«ԵՍ ԵՄ ՏԷՐ ԱՍՏՈՒԱԾԴ. ԻՆՁՄԷ ԲԱՑԻ ՈՒՐԻՇ ԱՍՏՈՒԱԾՆԵՐ ՉՈՒՆԵՆԱՍ»։
1. Ի՞նչ կը հասկցնէ Աստուած մեզի Առաջին Պատուէրով։
Աստուած մեզի կը հասկցնէ, թէ միայն մէ՛կ ճշմարիտ Աստուած կայ, եւ կը պահանջէ, որ զինք ճանչնանք եւ ընդունինք իբրեւ մեր Աստուածը։
2. Ի՞նչ կը պատուիրէ Աստուած այս պատուէրով։
Աստուած կը պատուիրէ, որ կատարենք այն բոլոր պարտականութիւնները, որոնք մարդ պարտաւոր է ընել իր Աստուծոյ եւ Պահապանին հանդէպ։
3. Որո՞նք են այդ պարտականութիւնները։
Անոնք են, գլխաւորաբար՝ պատիւ, երկիւղ, հաւատք, նախանձախնդրութիւն եւ հնազանդութիւն Աստուծոյ կամքին։
4. Ի՞նչ կը նշանակէ Աստուած պատուել։
Աստուած պատուել կը նշանակէ խոր յարգանք եւ ակնածանք ունենալ Անոր հանդէպ, եւ այդ յարգանքը ցոյց տալ ամէն պարագայի՝ Աստուծոյ կատարեալ յատկութիւններուն, Անոր Խօսքին՝ այսինքն Սուրբ Գրքին, եւ Անոր Տաճարին նկատմամբ։
5. Ինչո՞ւ պէտք է ծառայենք Աստուծոյ։
(1) Որովհետեւ Աստուած անչափ բարձր է Իր մեծութեամբ, սրբութեամբ եւ բարութեամբ։
(2) Որովհետեւ Աստուած մեզ ոչինչէն ստեղծեց, որպէսզի յաւիտեան երջանիկ ընէ։ Ուստի Աստուծոյ ծառայիլը մեր բնութեան փառքն է, եւ այդ կարողութիւնն է, որ մեզ կը զանազանէ անասուններէն, որոնք իրենց Արարիչին հրաշալի կատարելութիւնները չեն կրնար գիտնալ։
6. Քանի՞ տեսակ երկիւղ կայ։
Երկու տեսակ.
(1) Ծառայական երկիւղ, որ պատիժի վախն է։
(2) Որդիական երկիւղ, որ սիրոյ ընդմէջէն ծնած ակնածանքն է։
7. Ի՞նչ տեսակ երկիւղ պէտք է ունենանք Աստուծոյ հանդէպ։
Իսկական հաւատացեալը պէտք է որդիական երկիւղ ունենայ, որովհետեւ այդ է Աստուծոյ հաճելին։

8. Ինչո՞ւ պէտք է երկնչինք Աստուծմէ։
(1) Որովհետեւ միշտ Աստուծոյ աչքին առջեւ ենք։
(2) Որովհետեւ օրը պիտի գայ, երբ մեր ամբողջ կեանքին համար Անոր հաշիւ պիտի տանք։
9. Ի՞նչ է հաւատքը կամ վստահութիւնը Աստուծոյ հանդէպ։
Աստուծոյ հանդէպ վստահութիւնը այն քաղցր եւ ամբողջական համոզումն է, թէ Աստուած Իր արդարութեամբ ու սիրով պիտի օրհնէ մեր բարի ճիգերն ու աշխատանքները։
10. Կարելի՞ է նոյն աստիճանի վստահութիւն ունենալ երկրային պաշտպաններու հանդէպ։
Ո՛չ, որովհետեւ մարդիկ փոփոխական եւ մահկանացու են։
11. Ի՞նչ է նախանձախնդրութիւնը։
Նախանձախնդրութիւնը բոցավառ հոգեւոր փափաք մըն է, որ մարդիկ ճանչնան, սիրեն եւ պաշտեն Աստուածը։
12. Ինչո՞ւ պէտք է այս ջերմ փափաքը ունենանք։
Որովհետեւ եթէ այս նպատակը իրագործուի, մենք եւ բոլոր մարդիկ աւելի երջանիկ պիտի ըլլանք, քանի որ մարդկային ընկերութիւնը պիտի ազատուի այն բազմաթիւ արատներէն, որոնցմով այսօր կը տառապի։
13. Ի՞նչ պարտականութիւններ կը դնէ նախանձախնդրութիւնը մեր վրայ։
(1) Ամէն ջանք թափել, որպէսզի մարդիկ ճանչնան Աստուածը։
(2) Առաքինութեան առաջնորդել անոնք, որոնք մեղքին մէջ ընկղմած են։
14. Կարելի՞ է բռնութիւն գործածել ճշմարտութիւնը տարածելու համար։
Երբե՛ք։
(1) Որովհետեւ բռնութիւնը կեղծաւորներ կը ստեղծէ։
(2) Որովհետեւ Աստուած Սէր է եւ կ’ատէ բռնատիրութիւնը։
(3) Որովհետեւ Քրիստոս եւ Իր Առաքեալները մարդիկը լուսաւորեցին ոչ թէ բռնութեամբ, այլ սիրով եւ բարոյական համոզումով։
15. Ի՞նչ է Աստուծոյ կամքին հնազանդիլ։
(1) Կատարել այն, ինչ Աստուած կը պատուիրէ։
(2) Խուսափիլ այն բաներէն, որոնք Աստուած կ’արգիլէ։
(3) Առանց տրտնջալու կրել այն նեղութիւններն ու տառապանքները, որոնք մեզի կը հանդիպին։
16. Ինչո՞ւ պէտք է հնազանդինք Աստուծոյ կամքին։
(1) Որովհետեւ Աստուած արդար է, եւ ինչ որ Ան մեզի համար կը կամենայ՝ ճիշդ եւ օգտակար է։
(2) Որովհետեւ Աստուած մեզմէ լաւ գիտէ, թէ ի՛նչ է մեր փրկութեան եւ բարօրութեան համար օգտակար։
(3) Որովհետեւ շատ անգամ Աստուած վիշտերու եւ փորձութիւններու միջոցաւ կը պատրաստէ մեր հոգեւոր եւ մարմնաւոր բարիքը։
17. Օրինակ մը տուր։
Նահապետ Յովսէփը իր երիտասարդ տարիքին վաճառուեցաւ, ապա բանտ նետուեցաւ։ Սակայն Աստուած այդ արտաքին եւ երեւութապէս դժբախտ դէպքերով պատրաստեց իր ապագայ փառքն ու պատիւը։
(Քաղուած՝ Խորէն Արք. Նարպէյի «Կանոն Քրիստոնէական Դաստիարակութեան» հատորէն)