Առաջնորդութեան Կարեւորութիւնը Երիտասարդներուն՝ Հայ Եկեղեցւոյ Մէջ

Հայ Առաքելական Եկեղեցին դարեր շարունակ եղած է հայ ժողովուրդի հաւատքի, ինքնութեան եւ մշակոյթի ամուր սիւնը։ Ոչ միայն աղօթքի եւ պաշտամունքի վայր է, այլ նաեւ այն հոգեւոր ընտանիքը, ուր սերունդներ կրթուած են քրիստոնէական  բարոյական արժէքներով։ Այս առաքելութիւնը իրագործելու համար Եկեղեցին միշտ ունեցած է հաւատարիմ առաջնորդներ, որոնք իրենց կեանքը նուիրած են Աստուծոյ, Եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդին ծառայելու համար։ Այդ պատճառով առաջնորդութիւնը կը մնայ Հայ Եկեղեցւոյ ամենակարեւոր առաքինութիւններէն մէկը։

Քրիստոնէական առաջնորդութիւնը տարբեր է աշխարհիկ առաջնորդութենէն։ Շատեր առաջնորդութիւնը կը կապեն իշխանութեան կամ բարձր դիրքերուն հետ, մինչդեռ Յիսուս Քրիստոս սորվեցուց, թէ ճշմարիտ առաջնորդը ան է, որ ուրիշներուն կը ծառայէ։ «Ով որ կ’ուզէ ձեր մէջ մեծ ըլլալ, թող ձեր ծառան ըլլայ։ Իսկ ով որ կ’ուզէ առաջին ըլլալ, թող ձեր ստրուկը ըլլայ։ Ինչպէս Մարդու Որդին չեկաւ իրեն ծառայեցնելու, այլ ծառայելու եւ իր անձը շատերուն համար փրկագին տալու»։

Իր ամբողջ երկրային կեանքին ընթացքին Ան ցոյց տուաւ խոնարհութեան, սիրոյ եւ անձնազոհութեան օրինակը՝ բժշկելով հիւանդները, մխիթարելով տրտմածները եւ օգնելով կարիքաւորներուն։ Անոր կեանքը կը յիշեցնէ, որ առաջնորդութիւնը նախ եւ առաջ ծառայութիւն է, ոչ թէ պատիւ։

Հայ Եկեղեցւոյ մէջ առաջնորդութիւնը կը սկսի փոքր ծառայութիւններէ։ Սարկաւագները, դպրաց դասի անդամները, երգչախումբի ծառայողները, կիրակնօրեայ դպրոցի ուսուցիչները, կամաւորները եւ աղօթակից ժողովուրդը որ իրենց հաւատարմութեամբ եւ նուիրումով կը նպաստեն եկեղեցական կեանքին։ Այս ծառայութիւններուն կարեւոր խորհուդը միայն երախտապարտութիւն պէտք չէ ըլլայ, այլ նաեւ դպրոց մը, ուր մարդիկ կը զարգացնեն պատասխանատուութիւն, կարգապահութիւն, համբերութիւն եւ համագործակցութեան ոգի։ Այսպիսի փորձառութիւնները կը պատրաստեն ապագայի առաջնորդները, որոնք պիտի կարենան հաւատքով առաջնորդել իրենց համայնքները եւ իր շուրջ գտնուած օտարներ, ընկերներ եւ այլն։

Այսօրուան աշխարհը բազմաթիւ մարտահրաւէրներ կը ներկայացնէ Եկեղեցւոյ։ Արագ փոփոխուող ընկերութիւնը, նիւթապաշտութիւնը եւ հաւատքի նկատմամբ անտարբերութիւնը կը պահանջեն այնպիսի առաջնորդներ, որոնք հաստատ կը մնան իրենց քրիստոնէական արժէքներուն մէջ։ Անոնք պէտք է ոչ միայն ճաչնան եւ խօսին Աւետարանին մասին, այլ նաեւ իրենց կեանքով վկայեն Քրիստոսի սէրը, խոնարհութիւնն ու ճշմարտութիւնը։ Երբ առաջնորդը իր խօսքին եւ գործին մէջ նոյն հաւատարմութիւնը կը ցուցաբերէ, ան կը ներշնչէ ամբողջ համայնքը։

Վերջապէս, առաջնորդութիւնը կոչում մըն է, որ կը պահանջէ նուիրում, աղօթք եւ անձնազոհութիւն։ Ամուր առաջնորդներ ունենալով՝ Հայ Եկեղեցին կրնայ շարունակել իր առաքելութիւնը, պահպանել իր հարուստ ժառանգութիւնը եւ վստահութեամբ առաջնորդել ապագայ սերունդները դէպի հաւատքի, ծառայութեան եւ միասնութեան կեանք։

Նիքըլըս Ֆրենտեան