
Թորոնթոյի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Դպրոցին կազմակերպած գիշերային Սուրբ Գրոց Ճամբարը կը շարունակուի ուրախ եւ հաճելի մթնոլորտի մէջ։
Առաջին երկու օրերու ընթացքին մասնակիցները, Հայր Գարեգինին, իրենց ուսուցիչներուն եւ կամաւորներուն առաջնորդութեամբ, ունեցան աղօթքով, Սուրբ Գրային դասերով, հոգեւոր զրոյցներով, խմբային աշխատանքներով, խաղերով եւ ընկերային հաճելի պահերով լեցուն օրեր։
Կը բաժնենք առաջին երկու օրերէն նկարներ



