ՍԿԻԶԲ ԱՌԱՒ ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ՍՈՒՐԲ ԳՐՈՑ ՃԱՄԲԱՐԸ

Երկուշաբթի, 24 Օգոստոս 2026-ին, կազմակերպութեամբ Թորոնթոյի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Դպրոցին, սկիզբ առաւ ամառնային Սուրբ Գրոց Ճամբարը։

Առաւօտեան ժամը 9։00-ին ճամբարի մասնակիցները հաւաքուեցան եկեղեցւոյ մէջ, ուր եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչ՝ Գերպ. Տ. Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան, իր ողջոյնի խօսքով եւ հաւաքական աղօթքով կատարեց ճամբարի բացումը։ Ներկայ էին եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Տաթեւ Աւագ Քհնյ. Միքայէլեան, Կիրակնօրեայ Դպրոցի տնօրէնութիւնը, ուսուցչական կազմն ու կամաւորները։

Բացումէն ետք, կրտսեր տարիքի մասնակիցները բաժնուեցան խումբերու եւ, իրենց ուսուցիչներուն առաջնորդութեամբ, սկսան օրուան նախատեսուած յայտագիրը։

Իսկ բարձր դասարաններու աշակերտները ճամբայ ելան դէպի «The Valley of the Mother of God» վանքը, ուր Գերպ. Հայր Սուրբին, Տիկ. Սեւան Աթանոսեանի, Տիկ. Թամար Թոզճեանի եւ Օրդ. Աննա Անտոնեանի առաջնորդութեամբ, հինգ օրերու ընթացքին պիտի մասնակցին Սուրբ Գրային ուսուցումներով, աղօթքներով, հոգեւոր զրոյցներով եւ զանազան խմբային գործունէութիւններով հարուստ ճամբարի յայտագրին։