
Հինգշաբթի, 13 Օգոստոս 2026-ին, նախագահութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Բաբգէն Ս. Արք. Չարեանի, Ս. Աստուածածնայ Ուխտի Շաբթուան չորրորդ օրուան աղօթքէն ետք, երեկոյեան ժամը 9։00-ին, եկեղեցւոյս «Զարեհ Ազնաւորեան» Դպրաց Դասը հանդէս եկաւ հոգեւոր համերգով մը՝ խմբավարութեամբ Անուշ Գալստեանի եւ երգեհոնի ընկերակցութեամբ՝ Դալին Արթինեան Գըլըպոզեանի։

Համերգին բացման խօսքը արտասանեց Դպրաց Դասի անդամներէն՝ Աննա Անտոնեան։ Իր խօսքին մէջ ան ողջունեց ներկաները եւ անդրադարձաւ համերգին հոգեւոր բնոյթին՝ նշելով, որ ներկայացուելիք երգեցողութիւնները, տաղերն ու շարականները նուիրուած են Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին։ Ան շեշտեց, որ այս հոգեպարար երգեցողութիւնը ներկաներուն պիտի ընծայէր աղօթքի, խորհրդածութեան եւ հոգեւոր վերանորոգութեան գեղեցիկ առիթ մը։

Աննա Անտոնեան իր խօսքը եզրափակեց մաղթանքով մը, որ հնչող շարականները, աղօթքի եւ խունկի բոյրի նման, բարձրանան դէպի երկինք, եւ Ս. Աստուածածնայ տօնը բոլոր ընտանիքներուն բերէ խաղաղութիւն, առողջութիւն եւ օրհնութիւն, իսկ մեր ազգին՝ միասնութիւն եւ լուսաւոր օրեր։
Համերգի առաջին բաժինին մէջ մեներգներով եւ զուգերգներով հանդէս եկան Դպրաց Դասի անդամներ՝ Այլին Հերոսեան, Աննա Անտոնեան, Սերլի Աստուրեան, Պետիկ Կիս. Սրկ. Տաուտեան, Անուշ Գալստեան եւ Տոքթ. Ռազմիկ Սրկ. Պէպէճեան։

Այնուհետեւ Կիրակնօրեայի կրտսեր աշակերտներէն՝ Արեգ Զերեցեան, ընթերցեց Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի կողմէ Տիրամօր ուղղուած աղօթք մը։
Ելոյթը շարունակուեցաւ խմբերգներով՝ ներկաներուն հրամցնելով Հայ Եկեղեցւոյ հոգեւոր երաժշտութեան գոհարներէն գեղեցիկ փունջ մը։ Շարականներու եւ հոգեւոր երգերու կատարումները արժանացան ներկաներուն բարձր գնահատանքին եւ ջերմ արձագանգին։

Համերգի աւարտին, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Բաբգէն Ս. Արք. Չարեան, իր սրտի խօսքը ուղղեց ներկաներուն։ Սրբազան Հայրը բարձր գնահատեց «Զարեհ Ազնաւորեան» Դպրաց Դասի նուիրական առաքելութիւնը, ինչպէս նաեւ խմբավար Անուշ Գալստեանի եւ երգեհոնահար Դալին Արթինեան Գըլըպոզեանի նուիրեալ ծառայութիւնը՝ իրենց առաջնորդութեամբ այս հոգեպարար ձեռնարկին։
Ձեռնարկը աւարտեցաւ «Կիլիկիա» մաղթերգով եւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր աղօթքով՝ ներկաներուն սրտերուն մէջ թողնելով հոգեւոր վերանորոգութեան եւ օրհնութեան գեղեցիկ ապրում մը։
