նուիրումով նպաստեցին ճամբարին յաջողութեան եւ մասնակից դարձան այս գեղեցիկ ու օրհնաբեր ճամբորդութեան։
Փա՜ռք Աստուծոյ՝ այս օրհնեալ օրերուն համար։
Մինչեւ նոր հանդիպում…

