Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնի շաբաթը, իւրայատուկ կերպով կը նշուի Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Հայց. Առաքելական եկեղեցիէն ներս: Ամենօրեայ աղօթքներով եւ հոգեւոր խորհրդածութիւններով, վեր կ’առնուի Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածինի առաքինութիւնները, առաջնորդութեամբ եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հայրերուն, եւ մասնակցութեամբ Սարկաւագաց, Դպրաց եւ ուխտաւոր հաւատացեալներու խուռն ներկայութեան։
Այս ծիրէն ներս, Երեքշաբթի 11 Օգոստոս 2026 ին, Կազմակերպութեամբ Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ Փոխ- ատենապետ՝ Տիկ. Սիլվանա Պապիկեանի, Ազգային Երեսփոխան՝ Տիկին Թամար Օհաննէսեանի, եւ եկեղեղւոյ անդամ՝ Տիկ. Հռութ Սիմոնեանի, կազմակերպուած էր նաւապոյտ մը Թորոնթոյի լիճին վրայ, որուն յաջորդեց այցելութիւն մը՝ Միսիսակայի «Ս. Շարպէլ» եկեղեցի։
Ս. Շարպէլ եկեղեցւոյ մէջ, եկեղեցւոյս Հոգեւոր Տեսուչ՝ Գերպ. Տ. Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան ուխտաւորներուն ներկայացուց Սուրբ Շարպէլի կեանքը եւ իր բարեխօսութեամբ կատարուած հրաշքներուն մասին, ապա եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Տաթեւ Աւ. Քհնյ. Միքայէլեանի հետ միասին, առաջնորդեցին ուխտաւորները Հայ եկեղեցւոյ Ծիսակատարութենէն քաղուած աղօթքներով, ուղղուած Ս. Աստուածամօր եւ երկնքի Սուրբերուն։
Երեկոյեան ուխտաւորները վերադարձան Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցի եւ մասնակցեցան Ուխտի Շաբաթուան երկրորդ օրուան հաւաքական աղօթքին՝ այսպիսով ամբողջ օրը ապրելով աղօթքի եւ ուխտի հոգեւոր մթնոլորտին մէջ։
